Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Արցախը Պէտք Է Մեր Ուշադրութեան Կիզակէտը Ըլլայ». Շեշտեց Արմէն Թաշճեան

April 20, 2021
| Հարցազրոյց
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նախորդող օրերուն Արցախ այցելեց Լիբանանի «Արցախ ֆոնտ»-ին մէջ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Արմէն Թաշճեան: Արցախի մէջ բարեսիրական, զարգացման բազում ծրագիրներ իրականացուցած կազմակերպութիւնը 1990-ականներուն կը գործէր որպէս Արցախի օժանդակութեան մարմին, այնուհետեւ վերանուանուած է «Արցախ ֆոնտ»:

Արմէն Թաշճեան պատերազմէն ետք առաջին անգամ ըլլալով Արցախ կ՛այցելէ: Հիմնական նպատակն է, յետպատերազմեան իրողութիւններէն մեկնելով, ծանօթանալ նոր պայմաններուն, տուեալներ հաւաքել, ձեռք բերել տեղահանուած ընտանիքներուն կարիքներուն, վնասուած կառոյցներուն մասին վիճակագրական տուեալներ եւ ըստ այդմ ֆոնտի գործող ծրագիրները վերամշակել, բիւրեղացնել կամ նորերը կեանքի կոչել:

«Մեր ծրագիրները հիմնականին մէջ ուղղուած էին ազատագրուած տարածքներուն մէջ ժողովրդագրական պատկերի բարելաւման: Բայց հիմա ազատագրուած տարածքները բռնագրաւուած են, պէտք է ժամանակաւորապէս սահմանափակուինք այս կղզեակով եւ փորձենք ժողովրդական ամրութիւնն այստեղ ապահովել», նշեց Արմէն Թաշճեան` աւելցնելով, որ կը մտածեն տնային տնտեսութիւններուն կապուած զարգացումը խթանել, որպէսզի յատկապէս գիւղական համայնքները ուժեղ, ինքնաբաւ զգան:

Քաշաթաղի, Քարվաճառի շրջաններուն մէջ կ՛իրականացնէինք «Նոր կեանք, նոր յոյս» անունով ծրագիրը, այժմ անիկա պիտի իրականացուի գիւղական այլ բնակավայրերու մէջ: «2006-էն սկսած մինչեւ պատերազմը մենք 3 եւ աւելի զաւակ ունեցող 1600 ընտանիքներու մեղուափեթակ, կով, ոչխարներ տրամադրեցինք: Բացի ատկէ` կար այլ ծրագիր մըն ալ, զոր պէտք է այժմ վերամշակել: Խօսքը «Գոյք Արցախի դպրոցներուն» ծրագիրին մասին է: Նախապէս այդպիսի ծրագիրներ իրագործած ենք Կովսականի ու Թալիշի մէջ: Հիմա պէտք է տուեալներ ունենանք այստեղ վնասուած դպրոցներուն վերաբերեալ եւ ըստ այնմ գործի լծուինք», նշեց ան:

Ֆոնտին հովանաւորութեամբ նաեւ լիբանանահայ երիտասարդներ Արցախի մէջ կը մասնակցէին «Ասպետ» ռազմահայրենասիրական ճամբարին: Արցախի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան հետ պայմանաւորուածութեան համաձայն, Լիբանանի վարժարաններու հայ աշակերտներ ամէն տարի կը մասնակցէին այդ ճամբարին: Արմէն Թաշճեան ծրագիրը կարեւոր նկատեց Արցախի ճանաչողութեան, հայրենասիրական դաստիարակութեան իմաստով, որ մեծ խանդավառութիւն կը յառաջացնէ: Բայց ներկայ պայմաններուն մէջ պէտք է տակաւին պարզել ճամբարին մասնակցելու հնարաւորութիւնը:

Արցախի մէջ Արմէն Թաշճեան հանդիպումներ ունեցած է` ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէին, Արցախի աշխատանքի, ընկերային եւ գաղթականութեան հարցերու նախարարութեան աշխատակիցներուն, Արցախի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարար Լուսինէ Ղարախանեանի, փոխնախարար Գայեանէ Գրիգորեանի հետ, այցելած է նաեւ շարք մը շրջաններ:

Այդ հանդիպումներուն իբրեւ արդիւնք ստացած տեղեկութիւններուն, ձեռք բերած տուեալներուն հիման վրայ նոր քննարկումներ պիտի կատարուին:

Արմէն Թաշճեան նաեւ խօսած է Լիբանանի մասին` նշելով, որ ընկերային-տնտեսական առումով լիբանանահայ գաղութը եւ ընդհանրապէս Լիբանանը այժմ կը գտնուի ճգնաժամի մէջ: Սակայն, հակառակ ատոր, լիբանանահայերը պատրաստակամ են օգնելու Արցախին: «Տնտեսական կարողականութեան իմաստով լիբանանահայ գաղութը շատ բան կորսնցուց եւ ճգնաժամային վիճակի մէջ է, բայց ընդառաջելով Դաշնակցութեան կոչին` «Արցախ ֆոնտ»-ը  ձեռնարկեց ժողովրդային հանգանակութիւն, որուն իբրեւ արդիւնք` պատկառելի գումար գոյացաւ, եւ մենք պիտի փորձենք այդ գումարը յստակ ծրագիրներու յատկացնել», նշեց ան:

Ըստ Թաշճեանի, պատերազմին ընթացքին կազմակերպուած հանգականութիւնը ժողովրդական լայն մասնակցութիւն ապահովեց`  հակառակ տնտեսական, ելեւմտական մեծ դժուարութիւններուն:

«Նախկին կարողականութիւնը չկայ, բայց Արցախը մեր ուշադրութեան կիզակէտը պէտք է ըլլայ, անիկա մեր ազատագրական պայքարի կարեւորագոյն եւ այժմէական կէտն է: Այդ իմաստով, յոյս ունինք, որ միւս գաղութները եւս իրենց ճիգերը կը բազմապատկեն, որպէսզի յենարան հանդիսանան Արցախի ժողովուրդին ու պետութեան` յետպատերազմական վիճակը յաղթահարելու եւ յոյսի հորիզոններ շօշափելու համար», եզրափակեց ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի անդամը:

Նախորդը

Վեհափառ Հայրապետը Ընդունեց Ռայի Պատրիարքին Փոխանորդը

Յաջորդը

Մահացաւ Կուսակցական-Հասարակական Գործիչ Ցոլակ Թիւթէլեան

RelatedPosts

«Այս Ժապաւէնին Մէջ Դրել Եմ Իմ Ամբողջ  Զգացական Աշխարհս, Ապրումներս, Ցաւս Եւ Յոյսս», «Ազդակ»-ին Կ՛ըսէ Բեմադրիչ Ջիւան Աւետիսեան
Հարցազրոյց

«Այս Ժապաւէնին Մէջ Դրել Եմ Իմ Ամբողջ Զգացական Աշխարհս, Ապրումներս, Ցաւս Եւ Յոյսս», «Ազդակ»-ին Կ՛ըսէ Բեմադրիչ Ջիւան Աւետիսեան

September 26, 2026
Բագրատունի. «Եթէ Դաշնակցութիւնը Արժէք  Եւ Ուժ Չունենար, Ոչ Ոք Պիտի Ուզէր  Զայն Թիրախաւորել»
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի. «Եթէ Դաշնակցութիւնը Արժէք Եւ Ուժ Չունենար, Ոչ Ոք Պիտի Ուզէր Զայն Թիրախաւորել»

September 17, 2026
«Գաղափարական Պայքարի Դրօշը Դեռ Պէտք Է Երկար Փողփողայ Իր Բարձունքին Վրայ»
Հարցազրոյց

«Գաղափարական Պայքարի Դրօշը Դեռ Պէտք Է Երկար Փողփողայ Իր Բարձունքին Վրայ»

September 12, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.