Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Քալչիօ») 34-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Պոլոնիա-Ֆիորենթինա մրցումին կարեւոր իրագործում մը կատարուեցաւ, հակառակ անոր որ մրցումը աւարտեցաւ 3-3 արդիւնքով հաւասարութեամբ մը:
39 տարուան եւ 86 օրուան տարիք ունեցող Պոլոնիայի յառաջապահ Ռոտրիկօ Փալասիօ այս մրցումին հեթրիքի հեղինակ դարձաւ, երբ 31-րդ, 71-րդ եւ 84-րդ վայրկեաններուն նշանակեց իր երեք կոլերը: Այդ երեք կոլերուն ալ էսիսթները կատարեց Էմանուէլ Վիկնաթօ:
Այսպիսով, արժանթինցի յառաջապահը` Փալասիօ, դարձաւ «Քալչիօ»-ի ամէնէն տարիքոտ ֆութպոլիստը, որ հեթրիքի հեղինակ կը դառնայ: