Աղջկանց «Չեմփիընզ Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի կիսաւարտական հանգրուանի մրցումներուն լոյսին տակ յստակացան աւարտական հանգրուանին հասնող խումբերը:
Պարսելոնա 3-2 արդիւնքով յաղթեց Փարիզ Սեն Ժերմենին, մինչ Չելսի` Պայէրն Միւնիխին, 5-3 արդիւնքով:
Աւարտական մրցումին, Պարսելոնա եւ Չելսի 15 մայիսին իրարու դէմ յանդիման պիտի գան Կէօթըպորկի մէջ (Շուէտ):