Արագածոտնի որդինե՛ր եւ դուստրե՛ր,
Կը դիմեմ ձեզի, քանի որ շատ յստակօրէն պր. Փաշինեան ձե՛զ ընտրած կը թուի ըլլալ որպէս յառաջիկայ «արտահերթ ընտրութիւններ»-ու մեկնարկային փորձագետինը: Այդ իսկ պատճառով դուք առաջինն էիք երէկ, որ լսեցիք պր. Փաշինեանի`, այսինքն` նոյեմբեր 9-ի ամօթալի համաձայնագիրը ստորագրած եւ մեր հայրենական հողերը թշնամիին յանձնած իշխանաւորի՛ն ընտրական լոզունգաշարը: Պարզ խօսքով, ձեր վրայ է, որ կը փորձուի քաղաքական ապակողմնորոշումի այն փաթեթը, զոր պր. Փաշինեան պիտի տանի քաղաքէ քաղաք եւ մարզէ մարզ ինքզինք (որպէս վարչապետ) վերարտադրելու վճռական ծրագրով: Դուք էք առաջին թիրախը պարտութեան դաշտէն մղուող իշխանական այս ռազմավարութեան:
Ընտրական հանրածանօթ խաղ մըն է ասիկա, որ ներկայիս կը խաղացուի, հերթական աղաւաղումներո՛վ, իշխանութեան դիրքերուն կառչած այս քաղաքագէտներուն կողմէ: Առաջին քայլ` հրապարակային շռընդալից ելո՛յթ` ընտրազանգուածի մէկ շերտին առջեւ պետական մեծ թմբկահարութեամբ: Երկրորդ քայլ` տեսագրութեան եւ քարոզաճառի հանգամանաւոր հրապարակո՛ւմ վարչապետի կայքէջին իսկ վրայ եւ այնպիսի «ձեւակերպուած» խօսոյթով, որ, վե՛րջ, Արագածոտնը անցաւ Փաշինեանի կողմը: Արագածոտնը գրաւուած է: Արագածոտնը անքակտելի մասն է այսուհետեւ Փաշինեանի «ժողովուրդ»-ին:
Ժողովո՛ւրդ ջան, կ՛ըսէ ան բազմիցս, դուք էք որոշողը…Դուք էք, որ կ՛որոշէք, եւ վարչապետն է, որ կը գործադրէ: Առաջ ալ դուք էիք որոշողը: Ըսել կ՛ուզեմ` պատերազմէ՛ն առաջ: Եւ քանի որ դուք էիք որոշողը, դուք էք նաեւ պատասխանատուն իշխանութեան կողմէ գործուած ամէն ձախաւերութեան: Ամէն սխալի: Ամէն պարտութեան եւ հայրենիքին սրտէն պոկուած ամէն հողային զիջումի` զոր իշխանութիւնը փաթաթած է ձեր եւ երկրի վզին… Վարչապետական «խոնարհամտութիւն»-ը, որ կ՛արտայայտուի բազում լպրծուն կրկնութիւններով, իր յստակ եւ եղերական ենթատեքստը ունի փաշինեանական փիլիսոփայութեան մէջ: Եւ ամէն երեւութական «առատաձեռնութիւն» իր կողմէ (բնականաբար) ունի իր սուղ գինը, վճարելի` ընտրողներուն կողմէ…Եւ երբեք չկասկածի՛լ, որ ամէն նման ապառիկ խոստում ունի իր կանխիկ փոխարժէքը, որ վարչապետական հռետորաբանութեամբ պարտադրուելու է Հայաստան երկրի անզօր քաղաքացիին…
Եւ ինչպիսի՜ աննման գոհարներ կան փաշինեանական այս փաթեթին մէջ, որոնցմով ան կը փորձէ երկրի քաղաքացին անզգալաբար լծել «իմ քայլական» արկածախնդրութիւններուն: Թշնամի՞: Ի՞նչ թշնամի: Ո՞վ է ստեղծեր այդ սին գաղափարը: Պր. Փաշինեան չի գիտեր, թէ ե՞րբ եւ ինչպէ՞ս ստեղծուած է այս կեղծ դասակարգը: Չի գիտեր, քանի որ յայտնապէս ծանօթ չէ հայոց պատմութեան: Բայց գիտէ միայն մէկ բան, որ պէտք է բացուին «տարածաշրջանի կոմունիկացիաների եւ ճանապարհների» ցանցերը, եւ ինք պատրաստ է նաեւ մեր երկրի անվտանգութեան այդ վերջին դարպասներն ալ յանձնելու թշնամիին «կոմունիկացիա» անուան տակ:
«Մենք պէտք է յուսալի երկաթուղային կոմունիկացիա եւ ցամաքային կապ ունենանք Ռուսական Դաշնութեան եւ Իրանի հետ», կ՛ըսէ ան` բացայայտօրէն անտես առնելով այն փաստը, որ Իրանի հետ մենք արդէն ունինք այդ գործօն կապը եւ մեր վիզը Ազրպէյճանի «հոգատարութեան» յանձնելով չէ, որ ստացուելու է Ռուսաստանի հետ յուսալի մեր ճանապարհը…
Փաստը այն է, որ այս իմաստակութիւններու ետին մեծ տգիտութիւն մը կամ մեծ անպատասխանատուութիւն մըն է, որ կը փորձէ ծածկել վարչապետութեան այս թեկնածուն: Ան գաղափար չունի, թէ ի՛նչ թշնամիի հետ է իր գործը: Ան գաղափար չունի, թէ որո՞ւ դէմ է Հայաստանի գոյութեան կռիւը. որո՞ւ հետ կը բանակցի ինք. որո՞ւ հետ կը դաշնակցի. որո՞ւն հետ վաւերագրեր կը ստորագրէ եւ իսկապէս գաղափար չունի, թէ որո՛ւ կը ծառայէ որպէս պետութեան վերին գործադիր: Ան իր հրահանգը կը ստանայ «ժողովուրդ»-էն, որ փաշինեանական յատուկ խօսոյթի տուեալներով` չունի ինքնութիւն, չունի հասցէ, չունի անուն: Եւ մանաւանդ տեղ չունի բազմակարծութեան: Վերացական եւ միապաղաղ մէկ ենթադրեալ զանգուա՛ծ, որուն կամքը պր. Փաշինեանն է միայն, որ իրաւունք ունի բանաձեւելու, եւ որուն դատաստանը ինքն է միայն, որ գիտէ: Եւ այդ ենթակայական ու շինծու «ժողովուրդ»-ի անունով ինչե՜ր կրնայ խոստանալ ան նոյն այդ «ժողովուրդ»-ին…
Դուք կ՛անդրադառնա՞ք, ժողովո՛ւրդ ջան, կ՛ըսէ ան, որ «ագրեսիվ» ուժեր կան մեր երկրին մէջ, որոնք կրնան շատ վտանգաւոր ըլլալ: Անոնք կրնան արիւն հեղել Արագածոտնի փողոցներուն մէջ: Այլ խօսքով, թշնամիէն պէտք չէ վախնալ, բայց այս «ագրեսիվ» ուժերէն պէտք է անպայման ձերբազատիլ… Ա՛լ համը փախցուցին: Եթէ մենք` իշխանութիւնս չպատժենք զանոնք, «ժողովուրդ»-ն է, որ այդ գործը պիտի կատարէ…Դուք փառք տուէք իշխանութեան, որ մինչեւ հիմա քաղաքացիական բախումներ տեղի չունեցան…(որպէս թէ այդ բանին պատիւը երթար իշխանութեա՜ն եւ ոչ ` ընդդիմութեան): Իսկ ի՞նչ արտառոց երգեր են ասոնք, ժողովո՛ւրդ ջան: Ֆաշիզմի ի՜նչ ուրուականներ կրնայ իր երեւակայութեան մէջ ապրեցնել Հայաստանի գործադիր իշխանութեան դիրքերը զբաղեցնող քաղաքական գործիչը:
Եւ յանկարծ` սպրդասացութի՛ւն մը, որ մեր աչքերուն առջեւ կը գլտորի տողընդմէջ: «Թշնամի»-ի գաղափարը աստիճանաբար ջնջելու ձեւը ո՞րն է…հարց կու տայ ան: Եւ կը պատասխանէ. «Առաջ գնալու ձեւն այն է, ինչ այսօր գտնւում է քննարկումներու փուլում»…Ի՞նչ քննարկումներ են ասոնք, ժողովո՛ւրդ ջան: Դուն տեղեա՞կ ես անոնց բնոյթին եւ ընթացքին: Գիտե՞ս, թէ որո՛ւ հետ է, որ տեղի կ՛ունենան անոնք եւ ի՛նչ օրակարգով: Մենք տեղեակ չենք: Բայց չէ՞ որ դուն ես որոշողը: Դուն ես պատասխանատուն: Դուն ես, որ պիտի վճարես վերջին գինը: Պր. Փաշինեանը միայն քու կամքդ է, որ կը գործադրէ…
Այս աճպարարութիւնը արդիւնք տուաւ 2018-ին, երբ գոյութիւն ունէր ժողովրդային շարժման ստեղծած բարոյական լիազօրութիւնը: Այդ բարոյական դրամագլուխի (կապիտալ) պաշարները լայնօրէն չարաշահելով` այս խմբակը ինքզինք վերածեց խորհրդարանական մեծամասնութեան մը, որ նաեւ դարձաւ մեծ պատուհաս մը երկրի գլխուն: Շատեր համոզուած են, որ այս բոլորին ետին կար քաղաքական մեծ մեքենայութիւն մը: Համաշխարհային ուժերու կողմէ ձեւաւորուած մէկ ծաւալուն դաւադրութի՛ւն: Ես չեմ ուզեր մտնել այդ զազրելի ոլորտներէն ներս: Կ’՛ուզեմ միայն ըսել, որ այսօր կանգնած ենք ճակատագրական դարձակէտի մը վրայ: Մեր անկախ պետականութեան գոյութիւնն է պատմութեան նժարին վրայ, եւ ժամանակը չէ ժամանակավրէպ փորձարկումներու: Մեր երկիրը բարոյական իրաւունքը չունի նոյն մոլորութեան զոհ երթալով` վտանգելու երկրին վերջին գոյախարիսխները:
Իմ թախանձագին մաղթանքն է, որ իմ հայրենակիցները մէկդի շպրտեն քաղաքական բարոյալքումի յետին նշոյլը իրենց կեանքերէն եւ կանգնին ոտքի` որպէս մեր հայրենիքի քաղաքացիական հպարտ ու պահանջատէր հասարակութիւնը եւ բարձրաղաղակ ՈՉ ըսեն այս կոթողական սուտին: Մեզի վայել չէ զոհ երթալ այս պարտուած ուժի քաղաքական սուտին երկրորդ անգամ: Ամօթ մեզի, եթէ մեր երկիրը այս դառն բաժակը ստիպուի անգամ մը եւս կուլ տալ:
Այս ընտրական խառնապուրը պէտք է մերժուի վերջնականապէս: Ո՛չ Արագածոտնը եւ ո՛չ ուրիշ մարզ Հայաստանի մէջ պէտք է թոյլատրեն, որ Փաշինեան զիրենք գործածէ որպէս իր շախմատային խաղատախտակը: Նոր կտակարանի այս նորելուկ մեկնաբանը, որ նաւթի ու պղինձի մասին քառակուսի անմտութիւններ կ՛առաջարկէ Արագածոտնի հանրութեան, տեղ չի կրնար ունենալ Հայաստանի քաղաքական դաշտէն ներս: ԱՆ ՊԷՏՔ Է ՄԵԿՆԻ ՄԻԱՆԳԱՄԸՆԴՄԻՇՏ: Ասիկա կուսակցական խնդիր չէ: Ասիկա ազգային լինելիութեան հրամայական է այս կէտին վրայ: Ան պէտք է դադրի մեր երկրի քաղաքականութեան կենսական դաշտը զբաղեցնելէ: Անոր գոյութիւնը իշխանութեան դիրքերուն վրայ ամէն օր աւելի անհակակշռելի կը դարձնէ հայ անկախ պետականութեան տարերային գահավէժը: Արթննա՛նք:
21 Մարտ 2021