ՆԱԽԱՐԱՐԱՑ խորհուրդի նախագահութիւնը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն համաձայն հինգշաբթի, 25 մարտ 2021-ին, Աւետման տօնին առիթով Լիբանանի պետական բոլոր հաստատութիւններն ու քաղաքապետարանները կը մնան փակ:
ՎԱՐՉԱՊԵՏԻ պաշտօնակատար Հասսան Տիապ երէկ Թալլեթ Խայեաթի իր բնակարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տորըթի Շիան, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:
ԱՆՏԻՈՔԻ եւ համայն արեւելքի յոյն ուղղափառ համայնքի Եուհաննա Ժ. Եազիժի պատրիարքը երէկ այցելեց յոյն ուղղափառ համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Էլիաս Աուտէ եպիսկոպոսին, որուն հետ քննարկեց շարք մը եկեղեցական հարցեր, ինչպէս նաեւ Լիբանանի դիմագրաւած տագնապներուն վերաբերող հարցեր:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Ուաժիհ Պաարինի յոյս յայտնեց, որ լիբանանցի ղեկավարներուն խիղճերը արթննան` փրկելու համար հայրենիքն ու ժողովուրդը:
ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում պլոքի երեսփոխան Հատի Ապուլ Հասան կոչ ուղղեց դուրս գալու կառավարութեան կազմութեան արգելակումներէն` աւելցնելով, որ կառավարութեան որոշումները խոչընդոտող մէկ երրորդի բաժինը պահանջելը Հըզպալլային չարիք կը պատճառէ:
ԱԶԳԱՅԻՆ երկխօսութիւն կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ֆուատ Մախզումի յայտնեց, որ իրենք կը գործակցին առողջապահութեան նախարարութեան հետ` ներածելու համար «Քորոնա» ժահրին դէմ պատուաստները, սակայն իրենց համար յստակ չէ, թէ նախարարութիւնը ինչո՞ւ այս իմաստով յապաղում կ՛արձանագրէ:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ալի Տարուիշ կոչ ուղղեց արաբական միասնականութիւնը ամրապնդելու եւ քաղաքական երկփեղկումին վերջ տալու:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ժիհատ Սամատ յայտնեց, որ վարչապետի պաշտօնակատար Հասսան Տիապ պատասխանատուութեամբ չի վարուիր` աւելցնելով, որ անոր առնելիք իւրաքանչիւր քայլը կը կրէ նշանակուած վարչապետ Սաատ Հարիրիի օրհնութիւնը:
ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Էտի Մաալուֆ յայտնեց, որ նշանակուած վարչապետ Սաատ Հարիրի մեղադրեց Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթը, յարձակում գործեց Հըզպալլայի եւ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի վրայ, որովհետեւ ան նեղացաւ` անկիւնը մնացած ըլլալու զգացումէն:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Քասեմ Հաշեմ յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ քաղաքական բարձր առաստաղի վերադարձը կը նպաստէ երկրին մէջ լարուածութեան յաւելումին:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Հասան Մըրատ կոչ ուղղեց ամէնէն արագ ժամանակամիջոցին կազմելու մասնագէտներու կառավարութիւն մը, որ մշակէ տարբեր ծրագիր մը, որուն հիման վրայ վերջ կը դրուի Լիբանանի կործանումին եւ կը վերականգնուի լիբանանցիին արժանապատուութիւնը:
ՄԱՐԱՏԱ հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէ երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ճափոնի դեսպան Թաքիշի Օքոպուն, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին արձանագրած ուշացումն ու երկրին դիմագրաւած տնտեսական եւ ելեւմտական տագնապները:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ յայտնեց, որ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը ամբողջ Լիբանանի պատրիարքն է: Ան խստիւ դատապարտեց իրանեան «Ալամ» պատկերասփիւռի կայանին կողմէ Ռայի պատրիարքը գործակալ նկատելը: Ան հաստատեց, որ իրանեան լսատեսողական այդ լրատուամիջոցին կողմէ Ռայի պատրիարքին հասցէին այդ յորջորջումը կատարուած է, որովհետեւ անոր կեցուածքներն ու մօտեցումները իրենց տեսակէտներուն չի համապատասխաներ:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն ընդունեց Լիբանանի մէջ Փարակուէյի դեսպան Օզվալտօ Պիթարը, որուն հետ քննարկեց երկու երկիրներու բանակներուն միջեւ գործակցութիւնը ամրապնդելու հեռանկարները: Զօր. Աունի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան դեսպան Ռալֆ Թրաֆ:
ԱՇԽԱՏԱՒՈՐԱԿԱՆ ընդհանուր համադաշնակցութեան նախագահ Պշարա Ասմար յայտնեց, որ համադաշնակցութիւնը երեքշաբթի, 9 մարտ 2021-ին պիտի գումարէ իր նիստը, որուն աւարտին պիտի ներկայացնէ իր պահանջները: Այդ պահանջներու չկատարուելուն պարագային իրենք պիտի ուղղուին փողոց, ուր ճնշում պիտի բանեցնեն` այդ պահանջներուն գործադրութեան ի խնդիր:
«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն մնայուն կերպով առաջարկներ կը ներկայացնէ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը արագացնելու իմաստով:


