ՍԻԼՎԱ ԻՍԿԻԿԵԱՆ-ՄԱՀՍԵՐԵՃԵԱՆ
Այս օրերուն շատ ընթացիկ երեւոյթ է եւ ամէն գնով հետապնդուող ակնկալութիւն մը, որ կիներ, ինչ տարիքի ալ պատկանին, ունենան ողորկ ու անթերի մորթ, գեղեցիկ դիմագիծներ` փոքր քիթ, անհամեմատ մեծ շրթներ, փաս-փայլուն ճակատ, երկար ու թաւ թարթիչներով աչքեր, սահուն վիզ, եւ վերջապէս, գծաքաշով «գծուած» սլացիկ ու հրապուրիչ մարմին մը: Անշուշտ անցեալի համաչափութեան հասկացողութիւնը ամբողջութեամբ փոխուած է, մանաւանդ կուրծքի ու յետոյքի` ընդունուած ու գեղեցիկ համարուած չափերը:
Չմոռնանք մազերը. պէտք է ըլլան առատ, երփներանգ խայտերով ներկուած ու միշտ յարդարուած: Մոռցայ եղունգները, որոնց երկարութիւնը, շլացնող փայլքը, գոյնն ու գիծերը պէտք է զարմացնեն դիտողը:
Չկարծէք, թէ ես գեղեցկութեան, շպարին կամ վայելուչ տեսքին հակառակ եմ: Ո՛չ, երբե՛ք: Սակայն կը ցաւիմ, երբ ընկերային ցանցերու վրայ կը տեսնեմ տարեց ու խորշոմած դէմքով կին մը, զոր կը ծեփեն ու կը ներկեն, ինչպէս` երեսուն տարեկան օրիորդ մը, որ իր գեղեցկութեան ու թարմութեան գագաթնակէտին է: Դժբախտաբար մեծ ջանքերով ու տեսակաւոր օծանելիքներով չարաչար կը խեղաթիւրեն տարեցին տեսքը: Անոր կնճիռները գեղագիտական վրձիններուն տակ կը յամառին, աւելի ցայտուն կը դառնան եւ բարձրաձայն կը վկայեն անոր ապրած տարիները, տառապանքը, իր ընտանիքին ու այլոց հանդէպ կատարած զոհողութիւնները, ցաւերը եւ աւելին: Պահ մը գեղագէտները կը մոռնան, որ տարիքը ունի իր իրաւունքը` արտօնութիւնը` խլելու գեղեցկութիւնը եւ փոխարինելու զայն իմաստութեամբ ու փորձառութեամբ: Ես երբեք չեմ յիշեր մեծ մօրս կնճիռները: Հակառակ որ ան անժպիտ վերապրող մըն էր, ես անոր դէմքին վրայ միայն սէր ու գորով տեսած եմ:
Դժբախտաբար արհեստական բանականութեամբ ստեղծուած «գեղեցկուհիները», գեղագիտական արտադրանքներու եւ վիրաբուժական միջամտութիւններու տարածուն գովազդները ոչ միայն կը շուարեցնեն չափահաս կինը, այլ նաեւ` գեղեցիկ ու թարմ երիտասարդուհին, որ տակաւին անտեղեակ է իրեն շնորհուած «եդեմային լոյսէն»: Ակամայ ան կը դժգոհի իր տեսքէն, ինքզինք անբաւարար ու տգեղ կը սեպէ եւ որպէս լուծում` անտեղի ու անժամանակ գեղագիտական «սրբագրութիւններու» կը դիմէ:
Հոս կրկին կ՛ուզեմ շեշտել, որ ես գեղագիտական միջամտութիւններուն դէմ չեմ, եթէ անոնք տեղին են կամ անհրաժեշտ: Շատ յաճախ անհամաչափ ու մեծ քիթի մը փոքրացումը օրիորդի մը դէմքը կը գեղեցկացնէ: Ծուռ ակռաներու ուղղումը (dental braces) նոյնպէս կը բարելաւէ անձին տեսքը: Երեխաներու մօտ ցցուած ականջներու ուղղումը (otoplasty) կ՛արգիլէ հետագային անոնց «ծաղրուելու» հաւանականութիւնը: Տեսադաշտը խափանող` վերին կախուած կոպերու վիրահատութեամբ (blepharoplasty), անհատը երիտասարդ տեսք ստանալու կողքին, կը վերագտնէ իր հանգիստ տեսողութիւնը: Մեծ կուրծքերու փոքրացումով (breast reduction) կը դարմանուին կռնակի ու վիզի անտանելի ցաւերը:
Սակայն խիստ ցաւալի է, երբ շատ գեղեցիկ կիներ` ինքնավստահութեան պակասէ մղուած, գեղագէտներու նշտարին ու քմայքին կ՛ենթարկուին: Երկու օր առաջ հանդիպեցայ բարկացնող երեւոյթի մը: Գեղագիտական վիրաբուժութիւններ կատարող բժիշկ մը երեք կիներու դիմանկարները կը ցուցադրէր` նախքան գեղագիտական միջամտութիւններ կատարելը եւ ապա իր վիրաբուժական նշտարին «ճարտարութեամբ» ստեղծած արդիւնքը (before and after): Հաւատացէք, որ կիները իրենց բնական տեսքով այնքան գեղեցիկ էին, որ պահ մը չկրցայ զանազանել, թէ ո՞րն է առաջը եւ ո՞րն է ետքը: Մինչ այդ բժիշկը այնպէս կը գովաբանէր իր կատարած «բարեփոխութիւնները», կարծես ինք գեղագիտութեան աստուածը ըլլար: Գեղեցիկ կնոջ անթերի քիթը աւելի փոքրացուցած եւ միլիմեթր մը վեր բարձրացուցած էր (rhinoplasty), իսկ շրթունքը` սրսկումներով զգալիօրէն դուրս ցցած: Երկրորդ եւ երրորդ գեղեցկուհիներուն պարագան ալ տարբեր չէր առաջինէն:
Բժիշկին տեսքը բնաւ ուշադրութիւնս պիտի չգրաւէր, եթէ ան ինքզինք որպէս «կատարելապաշտ» չներկայացնէր եւ այդքան անգթօրէն չվերաբերէր գեղեցիկ կիներուն տեսքը քննադատելով: Ան տգեղ տղամարդ մըն էր, անխնամ ու չսափրուած դէմքով: Իր սեւ կոպերով այն տպաւորութիւնը կը ստեղծէր, թէ ինք քունէն նոր արթնցած ու անլուայ հիւանդանոց փութացած էր:
Հոս կ՛ուզեմ անդրադառնալ, թէ այսօրուան հանրութիւնը որքա՜ն անխղճութեամբ կը վերաբերուի իգական սեռին հանդէպ: Անկէ կը սպասուի անթերի գեղեցկութիւն, վայելչութիւն, շպարուած, սանտրուած ու հմայիչ տեսք: Կ՛ակնկալուի, որ ան լրացնէ անհասանելի ու անիրականանալի գեղագիտական չափանիշներ: Դժբախտաբար բոլորս կը տարուինք ու կ՛ազդուինք գովազդներէն, շինծու տեսքերէն, ֆիլթրով ստացուած նկարներէն եւ մեր անձին ու այլոց հանդէպ աններող ու խիստ կը գտնուինք:
Պահ մը կը մոռնանք կնոջ ուսին ծանրացող բազմաթիւ պատասխանատուութիւններն ու պարտականութիւնները: Ան դուստր է, կին է, մայր է, քոյր է, տնարար է, ապրուստ ապահովող է, խնամող է, կամաւոր եւ բարեսիրական դերեր ստանձնող է… Առաւել եւս, բնութիւնը անոր վերապահած է տեսակի պահպանումը, իգական մարմնին բարդ կառուցուածքը եւ տարիքի հետ յարափոխուող կենսաբանական ժամացոյցը: Կինը յղկուած ու փայլեցուած արձան մը չէ, անթերի արուեստի գործ մը չէ, մետաղեայ կամ մարմարեայ էակ մը չէ: Ան ապրող էակ է. կը շնչէ, կը քրտնի, կը յոգնի, կը ցաւի, կը տխրի… Ան հոգի է, սէր է, զգացում է, ժպիտ է, արցունք է, կարեկցանք է… Անոր իսկական գեղեցկութիւնը արտաքին գեղեցկութենէն, շպարէն, հմայքէն անդին է, անոր ներաշխարհին ու հոգիին խորքն է:


