Ռուսիոյ ֆութպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 41-րդ եւ դարձի նախավերջին հանգրուանի մրցումներուն, Սպարտակ Մոսկուայի երկրորդ խումբը, որ հիւրընկալեց Շիննիք Եարոսլաւը, արձանագրեց 4-2 արդիւնքով յաղթանակ մը:
Յաղթական կազմէն տուպլէ մը իրագործեց Ռուսիոյ ֆութպոլի 19 տարեկանէն վար ազգային խումբի միջնապահ Ստեփան Օկանեսեան` յաջորդաբար 31-րդ եւ 89-րդ վայրկեաններուն:
Այսպիսով, ան այս տարեշրջանին իր նշանակած կոլերուն ընդհանուր թիւը հասցուց 8-ի:
Ասկէ բացի, 19 տարեկան հայազգի ֆութպոլիստը, կատարելով էսիսթ մը, այս տարեշրջանին իր էսիսթներուն թիւը հասցուց 9-ի: