Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հետաքրքրական. Զատկուան Ձայնաւոր Հաւկիթներ

Մարտ 27, 2021
| Մանկապատանեկան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

Մէկ շաբաթէն արդէն Զատիկ է: Այս առիթով սովորութիւն է կազմակերպել Զատկուան հաւկիթներու «որսորդութիւն» մը, փնտռելու համար պարտէզին մէջ պահուած գոյնզգոյն հասկիթները: Այս ժամանցը մեծ հաճոյք կը պատճառէ փոքրիկներուն:

Այս պատճառով է, որ Լոկըն Նիտհամ ստեղծած է  Զատկուան ձայնաւոր հաւկիթներ: Անոնք շինուած են յատկապէս այն փոքրիկներուն համար, որոնք տեսողութեան դժուարութիւններ ունին: Սկզբունքը պարզ է. այս կեղծ հաւկիթը տուրմի մը փոխարէն, կը պարունակէ փոքրիկ փիլ մը, որ կը բանի երբ հաւկիթի վրայ զետեղուած կոճակը կը սեղուի: Այս ձեւով հաւկիթը կանոնաւոր կերպով կ՛արձակէ կարճ զանգեր` փոքրիկներուն կարելիութիւն տալով անոր դիրքը բնորոշել:

 

Ձեռային Աշխատանք

 Զատիկը Կը Մօտենայ

Ա) Զատկուան հաւկիթներ

Այս զարդարուած հաւկիթները կրնաս գործածել տունը զարդարելու համար, եւ զանոնք պահել երկար ժամանակ, որովհետեւ դուն պիտի պարպես անոնց մէջինը եւ միայն կեղեւը գործածես: Իսկ հաւկիթները կրնաս գործածել այս էջին մէջ դրուած համով խոհագիրները պատրաստելու համար:

Այս աշխատանքին համար պէտք պիտի ունենաս հում հաւկիթներու, փայտէ ցպիկներու, գնդասեղի մը, թերթի, գետնախնձորի մը, մատիտի մը, վրձինի մը, ջրաներկի, ջնարակի:

1.- Հաւկիթը ջուրով լուայ, չորցուր, գնդասեղով մը հաւկիթին երկու կողմերը ծակէ:

2.- Հաւկիթը բռնէ պզտիկ խորունկ ամանի մը վրայ, եւ մէկ կողմէն փչէ զայն պարպելու համար: Հաւկիթին կեղեւին ներսի բաժինը ցօղուէ, եւ ձգէ, որ չորնայ, նախընտրաբար 24 ժամ:

3.- Հաւկիթը անցուր փայտէ ցպիկին վրայ` երկու ծակերուն մէջէն, ապա ցպիկը մխրճէ գետնախնձորի մը մէջ զայն կանգուն պահելու համար: Ապա գետնախնձորը դիր թերթի մը վրայ սեղանը չաղտոտելու համար: Այս ձեւով դուն պիտի կարենաս հաւկիթը հանգիստ կերպով ներկել առանց մատներուդ հետքը վրան դնելու:

4.- Հաւկիթը պատրաստ է: Կրնաս վրան մատիտով մը գծել զարդարանքները եւ ապա ջրաներկերով գոյնզգոյն ներկել: Ձգէ, որ չորնայ, ապա վրան ջնարակի խաւ մը քսէ, որ հաւկիթը քիչ մը փայլուն ըլլայ: Ձգէ, որ չորնայ, ապա հաւկիթը հանէ ցպիկի վրայէն:

Բ) Զատկուան ժապաւէն

Այս ձեռայինին համար պէտք պիտի ունենաս թուղթի, մկրատի, ներկերու, ժապաւէնի մը կամ պարանի:

 

Թուղթին վրայ գծէ հաւկիթի եւ նապաստակի օրինակներ բազմաթիւ անգամներ: Զանոնք ներկէ եւ կտրէ: Ապա անոնց ծայրերը ծակէ եւ փոքրիկ ծակերու մէջէն անցուր պարանը կամ ժապաւէնը:

Գ) Թուղթէ հաւիկներ

Այս ձեռայինին համար պէտք ունիս գունաւոր թուղթերու, մկրատի եւ խէժի:

Մարմինը – A4 թուղթը կտրէ քառակուսի ձեւ մը ստանալու համար. զայն գլորէ անոր կոնի ձեւ տալու համար: Ծայրը փակցուր, վարի դուրս մնացած բաժինը կտրէ, որպէսզի կոնը կարենայ շիտակ կանգնիլ:

Պոչիկը – Երեք բարակ երիզներ կտրէ եւ զանոնք փաթթէ մատիտի մը շուրջ, զանոնք ոլորելու համար: Զանոնք փակցուր կոնին ետեւը, վարի բաժինը:

Ոտքերը – Երկար թուղթէ երիզներ կտրէ եւ զանոնք ծալէ ձեռնադաշնակի նման: Անոնց մէկ ծայրը կլորակ մը փակցուր: Երիզներուն միւս ծայրը փակցուր կոնին վարի բաժինը, պոչիկին հակառակ կողմը:

Թեւերը – Իրարու նման թռչունի երկու թեւեր կտրէ եւ զանոնք փակցուր կոնին երկու կողմերը:

Կատարը – Իրարու նման երկու կատար կտրէ եւ զանոնք փակցուր կոնին սուր ծայրին երկու կողմերէն:

Կտուցը – Կտրէ երկու երիզներ, զանոնք ծալէ ինչպէս նշուած է պատկերին մէջ եւ փակցուր կոնին վրայ:

Աչքերը – Ճերմակ թուղթին վրայ կտրէ աչքերը, վրան սեւ կէտ մը դիր եւ զանոնք փակցուր գլխուն վրայ:

 Խոհագիր

Ա.- Պանիրով Քիշ

Պէտք ունիս (4 անձերու համար) – 1 փաթ փրիզէ խմորի (220 կրամ), 4 կտոր քրէմ պանիրի (օրինակի համար` Քիրի), 3 հաւկիթի, աղի, պղպեղի:

Պատրաստութիւն

1.- Փուռը վառել 210 աստիճան տաքութեամբ:

2.- Խմորը բանալ եւ դնել փուռի յատուկ ափսէի մը մէջ: Պատառաքաղով մը զայն «ծակծկել» եւ եփել մօտաւորապէս 10 վայրկեան:

3.- Պանիրը եւ հաւկիթները շատ լաւ իրարու հետ խառնել, աւելցնել աղ եւ պղպեղ:

4.- Այս խառնուրդը պարպել խմորին վրայ:

5.- Փուռին կրակը ցածցնել, եւ քիշը եփել մօտաւորապէս 10 վայրկեան` մինչեւ պանիրը կարմրի:

Եփելէ առաջ կրնաս նաեւ քիշին վրայ դնել լոլիկի շերտեր:

Բ.- Տուրմով Քիշ

Պէտք ունիս.- 1 փաթ պրիզէ խմոր, 250 կրամ սեւ տուրմ, կէս սուրճի դգալ փոշի կասիա, 4 հաւիթի դեղնուց, պտղունց մը աղ, 15 սանթիլիթր կաթ, 100 կրամ քրէմ:

Պատրաստութիւն

1.- Խմորը դնել փուռի յատուկ ափսէին մէջ եւ զայն պատառաքաղով մը «ծակծկել»:

2.- Խմորը եփել մօտաւորապէս 10 վայրկեան:

3.- Մեղմ կրակի վրայ, փոքրիկ սանի մը մէջ հալեցնել տուրմը քիչ մը ջուրով, վրան սրսկել պտղունց մը աղ:

4.- Երբ տուրմը լաւ հալի, աւելցնել կասիան եւ ձգել, որ պաղի:

5.- Խորունկ ամանի մը մէջ միասին զարնել հաւկիթի դեղնուցները, քրէմը եւ կաթը:

6.- Այս խառնուրդին վրայ աւելցնել գաղջ տուրմը եւ խառնել:

7.- Այս խառնուրդը պարպել խմորին վրայ եւ մակերեսը տափակցնել:

8.- Քիշը եփել 20 վայրկեան 120 աստիճան տաքութեամբ փուռին մէջ, ապա 15 վայրկեան` 180 աստիճանի վրայ:

Կրնաս քիշդ զարդարել ընկոյզի կամ նուշի կտորներով:

Բարի՛ ախորժակ:

 Ժամանց
Կէտերը իրարու միացուր 1 – 128` յայտնաբերելու համար պահուած պատկերը:

 

Կրնա՞ս գտնել ելքի ճամբան:

 

Նախորդը

Մամլոյ Արձակուրդ

Յաջորդը

Հայաստանը Եւ Միացեալ Նահանգներուն Այսպէս Կոչուած «Ազգային Շահերը» Չեն Փոխուիր Նախագահին Եւ Անոր Կուսակցութեան Փոփոխութեամբ

RelatedPosts

Ի՞նչ Են Շաքարին Ազդեցութիւնները Մեր Մարմնին Վրայ
Մանկապատանեկան

Ի՞նչ Են Շաքարին Ազդեցութիւնները Մեր Մարմնին Վրայ

Յուլիս 12, 2025
Ամառ Է.  Տաքէն Պաշտպանուինք
Մանկապատանեկան

Ամառ Է. Տաքէն Պաշտպանուինք

Յուլիս 5, 2025
Հսկայական Կէտ Մը… Լոնտոնի Մէջ
Մանկապատանեկան

Հսկայական Կէտ Մը… Լոնտոնի Մէջ

Յունիս 28, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?