Անգլիական «Տը Թայմզ» օրաթերթին համաձայն, «Չեմփիընզ Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի աւարտականին, որ պիտի ըլլայ զուտ անգլիական, ներկայ պիտի գտնուին 25 հազար հանդիսատեսներ:
Այդ 25 հազար տոմսերուն չորս հազարը պիտի տրամադրուի աւարտական մրցումին հասած խումբերուն համակիրներուն: Իսկ մնացեալ տոմսերը կրնան գնել բոլոր անոնք, որոնք «Քորոնա» ժահրի դէմ պատուաստներ առած են եւ կամ փաստացի տուեալներ ունին, որ այդ ժահրով վարակուած չեն:
Աւարտականի այս մրցումը տեղի պիտի ունենայ 29 մայիսին, Պոլսոյ մէջ (Թուրքիա):
Ինչպէս ծանօթ է, կիսաւարտականի մրցումներուն Չիլսի մրցաշարքէն դուրս ձգեց Ռէալ Մատրիտը, իսկ Մանչեսթըր Սիթի` Փարիզ Սեն Ժերմենը: