Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ընտրական «Եղանակ»-ի Բացում – Ա. Խորհրդարանի Արձակում

May 18, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Արցախի շուրջ 75 առ հարիւրին կորուստը եւ 44-օրեայ պատերազմին աղէտալի հետեւանքները մեր նորագոյն պատմութեան մէջ արձանագրած յայտարարագրէն ճիշդ 6 ամիս ետք, Հայաստանի մէջ երկուշաբթի, 10 մայիսին բացուեցաւ փուլ մը, որ կը կոչուի խորհրդարանական արտահերթ ընտրութիւններու պատրաստութեան շրջան: Ազդանշանը եղաւ, վարչապետ Փաշինեանը հրաժարականէն ետք, խորհրդարանին կողմէ նոր վարչապետի մը ընտրութեան երկու անգամ ձախողումը. հետեւաբար խորհրդարանը ըստ օրինի արձակուեցաւ, ու ընտրապայքարի վարագոյրը պաշտօնապէս բացուեցաւ:

Եկէ՛ք` երկար կանգ չառնենք այն տարօրինակ վիճակին առջեւ, որ ստեղծուած է չընտրութեամբ եւ խորհրդարանի արձակումով, որովհետեւ այդ բոլորը եղան օրէնքներուն հիմամբ: Իրողապէս երկիրը վերածուած է օրինական թատրոնի: Տրամաբանութիւնը կ՛ըսէ, որ խորհրդարան մը կը լուծարուի, երբ խորհրդարանական խմբաւորումներու միջեւ տրամաբանական համախոհութիւն մը չի գոյանար վարչապետի մը թեկնածութեան շուրջ, մինչդեռ Հայաստանի այժմու խորհրդարանին մէջ հրաժարեալ վարչապետը ունի քուէներու մեծամասնութիւնը… Տրամաբանօրէն եղածը կը նշանակէ, որ իր համախոհներն անգամ չեն զօրակցիր վարչապետին (պատահած է, որ այլ երկիրներու մէջ, կարճ ժամանակամիջոցի մէջ ընտրեալ խորհրդարաններ լուծարուին, երբ հաւանական վարչապետի չէ յաջողած կառավարական համաձայնութիւն` քոալիսիոն, գոյացնել. Հայաստանի մէջ «տրամաբանութիւնը» տարբեր ձեւով կը բանի): Պարզ խօսքով, ականատես ենք իշխանաւորին եւ ընդդիմադիրներուն միջեւ սարքովի թատրոնի մը, որուն մասին կարելի է երկար-բարակ մեկնաբանութիւններ կատարել, սակայն իրականութիւնը կը մնայ անփոփոխ:

Ընտրապայքարը Նոր Չէ

Գաղտնիք չէ, որ ընտրապայքարը իրողապէս բացուեցաւ այն օրը (չէ՛, Փաշինեանի կողմէ թուականի ճշդումը եւ անոր հետեւած` շրջաններ այցելութիւններով, խորհրդարանի բեմէն եւ այլ յայտարարութիւններով ու ելոյթներով չսկսաւ ընտրապայքարը), երբ պարտութիւնն ու ամօթալի համաձայնութիւնը մերժող ընդդիմադիր ճակատը, առաջնորդուած` Հայրենիքի փրկութեան շարժումին կողմէ, պահանջեց թիւ մէկ պատասխանատուին եւ անմիջական գործակիցներուն հրաժարականը, մասնագէտներով փոխանցման կառավարութեան մը կազմութիւնը, որպէսզի վիճակը որոշ չափով բնական դառնայ, եւ աւելի նպաստաւոր պայմաններու մէջ կազմակերպուին խորհրդարանական օրինական ընտրութիւններ: Պարանաձգութեան խաղին վեց ամիսներու պատմութիւնը ծանօթ է. այսօր ընտրութեան բեմն ու ճակատները ըստ բաւականին պատրաստ են: Բարձրացած են երկու «պաստառներ». առաջինին վրայ կան ձախողած եւ երկիրը անվիճելի անկումի տանող իշխանութեան քարոզարշաւի արձանագրութիւնները, իսկ երկրորդին վրայ` անկումային վիճակներէն դուրս բերելու ընդդիմադիրներուն հաւաստիքները:

Եթէ ըսենք, որ իշխանութեան եւ անոր կողքին կանգնողներուն դրօշները վաղուց պարզուած էին, ընդդիմադիրներու դրօշները կտրեցին վերիվայրումներու փուլեր եւ սկսան աւելի յստակօրէն վերաձեւաւորուիլ վերջին շաբաթներուն: Խորհրդարանական ընդդիմադիրներէն իւրաքանչիւրը (մէկը որոշ տեղ քալեց Հայրենիքի փրկութեան շարժումին հետ, յետոյ առանձնացաւ) իր ղեկավարը հռչակած է վարչապետութեան թեկնածու եւ առայժմ ընտրութեանց կը պատրաստուի առանձինն:

Կիրակի նախկին նախագահ Ռոպերթ Քոչարեան հրապարակ եկաւ իբրեւ առաջնորդը նոր դաշինքի մը` «Հայաստան» դաշինքին, իր կողքին ունենալով ՀՅ Դաշնակցութիւնն ու Սիւնիքի մէջ ծնունդ առած «Վերածնուող Հայաստան» կուսակցութիւնը (որ մարմին առաւ հազիւ ամիս մը առաջ, երբ ազերիական դամոկլեան սուրը եւ «Ճի.Փի.Էս.»-ները սկսան կրծել Սիւնիքը, ի տես իշխանութեան` «մտահոգիչ բան չկայ»-ի կրաւորականութեան): Նախապէս, Հանրապետական եւ Հայրենիք կուսակցութիւններն ալ դաշինք մը հռչակած էին: Վաղը նոր դաշինքներու ծնունդը հաւանական է: Չմոռնանք արձանագրելու, որ վերջին ամիսներուն Հայաստանի մէջ արձանագրուած են աւելի քան տասնեակ մը նոր կուսակցութիւններ, մաս մը` իշխանութեան փէշերէն կախուելու, ուրիշներ` ընդդիմադիրներուն կողքին ըլլալու կամ անոր տեսակէտները լիովին չբաժնեկցելու տրամադրութիւններով:

Ահաւասիկ` սեղմ ուրուագիծ մը, որ կը կազմէ ընտրապայքարի բեմին ընդհանուր պատկերը: Տիրապետող նիւթերուն ցանկը բաւական երկար է եւ ըստ բաւականին ծանօթ: Կ՛արժէ այսօր դարձեալ արձանագրել, որ ընտրապայքարի նիւթ են եւ պիտի ըլլան հարցեր, որոնք այլապէս պէտք է զերծ պահուին այս «խոհանոցէն»…

Քուէներու Ցրուում

Այսօրուան պատկերով ի՞նչ նախատեսութիւններու եւ հաւանականութիւններու դուռեր կը բացուին ընտրական բեմին վրայ:

Իշխանութիւնը, չյայտարարուած ընտրապայքարը քանի մը շաբաթ առաջ բանալով, արդէն ոգի ի բռին աշխատանքի եւ քարոզչութեան լծուած է` հաւաստելով, որ իր երեք տարիներու կառավարումը դրական տեղաշարժ յառաջացուցած է Հայաստանի մէջ, հետեւաբար քուէարկողին կը դիմէ այն յանկերգով, թէ ինք է ժողովուրդին կամքին միակ մարմնաւորումը, հետեւաբար երկրին ղեկը պէտք է դարձեալ վստահուի իրեն: Այս իշխանութիւնը կը մերժէ ընդունիլ եւ տեսնել, որ իր օրով արձանագրուեցաւ պատմական աղէտ մը, ծանրագոյնը` Ցեղասպանութենէն ետք, իսկ եթէ դրական տեղաշարժ արձանագրուած է տեղ մը, աղէտն ու հետեւանքները այնքա՛ն ծանր են, որ… Իշխանութիւնը ունի յենարաններ. կան արտախորհրդարանական կուսակցութիւններ, նախկին թէ նորակազմ, որոնք պիտի փորձեն իշխանութեան նաւուն կառչելով կամ անոր հետեւելով` վերականգնել խորհրդարանականի իրենց դիրքը, նորակազմ խորհրդարանին մէջ «իմքայլական»-ներուն հետ գործակցական կառավարութեան մը մասնակցելու յոյսով:

Դիմացի ճակատին վրայ յետպատերազմեան ընդհանրապէս միասնական ճակատը արդէն «տարբաղադրուած» է, ինչպէս ակնարկեցինք քիչ առաջ: Կան մէկէ աւելի դաշինքներ, թեկնածուներ, որոնք կրնան պատճառ դառնալ քուէներու ցրիւ գալուն եւ անուղղակիօրէն նպաստել իշխանութեան դիրքերուն բարեշրջման: Կայ նաեւ երկրորդ ընտրանք մը` քանի մը ամիս առաջ ձեւաւորուած միասնութիւնը վերաձեւաւորել նոր տարազով մը եւ իշխանութեան ընդդիմադիր կուսակցութեանց եւ դաշինքներուն միջեւ կազմել «թոյլ համերաշխութիւն» մը: Այլապէս մսխումը անխուսափելի պիտի ըլլայ…

Մէկ խօսքով, այսօր ստեղծուած է ընտրապայքարի դաշտ մը, որ խորքին մէջ սարքուած է հրաժարեալ վարչապետին կողմէ (չմոռնանք, որ ինք էր ընտրութեան թուականը որոշողը` շրջանցելով նախագահին իրաւունքը. ոեւէ մէկուն մտքէն չ՛անցնիր, որ նախագահը վաղը տարբեր «խիզախում» մը պիտի ընէ…), որքան ալ որ այդ որոշումին վրայ ազդեցութիւն ունեցաւ ընդդիմադիրներուն շարժումը: Փոխանցման կառավարութեան մը գաղափարը ընդհանրապէս մէկդի դրուած է, որքան ալ որ երկրին վիճակը նախամեծար համարէ նման ընտրանք մը. ի վերջոյ, նոյեմբերէն ասդին վեց ամիս սահած է, իսկ ընդդիմադիրներուն պահանջը այն էր, որ փոխանցման կառավարութիւնը ունենար մէկ տարուան կեանք (հիմա կէսը սահած-գացած է արդէն): Ընտրապայքարը նաեւ ստեղծած է այնպիսի մթնոլորտ, ուր կարգ մը առաջնահերթութիւններ (եթէ ո՛չ այսօր, ապա շուտով) պիտի քշուին յետին բեմ կամ պիտի դառնան քարոզչութեան վառելանիւթ, յամենայն դէպս ո՛չ ցանկալի վիճակ` երկրին ու ընտրապայքարի մտնողներուն համար:

Ամէնէն աչքառուն այն է, որ ընտրապայքարի բեմը կը դասաւորուի անհատներու առանցքներուն շուրջ, ըլլա՛յ իշխանութեան, ըլլա՛յ ընդդիմադիրներու շրջանակներուն մէջ: Մինչդեռ վեց ամիս առաջ բացայայտուած անկումային վիճակը կը հարկադրէր, պէտք էր հարկադրէր, որ մրցակցութիւնը ըլլար ԳԱՂԱՓԱՐՆԵՐՈՒ եւ ԳՈՐԾՆԱԿԱՆ ԾՐԱԳԻՐՆԵՐՈՒ շուրջ: (Այս մասին` աւելի ուշ):

8-10 մայիս 2021

 

Նախորդը

Ընտրապայքարի Ճառ Եւ Խոստում, Պիտի Խօսի՞ն Հայերէնի Օտարման Հիմնահարցի Մասին

Յաջորդը

Դէպի Ուժեղ Հայաստան («Հայաստան» Դաշինքի Ստեղծման Առիթով)

RelatedPosts

Եապանճօ Հարսին Օտար Առաջարկը
Անդրադարձ

Աշունը Գլուխը Երկարեց

October 28, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Թրքական Աշխարհի Ռազմական Համախմբումը. Ո՞ւր Է Հայաստանի Տեղը Նոր Աշխարհաքաղաքական Քարտէսին Վրայ

October 28, 2026
Հայաստանի Քաղաքական Փակուղին Եւ Անոր Յաղթահարման Նախադրեալները
Անդրադարձ

Ընտրութիւններու Եւ Պատերազմի Միջեւ

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.