Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական «Գանձասար»-ի. Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչումը Նոր Սահմաններ Կը Հատէ

May 18, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վերջին երկու տարիներուն Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը երկու յատկանշական սահմաններ հատեց:

Առաջինը` արաբական, յատկապէս մահմետական մեծամասնութեամբ ժողովուրդ ունեցող երկրի մը կողմէ, իմա` Սուրիոյ, Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման յանդուգն քայլն էր: Արաբական աշխարհին մէջ, բացի Լիբանանէն, ցարդ ոչ մէկ երկիր այս քաղաքական յանդգնութիւնը ունեցած էր` վատթարացած յարաբերութիւններ ունենալով մէկտեղ Թուրքիոյ հետ: Բնականաբար Սուրիոյ քաղաքական ուղղուածութիւնը եւս իր դերակատարութիւնը պիտի ունենար եւ ճանաչումը, արդարութեան հաստատման կողքին, տարածաշրջանին մէջ Թուրքիոյ սանձարձակ քայլերը զսպելու միտում մըն ալ պիտի ունենար:

Այս ճանաչումը էապէս արաբական աշխարհին մէջ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման ուղի մը կը բանար եւ արաբական աշխարհին զգայնութիւնները օգտագործելով` ցեղասպանութեան կրօնական գոյն տալու թրքական փորձերը ձախողութեան կ’առաջնորդէր նաեւ: Աւելի՛ն. Սուրիան ականատես այն երկիրն էր, որուն անապատներուն մէջ շարունակուեցաւ Հայոց ցեղասպանութիւնը, եւ որուն մէջ վերակազմաւորուեցաւ Ցեղասպանութենէն ճողոպրած հայութեան կարեւոր մէկ հատուածը: Ուստի Սուրիոյ ճանաչումը քաղաքականէն անդին անցնելով` վկայութեան մը վաւերագրելի արժէքը կը ստանար:

Երկրորդը Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի կողմէ ցեղասպանութեան ճանաչումն էր: Այն գերպետութեան, որուն նախագահներէն  Ուիլսընը Սեւրի դաշնագրի Իրաւարար վճիռին ստորագրողն ու հայկական իրաւունքներուն հաստատողն էր նաեւ: Նման գերպետութեան մը նախագահին կողմէ Ցեղասպանութեան ճանաչումը անհեթեթ կը դարձնէ Թուրքիոյ ուրացման քաղաքականութիւնը:

Միւս կողմէ, եթէ Սուրիոյ ճանաչումը կը միտէր սանձել Թուրքիոյ դերակատարութիւնը արաբական աշխարհին մէջ ու հակաթրքական առանցքի ուրուագիծ մը ձեւաւորելով քաղաքական հետզհետէ զարգացող ուղղութիւն մը ամրապնդել, Միացեալ Նահանգներու կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը Հարաւային Կովկասի մէջ Թուրքիոյ յառաջացող ընթացքին առաջքը կ’առնէր ու տարածաշրջանին մէջ Արեւմուտքի դերակատարութիւնը կը վերյիշեցնէր:

Քաղաքական օգտագործելի պահերու զգօնութիւնը ունեցող Հայ դատի յանձնախումբերը անգնահատելի աշխատանք տարին այս ուղղութեամբ:

Ճանաչումը զսպող հանգամանք պիտի ունենայ հայութեան դէմ  ի գործ դրուած ոճրարարքներուն ու արիւնահեղութեան, մասամբ պիտի նպաստէ հայութեան անվտանգութեան երաշխիքներու ամրապնդման, յատկապէս` արցախեան կարգավիճակի յստակացման հետագայ քայլերուն առումով:

Վերոյիշեալ երկու ճանաչումներու լոյսին տակ յստակօրէն կ’երեւի, որ Թուրքիոյ դերակատարութիւնը սանձելու քաղաքականութիւն մը սկիզբ առած է երկու տարբեր առանցքներու կողմէ: Հայութեան ու Հայաստանին շահերը այս առանցքներուն քաղաքական արեւելումներուն հետեւիլն ու քաղաքական ճիշդ պահերու օգտագործումով ի նպաստ մեր երկրին ու Դատին առաւելներ ձեռք ձգելն է:

Նախորդը

Դէպի Ուժեղ Հայաստան («Հայաստան» Դաշինքի Ստեղծման Առիթով)

Յաջորդը

Ո՞ւր Է Սահմանագիծը

RelatedPosts

Եապանճօ Հարսին Օտար Առաջարկը
Անդրադարձ

Աշունը Գլուխը Երկարեց

October 28, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Թրքական Աշխարհի Ռազմական Համախմբումը. Ո՞ւր Է Հայաստանի Տեղը Նոր Աշխարհաքաղաքական Քարտէսին Վրայ

October 28, 2026
Հայաստանի Քաղաքական Փակուղին Եւ Անոր Յաղթահարման Նախադրեալները
Անդրադարձ

Ընտրութիւններու Եւ Պատերազմի Միջեւ

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.