Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ «Էլ.Պի.Սի.» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին նշեց. «Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի դիրքորոշումը ընտրութիւններէն ետք աւելի կարծր պիտի ըլլայ, եւ անոր յարձակողական մօտեցումը այդ մասին կը վկայէ: Յոյսով եմ, որ Հըզպալլան երրորդ անգամ ըլլալով պատերազմի չի մասնակցիր, եւ անոր դարձեալ կոչ կ՛ուղղենք, ինչպէս սէյիտ Հասան Նասրալլային կոչ ուղղեցինք, պատերազմին չմասնակցելու»:
«Հարաւային Լիբանանի ճակատը ներքին շրջաննե՞ր կ՛ուզենք տեղափոխել, թէ՞ բոլոր ճակատները փակել: Ես ամբոխավարութիւնը չեմ սիրեր, եւ չեմ ուզեր հակամարտութիւնը ներքին հակամարտութեան վերածել», ըսաւ ան:
Պասիլ շեշտեց, որ բանակի հրամանատար զօր. Ռուտոլֆ Հայքալ շատ իմաստութիւն եւ հայրենասիրութիւն կը ցուցաբերէ: «Թող անոր յստակ որոշում մը տան, եւ թող ան ըսէ, թէ զայն կրնա՞յ գործադրել, թէ՞ ոչ, եւ կրնան նաեւ զինք պաշտօնազրկել, սակայն առանց ամբոխավարութեան», յայտնեց ան:
Պասիլ յայտնեց, որ պէտք է երկխօսութիւն տեղի ունենայ ոչ միայն երկխօսութեան սիրոյն, այլեւ տարբեր ձեւով, որովհետեւ պայմանները ի նպաստ լիբանանեան իշխանութեան են, որպէսզի զէնքի հարցին մէջ աւելի օգտակար ըլլայ:
«Բարձր կը գնահատեմ ներկայ փուլին Ուալիտ Ժոմպլաթի իմաստուն դիրքորոշումը, եւ ան ունի զգօն մօտեցում, որ իր հասարակութիւնն ու երկիրը կը պաշտպանէ, եւ անհրաժեշտ է, որ բոլորս քով-քովի գանք», ըսաւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավարը:
Պասիլ շեշտեց, թէ ան, որ Լիբանանի շահը կ՛ուզէ, պէտք է ամերիկեան-իրանեան համաձայնութեան յաջողութեան յուսայ` աւելցնելով, որ շրջանին մէջ կան երկու ծրագիրներ, երկիրները միաւորող ծրագիր մը, որ կը ներառէ Սէուտական Արաբիան, Թուրքիան, Փաքիստանը, Քաթարն ու Եգիպտոսը, եւ քայքայումի ծրագիր մը, որ Իսրայէլի գլխաւորութեամբ է:
Պասիլ յայտնեց, որ երկրին մէջ անվտանգութեան վատ մթնոլորտ կայ, որ ահաբեկումներ կ՛արտօնէ, իսկ յանցագործը անյայտ է:


