Պաատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ
Ապրիլ 22-ն Երկրագունդի միջազգային օրն էր: Ան առիթ մըն է վայրկեան մը դադար առնելու եւ աւելի խորութեամբ մտածելու մեր կապոյտ մոլորակին հոգ տանելու միջոցներուն մասին:
– Տարեկան 1,3 միլիառ թոն ուտելիք կը թափուի, կամ չի սպառիր:
– 5000 միլիառ կերպընկալ իրեր` ովկիանոսներուն մէջ: Այժմ մեր ովկիանոսներուն մէջ կը ծփան 5000 միլիառ կերպընկալի կտորներ. բնութեան մէջ փճանալու եւ անհետանալու համար կերպընկալը կը կարօտի նուազագոյնը 450 տարիի:
– Աշխարհի բնակչութեան 92 առ հարիւրը շատ ապականած օդ կը շնչէ: Օդի այս ապականումին պատճառները բազմաթիւ են` փոխադրական միջոցներ, գործարաններ, հաստատութիւններ, ածուխով բանող վառարաններ, աղբերու այրումը…
***
Սակայն, դժբախտաբար, բոլոր լուրերը գէշ չեն: Այս վերջին տարիներուն կլիմային ի նպաստ տարուած պայքարը լաւ արդիւնքներ ունեցաւ:
– 5 առ հարիւր աւելի կանաչ մակերես: Երկրագունդը շահեցաւ 5 առ հարիւր կանաչութեամբ ծածկուած մակերես` 2000-2017 թուականներու միջեւ. այս տարածքը հաւասար է ամազոնեան անտառի տարածքին: Այս թիւը կարելի եղած է իրականացնել յատկապէս Չինաստանի եւ Հնդկաստանի միջոցով. անոնք մեծ ճիգեր կը թափեն իրենց երկրին անտառներու տարածքը ընդարձակելու համար:
– – 11 առ հարիւր բնածխական կազ` 2020 թուականին, յատկապէս` Եւրոպայի մէջ: Քորոնա ժահրը նաեւ դրական ազդեցութիւն մը ունեցաւ երկրագունդին վրայ: Երթեւեկը արգիլող օրէնքը օգնեց նուազեցնելու արտանետումը բնածխական կազին, որ պատասխանատու է կլիմայի տաքնալուն:
– Կորսուելու վտանգի մէջ գտնուող 10 տեսակներուն վիճակը բարելաւուեցաւ: Աշխարհի երկիրները ճիգեր կը թափեն պահպանելու մեր մոլորակին վրայ գտնուող անասուններու եւ բոյսերու տեսակները: 2019-ի վերջաւորութեան անոնցմէ 10 տեսակներու` 8 թռչունի տեսակներու եւ 2 ձուկի տեսակներու վիճակը բարելաւուեցաւ: Այս լաւ լուրը յոյս կու տայ եկող տարիներուն համար:
Երթեւեկի Լոյսեր`
Ուղտերուն Համար
Չինաստանի հիւսիս-արեւմուտքը գտնուող Տունհուանկ քաղաքին մէջ զետեղուեցան ուղտերու երթեւեկի յատուկ առաջին լոյսերը: Այդ շրջանին մէջ շրջող շատ ուղտեր կան:
Սկզբնական շրջանին անոնք կը գործածուէին ապրանքներ փոխադրելու համար: Սակայն հիմա անոնք կը ծառայեն յատկապէս զբօսաշրջիկներ պտտցնելու: Այս շրջանին մէջ մեծ թիւով զբօսաշրջիկներ կու գան` դիտելու Կանսուի նշանաւոր տեսարանները: Սակայն նոյն վայրին մէջ թէ՛ ինքնաշարժներու, թէ՛ զբօսաշրջիկներու, թէ՛ ալ ուղտերու ներկայութիւնը մեծ խառնակութիւն կը յառաջացնէ: Հետեւաբար խճողումներէն խուսաբելու համար յատուկ երթեւեկի լոյսեր կը նշեն, թէ որո՛ւ կարգն է անցնելու: Ինքնաշարժ, մարդիկ, ուղտ, իւրաքանչիւրը` իր կարգին:
Հարցարան
1.- Խաղաղական ովկիանոսը աշխարհի ամէնէն մեծ ովկիանոսն է: Որքա՞ն է անոր առաւելագոյն խորութիւնը:
ա – 11 քմ, բ – 7 քմ, գ- 2 քմ:
2.- Ծիածանը ունի 7 գոյն: Ո՞ր գոյնը անոր մէջ չի գտնուիր:
ա – կարմիր, բ – նարնջագոյն, գ- սեւ:
3.- Ի՞նչ նիւթէ կազմուած են ոստրէներուն կողմէ արտադրուած մարգրիտները:
ա – Սատափ, բ – Արեւակն, գ- Յամպար:
4.- Քանի՞ աստիճան է ծովու ջուրին ջերմաստիճանը 2000 մեթր խորութիւն:
ա – 2 աստիճան, բ – 8 աստիճան, գ- 12 աստիճան:
5.- Մայքրօուէյվը (մանրալիք) ինչպէ՞ս կը տաքցնէ ուտելիքը:
ա – Ուտելիքին ջուրի մասնիկները թրթռացնելով, բ – ուտելիքը շատ արագ թրթռացնելով, գ – Տաքութիւն արտադրելով:
6.- Քանի՞ ոսկորէ կազմուած է չափահաս անձի մը կմախքը:
ա – 412 ոսկոր, բ – 350 ոսկոր, գ – 206 ոսկոր:
7.- Օրական քանի՞ անգամ ժամացոյցին մեծ սլաքը կը գտնուի «4»-ին վրայ:
ա – 24 անգամ, բ – 12 անգամ, գ – 2 անգամ:
8.- Ո՞ր քարը կը ծփայ ջուրին վրայ:
ա – Չեչաքարը, բ – կաւիճը, գ – հերձաքարը:
9.- Ընդամէնը քանի՞ ժամ կը քնանանք մեր ամբողջ կեանքին ընթացքին:
ա – Սեր կեանքին մէկ երրորդը, բ – մեր կեանքին մէկ հինգերորդը, գ – մեր կեանքին մէկ տասներորդը:
10.- Քանի որ երկրագունդը կլոր է, մենք չենք կրնար տեսնել անհունութիւնը: Մինչեւ ո՞ր հեռաւորութիւն մենք կարող ենք տեսնել:
ա – 12 քմ, բ – 52 քմ, գ- 112 քմ:
Պատասխանները վերջաւորութեան
Ժամանց





Պատասխաններ
1 -ա, 2 – գ, 3 – ա, 4 – ա, 5 -ա, 6- գ, 7 – ա, 8 – ա, 9 – ա, 10 – ա:










