Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցան Գերմանիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի կիսաւարտական հանգրուանի մրցումները, որոնց արդիւնքներուն լոյսին տակ յստակացան աւարտական հանգրուանի մրցակիցները:
Պորուսիա Տորթմունտ աւարտականի իր տոմսը ապահովեց Հոլշթայն Քիելի հաշուոյն` արձանագրելով 5-0 արդիւնքով յաղթանակ մը: Վերջինս մինչեւ կիսաւարտականին հասնիլը արձանագրած էր տպաւորիչ յաղթանակներ եւ մրցաշարքէն յաջողած էր նոյնիսկ դուրս ձգել գործող ախոյեան Պայէրն Միւնիխը:
Քիելի դէմ արձանագրուած յաղթանակին ամերիկացի միջնապահ Ճիովաննի Ռէյնա տուպլէ մը իրագործեց:
Նշենք, որ կիսաւարտականի միւս մրցումին, Լայփցիկ երկարաձգումէն ետք 2-1 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց Վերտըր Պրեմընի դէմ:
Աւարտականի ճակատումը տեղի պիտի ունենայ հինգշաբթի, 13 մայիսին:
 
			


