Ա. Ա.
Հայաստանեան իրադարձութիւնները կը շարունակեն յուզել ամբողջ հայութիւնը: Արցախեան երկրորդ պատերազմին արձանագրուած պարտութենէն աւելի քան չորս ամիս ետք, տակաւին տիրական են քաոսն ու անորոշութիւնը, ինչ կը վերաբերի վերակերտման հոլովոյթի մը շուրջ ամբողջական համախոհութեան եւ խօսքէ ու տարակարծութիւններէ անդին` անխտիր բոլոր կողմերուն ամբողջական մասնակցութեամբ ազգաշէն աշխատանքի մեկնարկին: Ոմանց քարոզ կամ զգացական խօսքեր կրնան թուիլ այս տողերը, սակայն եթէ մէկ կողմ ձգուին ներքին տարակարծութիւնները, զիրար այպանելու ազգավնաս ընթացքը եւ արդար հաշուետուութեան ճամբով յանցանքներու եւ սխալներու պատասխանատուութիւններու ճշդմամբ` նոր փուլի եւ ժամանակաշրջանի ազդանշանը տրուի, միակ շահողը պիտի ըլլայ հայութիւնը:
Մանաւանդ եթէ նկատի առնուի թուրքեւազրպէյճանական ճակատին ծաւալած գործունէութիւնը, ռազմաքաղաքական ծրագիրները եւ աշխարհագրական ծիրը, որուն մասին ոչ միայն կը խօսուի, այլ աշխատանքի մեկնարկը կատարուած է:
Եթէ երեւանեան իրականութիւնը կը յատկանշուի վտանգաւոր զարգացումներու իրավիճակներով, թուրքեւազրպէյճանական ճակատին վրայ ամբողջ ուշադրութիւնը կեդրոնացած է քաղաքական նպատակակէտերու վրայ. զանգեզուրեան միջանցք, Թուրքիայէն մինչեւ Կեդրոնական Ասիա` համաթրքական մէկ ու միացեալ ճակատի ստեղծման նպատակով դիւանագիտական աշխուժութիւն, միջինարեւելեան քաղաքականութեան մէջ կեդրոնական դերակատարութեան ապահովում, հարաւկովկասեան եւ շրջանային մակարդակներով քաղաքական, տնտեսական, առեւտրական յանձնառութիւններու ստանձնում, միջազգային ռազմաքաղաքական իրադրութիւններուն մէջ ալ` Թուրքիոյ դերին ու դիրքին վերաիմաստաւորում:
Նախ քանի մը նշումներ` Ազրպէյճանի իշխանութիւններուն հարաւկովկասեան եւ յատկապէս ղարաբաղեան քաղաքականութեան մասին, ուր հիմնական առանցքը «Զանգեզուրեան միջանցք»-ի մը ստեղծման վերաբերեալ Իլհամ Ալիեւի շարունակական պնդումներն են այն մասին, որ Հայաստանի Մեղրիով անցնող միջանցքը Նախիջեւանը պիտի կապէ Ազրպէյճանի: Այլ խօսքով, Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի միջեւ ցամաքային կապը պիտի ըլլայ: Թէ Ալիեւի այս պնդումը որքանո՛վ ճշմարտութեան կը համապատասխանէ, յստակ տուեալներ չկան: Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը կտրականապէս կը հերքէ, որ միջանցքի մասին խօսք կամ ակնարկութիւն կայ ինը նոյեմբերի եւ տասնմէկ յունուարի յայտարարութիւններուն մէջ: Ակնարկութիւնը ցամաքային կապի ուղիներու մասին է, որ ոչ մէկ կերպով կարելի է «միջանցք» համարել, որովհետեւ միջանցք եւ մայրուղի տարբեր հասկացողութիւններ են` իրենց օրէնքներով եւ տնտեսաքաղաքական բովանդակութեամբ:
Ալիեւ, սակայն, առիթ չի փախցներ` յայտարարելու, որ «Զանգեզուրեան միջանցք» պիտի ստեղծուի: Ազրպէյճանի, Թուրքիոյ, Ուզպեքիստանի, Թուրքմենիստանի եւ Խըրխըզիստանի նախագահներուն մասնակցութեամբ կայացած` Տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան վեհաժողովին ընթացքին եւս Ալիեւ յայտարարեց, որ հայկական Զանգեզուրը «ազրպէյճանական պատմական տարածք» է, ուր պիտի ստեղծուի «Զանգեզուրեան միջանցք»-ը` Թուրքիան, Նախիջեւանը եւ Ազրպէյճանը իրարու կապելով: Այս հարցին մէջ ուշագրաւ է Մոսկուայի քար լռութիւնը, ինչ որ ենթադրել կու տայ, որ բանաւոր կամ չհրապարակուած համաձայնութիւն մը գոյութիւն կրնայ ունենալ այս միջանցքին վերաբերեալ, որովհետեւ այս իմաստով նախընթաց գոյութիւն ունի: Սիւնիքի սահմանագծման մասին ոչ մէկ խօսք կար եռակողմ յայտարարութեան մէջ, բայց աւելի ուշ փորձագէտներ ապացուցեցին, որ գոյութիւն ունի Սիւնիքի սահմանագծման մասին վեց կէտերէ բաղկացած փաստաթուղթ մը:
Պաքուի իշխանութիւնները նաեւ ծրագրեր մշակած են` Լեռնային Ղարաբաղը բարձր արհեստագիտութեան կեդրոնի մը վերածելու համար: Ասոր յստակ ապացոյցն էր Ազրպէյճանի նորարարութեան գործակալութեան եւ Թուրքիոյ «Իսթանպուլ» արհեստագիտական զարգացման պետական կեդրոնին միջեւ կնքուած գործակցութեան յուշագրին ստորագրումը: Համագործակցութեան մարզերը պիտի ըլլան արհեստագիտութեան կեդրոններու կառուցումը, ուսուցման ծրագրերը, գիտելիքներու փոխանակումն ու փոխանցումը, ինչպէս նաեւ` արհեստագիտութեան մարզի մասնագէտներու պատրաստութեան եւ վերաորակաւորման միացեալ աշխատանքները: Հոս պէտք է նշել, որ «Իսթանպուլ» կեդրոնը մասնակից է Թուրքիոյ ռազմական արդիւնաբերութեան մարզին գործունէութեան: Ազրպէյճանական պետական աղբիւրներու համաձայն, թրքական այլ կեդրոն մը` Ճի. Օ. Էս. Պի., իր կարգին ազրպէյճանական գործակալութեան հետ գործակցութեան ճամբով պիտի նպաստէ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ բարձր արհեստագիտութեան մարզին զարգացման` հետազօտութիւններու եւ ուսումնասիրութիւններու ճամբով:
Ազրպէյճանական իշխանութիւններուն այս ծրագրերուն զուգահեռ, գործի լծուած են նաեւ Անգարայի իշխանութիւնները, որոնց հիմնական գործելադաշտը այս օրերուն Կեդրոնական Ասիան է: Արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու կեդրոնաասիական իր եռօրեայ շրջապտոյտին ընթացքին իր ուզպեք, թուրքմեն եւ խըրխըզ պաշտօնակիցներուն հետ քննարկեց Լեռնային Ղարաբաղի եւ Հարաւային Կովկասի իրավիճակները, ինչպէս նաեւ` այս հարցերով միջազգային համագործակցութեան կարելիութիւնները, որպէսզի թրքական միացեալ կեցուածք եւ ճակատ դրսեւորուի: Քննարկման առարկայ դարձաւ նաեւ Թրքական խորհուրդի եւ Իսլամական համագործակցութեան կազմակերպութեան շարքերուն մէջ համաթրքական միացեալ ու համակարգուած քաղաքականութիւն մշակելու հեռանկարները…
… Իսկ Երեւանի մէջ…