Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
Ինչպէս որ նոր արտադրուած ժապաւէն մը գովազդելու համար հսկայական գումարներ կը ծախսուին, նոյնպէս ալ քաղաքական դաշտի ամերիկեան նորագոյն բեմադրութիւնը ամէն օր կը գովաբանուի զանգուածային լրատուամիջոցներուն կողմէ:
Թատրոնին խորագիրն է պաշտօնաւարտ նախագահ Տոնըլտ Թրամփի դատավարութիւնը (Բ. արար), իսկ թատերասրահն է ծերակոյտը: Բացում` 8 փետրուարին: Դեմոկրատները առաջին արարը աւարտեցին Թրամփի պաշտօնավարութեան վերջին օրերուն, իսկ Պայտընի պաշտօնավարութեան մեկնարկէն ետք սկսան Բ. արարի նախապատրաստութիւնները: Ծանօթ է, որ նարնջագոյն դէմքով շիկահեր մարդը ամբաստանեալի աթոռին նստեցուցած են, որովհետեւ օր ցերեկով եւ հրապարակային կոչով իր հազարաւոր համակիրները մղեց յարձակում գործելու ժողովուրդին կողմէ ընտրեալներու տան` խորհրդարանի շէնքին վրայ: Հետեւանքը եղաւ հինգ զոհ (առաւել` երկու անձնասպան), նիւթական վնասներ, խորհրդարանականներու ահաբեկում: Մանրամասնութիւնները մինչեւ այսօր ալ «կը գովազդուին» պատկերասփիւռի կայաններէ: Գործակից-մեղսակիցները կարծէք թէ մոռցուած են:
Ծերակուտական բեմադրութիւնը պիտի կատարուի երկու խրամատէ. Թրամփի պաշտպանները կ՛ըսեն, որ ան պէտք չէ հետապնդումի ենթարկուի, որովհետեւ (ի շարս այլ պատճառներու) արդէն դադրած է նախագահ ըլլալէ: Մեղադրողները կ՛ըսեն, որ կարելի չէ ոճրային եւ խափանարարական արարքներու մղողին օձիքը բաց ձգել, որպէսզի նախընթաց չստեղծուի, եւ բազում յանցանքներու վրայ նոր գագաթնակէտ մը աւելցնող ապիկարը արդար պատիժի արժանանայ: Բացայայտ է սակայն, որ հանրապետականները կը նախընտրեն անգամ մը եւս բաց թողուլ յանցապարտը, ինչպէս ըրին աւելի քան տարի մը առաջ, երբ դեմոկրատները այլ պատճառներով ամբաստանեցին զայն եւ փորձեցին հեռացնել Սպիտակ տունէն:
… Իսկ թէ բեմադրիչները որքա՞ն հետաքրքրուած են բոլոր այն յանցապարտներով, որոնք մինչեւ այսօր ալ ստապատիր քարոզչութեամբ կը մոլորեցնեն հանրութիւնը, յստակ չէ: Ինչ որ կարեւոր կը նկատուի այս փուլին, այն է, որ բացայայտ յանցաւորը պէտք է դատուի եւ դատապարտուի: Սա կրնայ ըլլալ նաեւ բացումը այլ հետապնդումներու շարքի մը (պատկերասփիւռային շարքերու` «սերիալ»-ներու հետեւողութեամբ), ուր քննարկուին նարնջագոյն մարդուն բոլոր խաղքութիւնները` սկսելով նիւթական զեղծումներէն, հասնելով մինչեւ իր բոլոր պառակտիչ ու սուտ «գեղգեղումներուն», որոնք լռութեան դատապարտուեցան նախագահութեան վերջին օրերուն: Մինչ այդ նոր նախագահը սկսած է իր «սերիալ»-ները` յայտարարելով, որ կ՛աշխատի չեղարկել նախորդին խեղումներն ու քանդումները: Նախանշանները յոյս կը ներշնչեն: Տեսնենք, թէ այս լողորդին շունչը որքա՞ն երկար պիտի ըլլայ:
3 փետրուար 2021



