Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արա Այվազեան 19 փետրուարին հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցած է Ամերիկեան պետութիւններու կազմակերպութեան (ԱՊԿ) ընդհանուր քարտուղար Լուիս Ալմակրոյի հետ:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան լրատուութեան եւ հանրային դիւանագիտութեան վարչութենէն կը տեղեկացնէն, որ նախարար Այվազեան եւ ընդհանուր քարտուղար Ալմակրօ գոհունակութիւն յայտնած են Հայաստանի եւ Ամերիկեան պետութիւններու կազմակերպութեան միջեւ ձեւաւորուած հեռանկարային համագործակցութեան առնչութեամբ: Ընդգծուած է երկկողմանի պատրաստակամութիւնը շարունակելու ջանքերը փոխադարձ գործակցութեան առկայ աշխուժութեան պահպանման եւ երկխօսութեան աւելի ամրապնդման ուղղութեամբ, յատկապէս` մարդու իրաւունքների պաշտպանութեան ծիրին մէջ:
«Հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ շրջանային կայունութեան եւ խաղաղութեան հարցերուն: Նախարար Այվազեան ընդհանուր քարտուղար Ալմակրոյին ներկայացուց Արցախի մէջ Ազրպէյճանի սանձազերծած յանձակումին պատճառով յառաջացած մարդասիրական իրավիճակը: Իբրեւ առաջնահերթութիւն` Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը եւ ԱՊԿ-ի ընդհանուր քարտուղարը շեշտեցին ռազմագերիների եւ պատանդի կարգավիճակի մէջ գտնուող քաղաքացիական անձերու հայրենադարձման հրատապութիւնը», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը նշած է, որ Հայաստանը իրապէս կ՛արժեւորէ Արցախի դէմ Ազրպէյճանի կողմէ սանձազերծուած պատերազմի ամբողջ ընթացքին կազմակերպութեան հետեւողական եւ հաւասարակշռուած դիրքորոշումը: