Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

March 8, 2021
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՆՏԻՈՔԻ եւ համայն Արեւելքի յոյն ուղղափառ համայնքի Եուհաննա Ժ. Եազիժի յայտնեց, որ Արեւելքը այլեւս չի կրնար հանդուրժել պատերազմի արհաւիրքները եւ կը ցանկայ վայելել Քրիստոսի խաղաղութիւնը:

ՆԱՍԸՐԱԿԱՆ շարժումի ընդհանուր քարտուղար, երեսփոխան Ուսամա Սաատ իր հօր` Մաարուֆ Սաատի սպանութեան 46-ամեակին առիթով հաստատեց, որ կառչած կը մնայ իր հօր քաղաքական ուղեգիծին եւ անհրաժեշտ կը նկատէ, որ Լիբանանի մէջ կարելի ըլլայ ստեղծել փրկարար փոխանցման շրջան մը:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան ղեկավար Սամի Ժեմայէլ յայտնեց, որ Լիբանանի տագնապին լուծման երկու առանցքներ կան. անոնցմէ առաջինը արաբական-միջազգայինն է, իսկ երկրորդը` ներքին լիբանանեանը: Ան կոչ ուղղեց մնացեալ երեսփոխաններուն` ստանձնելու իրենց պատասխանատուութիւնները եւ  հրաժարելու ամօթի խորհրդարանէն:

ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ հաստատեց, որ սխալ հաշիւներու պատճառով նոր կառավարութեան չգոյութեան պայմաններուն մէջ պէտք է աշխուժացնել գործող կառավարութիւնը` շրջանցելով քաղաքական տարակարծութիւններն ու բանավէճերը:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Եասին Ժապեր յայտնեց, որ հրաժարած վարչապետ Հասսան Տիապը ստանձնած է պատասխանատուութիւն մը, որուն գործադրութեան կարողութիւն չունի:

ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Նիտալ Թոհմէ կոչ ուղղեց խնայելու երկիրը` նոր կառավարութեան կազմութեամբ:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Քասեմ Հաշեմ կոչ ուղղեց մեղմացնելու Լիբանանի մէջ ընթացող լարուածութիւնն ու բանավէճերը:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան պլոքի երեսփոխան Հասան Իզէտտին յայտնեց, որ իրենք Իրանի հետ իրենց յարաբերութիւններով կը հպարտանան, «սակայն երկրին պետականութեան կառուցման առումով մեր ուրոյն կեցուածքն ու որոշումները ունինք»:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Ալի Խրէյս յայտնեց, որ նոր կառավարութեան կազմութիւնը Լիբանանը հզօր կը դարձնէ` բանակցութիւններու թղթածրարները վարելու առումով:

ՀԶՕՐ հանրապետութիւն պլոքի երեսփոխան Փիեռ Պու Ասի հարց տուաւ, թէ մարոնի համայնքի պատրիարքը արդեօք Լիբանանի տագնապին լուծման յատուկ միջազգային խորհրդաժողովի առաջարկ կը ներկայացնէ՞ր, եթէ կարելի ըլլար ներքին լիբանանեան առումով լուծումներ գտնել երկիրը հարուածող տագնապին:

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Ֆուատ Սինիորա յայտնեց, որ Լիբանանի ի խնդիր միջազգային խորհրդաժողով մը կազմակերպելու պահանջը չի նշանակեր լիբանանեան տագնապը միջազգայնացնել:

ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ վերլուծաբան Ժոզեֆ Ապու Ֆատել յայտնեց, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի իշխանութիւնը ձախողած է` աւելցնելով, որ հասած է այնպիսի փուլ մը, որուն ընթացքին եթէ Հըզպալլա ստիպուած ըլլայ ընտրելու Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան կամ նշանակուած վարչապետ Սաատ Հարիրիի միջեւ, ապա ան կը նախընտրէ վերջինը:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակը շաբաթավերջին Պաալպեքի Շարաուինա քաղաքին մէջ կատարեց ներխուժումներ, որոնց ընթացքին գրաւեց զէնք, զինամթերք եւ մեծաքանակ թմրեցուցիչ: Ներխուժումին ընթացքին արձանագրուեցան կրակոցներ, որոնց պատճառով վիրաւորուեցան բանակայիններ:

 

Նախորդը

Շրջանցենք Փորձութիւնը

Յաջորդը

Կանց. «Հըզպալլա Հարիւր Հազարաւոր Հրթիռներ Ունի, Եւ Մենք Պատրաստ Ենք Կռուելու»

RelatedPosts

Վարչապետ Սալամ Նապաթիէ Այցելեց
Գլխաւոր լուրեր

Վարչապետ Սալամ Նապաթիէ Այցելեց

October 3, 2026
Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն` Նախագահներ  Խաչատուրեանի Եւ Աունի Միջեւ
Լիբանանեան

Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն` Նախագահներ Խաչատուրեանի Եւ Աունի Միջեւ

October 3, 2026
«Երկրին Դիմագրաւած Բոլոր Սպառնալիքներուն Դէմ  Անհրաժեշտ Բոլոր Քայլերը Պիտի Որդեգրուին»  Կ՛ըսէ Թուրքիոյ Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը
Լիբանանեան

Թուրքիոյ Հաղորդակցութիւններու Բաժանմունքի Նախագահութիւնը Կը Հերքէ Սուրիա-Հըզպալլա Ժողովի Լուրը

October 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.