Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Դէպի Ուժեղ Հայաստան («Հայաստան» Դաշինքի Ստեղծման Առիթով)

May 18, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վ. ԱՒԱԳԵԱՆ

Յետհաշուարկը սկսած է Հայաստանի մէջ:

Հայութիւնը յուսադրիչ տրամադրութիւններով կը նշէ մինչեւ 20 յունիս «Իմ քայլ»-ական իշխանութեան 6 շաբաթ մնացած ըլլալու իրողութիւնը, յառաջիկայ ընտրութիւններով անկէ ձերբազատելու կամ, նուազագոյնը, չարիքը նուազագոյնի իջեցնելու հաւատքով եւ համոզումով:

Հայրենի հայութեան կեանքին մէջ ստեղծուած  յոյսի եւ լոյսի նոր առիթը, որ կը խոստանայ ժողովուրդին նոր ուժականութիւն տալ, իշխանութեան` նոր որակ, բառ մըն է միայն. «Հայաստան»:

Բառ մը, քաղաքական դաշինքի անուն մը, որ ցոյց կու տայ առանց Նիկոլ երկրի ապագան:

Բառ մը, որ ցոյց կու տայ, թէ ինչպէ՛ս Շուշիի, Հադրութի եւ Քարվաճառի ճամբան կ՛անցնի… «Ազատութեան» հրապարակէն:

Հայաստանի երկրորդ նախագահը` Ռոպերթ Քոչարեան, Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը եւ «Վերածնուող Հայաստան» կուսակցութիւնը համախմբող քաղաքական դաշինքն է այդ, որ պատմական յաղթանակներու օրը` 9 մայիսին ազդանշանը տուաւ նոր յաղթանակներու կերտման մեկնարկին` համագործակցութեան հռչակագիրի ստորագրութեամբ եւ անոր հետեւած ժողովրդային բազմամարդ հաւաքով:

«Հայաստան» դաշինքը ծնաւ Հայաստանի Ազգային ժողովի ընտրութիւններուն 6 շաբաթ առաջ` առաջնահերթ նպատակ ունենալով վերականգնել Հայաստանի եւ աշխարհասփիւռ հայութեան ազգային արժանապատուութիւնն ու հպարտութիւնը:

«Հայաստան» դաշինքը ծնաւ փաշինեանական հայրենադաւ իշխանութիւնը հեռացնելու, երկիրը թրքացումէ փրկելու եւ Սիւնիքը ամուր պահելու համար: Ծնաւ հայ մարդուն յո՛յս տալու եւ ազատ ու անկախ Արցախի երազը վառ պահելու համար:

«Հայաստան» դաշինքը ծնաւ հայ ժողովուրդի անվտանգութեան, զարգացման եւ բարեկեցութեան համար, արցախեան վերջին պատերազմին հետեւանքները դարմանելու եւ մեր պետականութեան դէմ ծառացող սպառնալիքները յաղթահարելու համար:

«Հայաստան» դաշինքը ծնաւ մեր երկրի ընկերա-տնտեսական անկումը կասեցնելու, զանգուածային արտագաղթը դադրեցնելու ու հայ մարդուն ու անոր հայրենիքին արժանապատիւ ու երկարատեւ խաղաղութիւն ապահովելու համար:

«Հայաստան» դաշինքը ծնաւ մանաւա՛նդ «Դէպի ուժեղ Հայաստան» հայրենի հայութեան երթը առաջնորդելու եւ Հայաստանի, սփիւռքի եւ ամբողջ հայութեան ներուժը համախմբելու համար, յանուն հայ ժողովուրդի ապագային եւ յանուն վաղուան մեր նո՛ր յաղթանակներուն:

 

 

Նախորդը

Ընտրական «Եղանակ»-ի Բացում – Ա. Խորհրդարանի Արձակում

Յաջորդը

Խմբագրական «Գանձասար»-ի. Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչումը Նոր Սահմաններ Կը Հատէ

RelatedPosts

Եապանճօ Հարսին Օտար Առաջարկը
Անդրադարձ

Աշունը Գլուխը Երկարեց

October 28, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Թրքական Աշխարհի Ռազմական Համախմբումը. Ո՞ւր Է Հայաստանի Տեղը Նոր Աշխարհաքաղաքական Քարտէսին Վրայ

October 28, 2026
Հայաստանի Քաղաքական Փակուղին Եւ Անոր Յաղթահարման Նախադրեալները
Անդրադարձ

Ընտրութիւններու Եւ Պատերազմի Միջեւ

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.