Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական «Գանձասար»-ի. Մի՛ Յուսահատիք, Տղա՛ք

April 20, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սուրիահայ մեր առօրեան տարիներէ ի վեր այնքան միգամած է, որ հանրութեան եւ պատասխանատու մարմիններուն ուշադրութեան մեծ մասը խլած են տագնապներու դիմագրաւման հարցերը: Եւ ինչպիսի՞ տագնապներ` տնտեսական, ապահովական, կենցաղային ամէնէն տարրական պէտքերու ապահովման դժուարութեան, համաճարակին եւ երիտասարդ տարրին գաղթին առնչուող տագնապներ:

Այո՛, այս տագնապներու դիմագրաւման միջոցներու որոնումը մեծ ջանքեր եւ ահագին ժամանակ կը խլէ թէ՛ մարմիններէն, թէ՛ ընտանիքներէն եւ թէ՛ անհատներէն:

Այս թոհուբոհին մէջ, սակայն, երբեմն չենք նկատեր հաւաքական թէ անհատական իրենց կեանքի բարելաւման համար նոր հորիզոններ որոնող մեր երիտասարդները, անոնց յուսադրող աշխատանքը, բայց մանաւանդ` աշխատանքին արդիւնքը:

Անոնք ամէն տեղ են` միութիւններու, համալսարաններու, մշակութային հաստատութիւններու, արհեստանոցներու, եկեղեցիներու եւ բարեսիրական միութիւններու մէջ: Այսօր մեր ազգային-միութենական կեանքի բոլոր մարմինները երիտասարդ մարդուժով օժտուած են:

Անոնք կ՛աշխատին առանց դժգոհելու, որովհետեւ իրապաշտ ու գործնական են, զգացական չեն այլեւս: Անոնք որոնումի մէջ են միշտ` գտնելու միջոցներ, որոնք պիտի բարելաւեն մեր հաւաքական կեանքը, իրենց անհատական կեանքը, որպէսզի մեր մշակոյթին ու ձգտումներուն յարիր աշխատանքի եւ ապրուստի նուազագոյն պայմաններն ու մակարդակը պահեն ու զարգացնեն աստիճանաբար:

Աչք մը նետենք մեր շուրջը ու պիտի տեսնենք հարիւրաւոր երիտասարդներ Սուրիոյ համալսարաններուն մէջ, որոնցմէ նկատառելի թիւ մըն ալ` լաւագոյն մակարդակ նուաճած ու մասնագիտացման ուղին բռնած: Անցնինք միութիւններուն եւ պիտի տեսնենք, թէ ինչպէ՛ս այս ժիր ու կայտառ երիտասարդները յաջողեցան վերակենդանացնել ու արդիականացնել ՀՄԸՄ-ի դաշտը, հիմնել Համազգային հայ մշակութային միութեան «Զաւարեան» կեդրոնը, վերակառուցել ու աշխուժացնել ՍՕԽ-ի ընկերաբժշկական կեդրոնը, Դամասկոսի Ազգ. Միացեալ վարժարանի նոր կառոյցը, Գամիշլիի մէջ երկրորդական վարժարանի մը հիմը դնել, Քեսապի մէջ վարուցանին տիրութիւն ընել, Տերիքի մէջ եկեղեցւոյ շուրջ համախմբել ժողովուրդը, Հասիչէի մէջ ժողովուրդին ջուր մատակարարել եւ նոյնիսկ պետական աշխատանքներու, մաքրութեան արշաւներու մասնակցիլ` քաղաքը բարեզարդելու համար:

Անդին` տնտեսական փոքր ձեռնարկութիւններ մշակող երիտասարդներ կը փորձեն հիմնել նոր գործեր, վերակենդանացնել արհեստներ, աշխատիլ դուրս գալու կարիքաւորի վիճակէն ու վստահիլ իրենց սեփական բազուկին` քայլ պահելով արդի ճարտարագիտութեան հետ:

Այս բոլորը կ՛իրագործեն անտարակոյս թէ՛ իրենց անձնական, թէ՛ մեր հաւաքական կեանքը բարելաւելու համար, այդ ալ` երկրի տնտեսական անկումային այս վիճակին մէջ:

Այս բոլորը ի գործ դնելով բաւարարուելու չէք, սակայն, տղա՛ք: Սուրիահայ գաղութի ներուժը դուք էք, ուստի ձեր աշխատանքը թող պսակուի նաեւ հայկականութեան դրոշմով, որպէսզի ուժ առնէ մեր մշակոյթէն, մեր հաւաքական ձգտումներէն, մեր հարուստ լեզուէն, պատմութենէն ու գրականութենէն:

Ձեր աշխատանքը ուղղորդողը թող ըլլայ ձեր միտքը, մտածելով գործելն է միայն, որ որեւէ աշխատանքի արդիւնքը կը կրկնապատկէ:

Դո՛ւրս եկէք հատուածական մտածելակերպէ, նեղմտութենէ, եսակեդրոն աշխատանքէ, լայնախոհ ու ճկուն եղէք ձեր յարաբերութիւններուն մէջ, թող ձեր միտքը նոր հորիզոններ նուաճէ ու երկրի դժուարին պայմաններուն մէջ անգամ ստեղծագործելու ձեր եռանդը կրկնապատկէ:

Մի՛ քաշուիք ձեր պատեանին մէջ, վեր բարձրացէք յետամնաց միտքերուն տուրք տալու պարտաւորութենէն, այլամերժութենէն ու զարգացման գործակցութեան նոր միջոցներ որոնեցէք: Գործակցելու ճկունութիւն ունեցէք տարբեր կողմերու հետ: Նոր շունչ, նոր գաղափարներ յղանալու համար անկաշկանդ մտքով պէտք է յառաջանալ, այլապէս տեղքայլի մէջ պիտի մնաք ու պարզապէս եղածը պահէք:

Մինչդեռ դուք կարելիութիւն ունիք ոչ թէ պահելու միայն, այլ` զարգացնելու, ոչ թէ միայն շէնքը կառուցելու, այլ` անոր դերակատարութիւնը լուսարձակի տակ բերելու, արդիւնաւորելու, քայլ մը առաջ տանելու ձեզի վստահուած աշխատանքը:

Տէ՛ր եղէք ձեր կոչումին, տղա՛ք:

Նախորդը

Պատմաքաղաքական Զիկզակներ. Ինչո՞ւ Հայկական Նախիջեւանը «Մեծ Թուրան»-ի Ճանապարհի Բանալին Է

Յաջորդը

Բնութիւնը` Բոլոր Պատերազմների Չգրանցուած Զոհը

RelatedPosts

Յիշելով Արշակ Ֆեթվաճեանը
Անդրադարձ

Յիշելով Արշակ Ֆեթվաճեանը

October 3, 2026
Քաղաքացիութեան Դպրոց (School Of Citizenship)
Անդրադարձ

Քաղաքացիութեան Դպրոց (School Of Citizenship)

October 3, 2026
Ուսանողութիւնը Եւ Մենք
Անդրադարձ

Սլաք. Ըսեմ-Չըսեմ

October 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.