Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ
«Փըրսըվիրընս» անջրպետանաւը դէպի Հրատ ուղղուեցաւ 30 յուլիս 2020-ին: Աւելի քան վեց ամսուան ճամբորդութենէ ետք, ան կարմիր մոլորակին հասաւ 18 փետրուար 2021-ին: Սակայն այս արշաւին ամէնէն վտանգաւոր բաժինը այն է, երբ մեքենան պիտի մտնէ Հրատի մթնոլորտը: Ան կը կոչուի «7 վայրկեան սարսափ»:
Հրատի պարագային գլխաւոր դժուարութիւնը այն է, թէ մոլորակը բաւարարաչափ մթնոլորտ չունի դանդաղեցնելու անջրպետանաւուն յառաջացումը, ինչպէս է պարագան երկրագունդին: Երբ «Փըրսըվիրընս» պիտի իջնէ Հրատի վրայ, մարդիկ պիտի չկարենան զայն ուղղել: Համակարգիչի յատուկ ծրագիր մը արձանագրուած է անջրպետանաւուն համակարգիչներուն վրայ: Այդ ծրագիրն է, որ մինակը պիտի ղեկավարէ անջրպետանաւը: Այս ամբողջ գործողութիւնը կը տեւէ 7 վայրկեան, կը սկսի, երբ անջրպետանաւը կը մտնէ Հրատին մթնոլորտին մէջ, եւ վերջ կը գտնէ, երբ ան կ՛իջնէ Հրատի գետնին վրայ:
***
Գետնին վրայ իջնելու համար «Փըրսըվիրընս» շատ կարճ ժամանակի մէջ 0 արագութեան պէտք է հասնի: Սակայն հետաքրքրականը այն է, թէ երբ մենք երկրագունդին վրայ ստանանք առաջին նշանը, որ մեզի պիտի յայտնէ, թէ մեքենան մտած է Հրատի մթնոլորտին մէջ, մեքենան արդէն 4 վայրկեան առաջ կ՛ըլլայ Հրատի վրայ:
Բարեբախտաբար գործողութիւնը մեծ յաջողութեամբ տեղի կ՛ունենայ. անջրպետանաւուն վրայ գտնուող բազմաթիւ քամերաները կը նկարեն դէպքը: «Փըրսըվիրընս» դիրք առած է Ժեզէրօ հրաբերանին վրայ, ուր կ՛ենթադրուի, թէ 3,5 միլիառ տարիներ առաջ գոյութիւն ունէր լիճ մը, եւ կրնայ պարունակել Հրատի վրայ կեանքի գոյութեան հետքեր…
***
Պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով ՆԱՍԱ ամերիկեան անջրպետային կեդրոնը արշաւ մը կը կազմակերպէ դէպի Հրատ` յայտարարելով, թէ անոր նպատակն է Հրատի վրայ կեանքի փաստեր գտնել:
«Փըրսըվիրընս» բազմաթիւ տարիներ պիտի մնայ Հրատի վրայ, հաւաքելու համար տեղեկութիւններ, բազմաթիւ ժայռի կտորներ, որոնք երկրագունդ պիտի ղրկուին 2030 թուականներու շուրջ, որպէսզի գիտնականները զանոնք ուսումնասիրեն: ՆԱՍԱ-ն կ՛ուզէ նաեւ փորձելով փաստել, որ կարելի է թռչող մեքենայ մը ղրկել Հրատէն դէպի ուրիշ մոլորակ մը, անջրպետանաւուն վրայ գտնուող փոքրիկ ուղղաթիռ մը թռցնելով: Ան պիտի փորձէ նաեւ արտադրել թթուածին…
Գիտէի՞ր, Թէ
– Մենք գիտենք, թէ 3,5 միլիառ տարիներ առաջ Հրատն ու երկրագունդը զոյգեր էին: Երկու մոլորակներն ալ ունէին մթնոլորտ մը եւ հեղուկ ջուր, լիճեր, գետեր եւ ծովեր:
– Սակայն Հրատին վրայ ջուրը անհետացած է, եւ մթնոլորտը կամաց-կամաց կը կորսուի:
– 1960-ական թուականներէն ի վեր Հրատ մոլորակը ընդունած է տասնեակ անջրպետանաւեր, որոնք անոր շուրջ դարձած են կամ նոյնիսկ անոր վրայ իջած: Սակայն բազմաթիւ անջրպետանաւեր չեն յաջողած իրենց պաշտօնը կատարել:
– 2000 թուականներէն ի վեր, եւ յատկապէս երբ փաստուած է, որ Հրատի վրայ ջուր գոյութիւն ունեցած է, կարմիր մոլորակը առաջնահերթութիւն ստացած է աստղագէտներուն համար:
– Արաբական աշխարհն ալ իր առաջին անջրպետանաւը դէպի Հրատ ղրկած էր 2020-ին: Վերջապէս, «Ամալ» (արաբերէնով «յոյս») անջրպետանաւը Հրատի մթնոլորտին հասաւ եւ մտաւ անոր ծիրին մէջ այս տարուան փետրուար 9-ին, 7 ամսուան ճամբորդութենէ ետք:
– Յաջորդ օրը, փետրուար 10-ին Հրատի ծիրին մէջ կը մտնէր «Թիանուէն-1» չինական անջրպետանաւը:
– Հրատի վրայ տակաւին կը գտնուի եւ կը բանի «Քրիօզիթի» անջրպետանաւը` 2012 թուականէն ի վեր:
Հետաքրքրական
Յունուար 30-ին Փոլ Գրիշըմ ստացած է մեծ անակնկալ մը. անոր վերջապէս վերադարձուած է այն դրամապանակը, զոր ինք կորսնցուցած էր… 53 տարիներ առաջ, հարաւային բեւեռի, Անթարքթիքի գիտական կեդրոնի մը մէջ:
Ամերիկեան բանակի նախկին օդերեւութագէտ Փոլ, որ այժմ 91 տարեկան է, չի յիշեր իսկ, թէ կորսնցուցած էր իր դրամապանակը: 1966-1967 թուականներուն ան 13 ամիս անցուցած էր Անթարքթիքի մէջ:
Դրամապանակը գտնուած է 2014 թուականին, պահարանի մը ետեւը, երբ կեդրոնը կը քանդուէր: Դրամապանակին մէջ կը գտնուէին փաստաթուղթեր, ինչպէս` անձնաթուղթ եւ տոմսակ մը` գարեջուրի համար, սակայն դրամ չկար: Պարզապէս որովհետեւ կեդրոնին մէջ գնելիք բան մը չկար:
Ժամանց



