Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մահացաւ Կուսակցական-Հասարակական Գործիչ Ցոլակ Թիւթէլեան

April 20, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ իր մահկանացուն կնքեց լիբանանահայ վաստակաշատ կուսակցական-հասարակական գործիչ Ցոլակ Թիւթէլեան:

Ցոլակ Թիւթէլեան ծնած է 1 նոյեմբեր 1926-ին, Ալեքսանտրէթ: Հայրը մահացած էր զաւկին լոյս աշխարհ գալէն առաջ, իսկ ճակատագիրը երկրորդ հարուածը տուաւ, երբ տակաւին երեխայ, կորսնցուց մայրը: Ծնողազուրկ երեխային խնամատարութիւնը ստանձնեց մօրենական մեծ հայրը` Գրիգոր քհնյ. Մինասեան, որուն վախճանումէն ետք պատանիին հոգատարութեամբ զբաղեցան անոր մօրեղբայրները:

Թիւթէլեան յաճախած է Հալէպի Մխիթարեան վարժարանը, ապա` Պէյրութի ամերիկեան համալսարանէն ստացած է դեղագործութեան վկայականը:

1955-ին Սուրի մէջ իր դեղարանը բանալով` Ցոլակ Թիւթէլեան անցաւ աշխատանքի: Ապա իր ընտանեկան բոյնը կազմեց Կասիա Սահակեանի հետ: Թիւթէլեան ամոլը ունեցաւ երեք զաւակ` Ալիս, Մարալ եւ Րաֆֆի:

Սուրի մէջ ամբողջ տասնեօթը տարի գործելէ ետք, 1967-ին փոխադրուեցաւ Պէյրութ եւ Մար Եուսեֆ շրջանին մէջ հաստատեց իր դեղարանը:

Ցոլակ Թիւթէլեան փոքր տարիքէն միացաւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան Լիբանանի կազմակերպութեան եւ տարիներու ընթացքին իր սեփական աշխատանքին զուգահեռ` ստանձնեց պատասխանատու պաշտօններ, ինչպէս` ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի հերթապահութիւնը, այն տարիներուն, երբ Լիբանան հայրենիքը կը տառապէր քաղաքացիական պատերազմին պատճառով: Լիբանանահայութեան գոյատեւման, ապահովութեան եւ համայնքային իրաւունքներու պաշտպանութեան մէջ մեծ աւանդ եւ վաստակ ունի ընկեր Ցոլակ, որ իր կուսակցական գործակիցներուն հետ իր ճիգերը միացնելով, ամէնէն ճակատագրական օրերուն եւ պահերուն յաջողեցաւ սառնասրտօրէն դիմագրաւել ծանր կացութիւնները, ճիշդ կերպով կողմնորոշուիլ եւ տալ լիբանանահայութեան շահերուն ապահովման համար կարեւոր որոշումներ:

Ցոլակ Թիւթէլեան կուսակցական իր բեղուն գործունէութեան կողքին նաեւ վարած է համայնքային եւ միութենական պատասխանատու պաշտօններ: Եղած է Պուրճ Համուտի քաղաքապետ, Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան անդամ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Ազգային կեդրոնական վարչութեան անդամ, Ազունիէի Ազգային բուժարանի խնամակալ մարմինի ատենապետ, Լիբանանի Հայոց թեմի Ազգային ժողովի ատենապետ: Թիւթէլեան վարած է նաեւ Դեղագործներու սենտիքայի քարտուղարի պաշտօնը: Որոշ շրջան մըն ալ եղած է խորհրդարանի նախկին նախագահ Հիւսէյն Հիւսէյնիի խորհրդականը:

Ցոլակ Թիւթէլեանի մահով լիբանանահայութիւնը կորսնցուց ազգային-կուսակցական վաստակաշատ գործիչ մը:

 

Նախորդը

«Արցախը Պէտք Է Մեր Ուշադրութեան Կիզակէտը Ըլլայ». Շեշտեց Արմէն Թաշճեան

Յաջորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Նորվեկիոյ Դեսպանը

RelatedPosts

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի.  Կրինլանտ` Անտերսընեան Հեքիա՞թ, Թէ՞ Ողբերգութիւն
Անդրադարձ

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Կրինլանտ` Անտերսընեան Հեքիա՞թ, Թէ՞ Ողբերգութիւն

January 31, 2026
Տօն Սուրբ Սարգիս Զօրավարի
Անդրադարձ

Տօն Սուրբ Սարգիս Զօրավարի

January 31, 2026
1920 Թուականի Գաղտնի Փաստաթուղթը Կը Բացայայտէ Թուրքիոյ Ծրագիրները, Ինչպէս Այսօր, Այնպէս Ալ Այն Ժամանակ` Վերացնել Հայաստանը
Անդրադարձ

1920 Թուականի Գաղտնի Փաստաթուղթը Կը Բացայայտէ Թուրքիոյ Ծրագիրները, Ինչպէս Այսօր, Այնպէս Ալ Այն Ժամանակ` Վերացնել Հայաստանը

January 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.