Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պսակաձեւ Ժահրախտի Համաճարկը Մէկ Տարեկան

Փետրուար 9, 2021
| Առողջապահական - Բժշկագիտական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ

Կարելի է ըսել, որ անցնող ամիսներուն, յոռետեսութեան կողքին լաւատեսութեան նշոյլ մը երեւան եկաւ մեր երկնակամարին վրայ: Տարի մը առաջ  թագաժահրի հիւանդութեան դէն պատուաստ գոյութիւն չունէր: Սակայն այսօր,  ինչպէս ծանօթ է բոլորին, շատ մը երկիրներու մէջ դեղաշինութեան զանազան ընկերութիւններու գիտնականներ տքնաջան աշխատանքի լծուեցան, պետութիւններ հսկայական նիւթական ներդրումներ կատարեցին, եւ մեծ թիւով փորձարկութիւններ կատարուեցան կամաւոր անհատներու վրայ, եւ, ի վերջոյ, գտնուեցաւ «հրաշք» պատուաստը: Ներկայիս հարիւրէ աւելի պատուաստի տեսակներ պատրաստութեան մէջ են տարբեր երկիրներու մէջ:

Պատուաստին որոշ տարբերակներ արդէն որդեգրուած են շատ մը երկիրներու պետական առողջապահական մարմիններու կողմէ, եւ պատուաստումը սկսած է մէկ ամիսէ ի վեր: Միացեալ Նահանգներու մէջ կը գործածուի Ամերիկեան Moderna-ի Covid-19 պատուաստը: Քանատայի պարագային, պետութիւնը ներկայիս որդեգրած է պատուաստին երկու տարբերակները` Moderna Covid 19 պատուաստը եւ Pfizer-BionTech Covid 19 պատուաստը:

Moderna   պատուաստը կը տրուի 18 տարեկանէն վեր անձերու: Այս պատուաստը կը սորվեցնէ մեր բջիջներուն ինչպէս արտադրել բնասպիտ մը (protein), որ ախտամերժութիւն կը յառաջացնէ առանց կենդանի ժահրը ստանալու: Պատուաստումէ ետք մարմնին մէջ կը պատրաստուին  հակամարմիններ (antibodies), որոնք կը պայքարին ապագայ վարակումի  դէմ, այսինքն` մարմնէն ներս մուտք գործող ժահրին դէմ: Պատուաստումը կ՛ըլլայ երկու փուլով: Ամէն փուլի պզտիկ ասեղով մը  բազուկի մկանէն կը սրսկուի 0,5 մլ հեղուկ պատուաստը: Երկու փուլերը  կը կատարուին մէկ ամսուան ընթացքին: Երկրորդ փուլի պատուաստէն 14 օր ետք Moderna  Covid-19   պատուաստը 94,1 տոկոսով ազդու է արգիլելու համար թագաժահրախտը, այսինքն առաւելագոյն պաշտպանութիւնը կ՛ըլլայ երկրորդ պատուաստէն 14 օր ետք: Այս պատուաստը կողմնակի մասնաւոր բարդութիւններ չի ստեղծեր, սակայն որեւէ մէկ պատուաստի նման` ան կրնայ յառաջացնել մեղմ ջերմ, ցաւ, դող, յոգնածութիւն: Հազուադէպօրէն կը պատահի մարմնական ընդհանուր գերզգայնութիւն: Անոնք, որոնք բացայայտ մարմնական ընդհանուր  գերզգայնութիւն ունին, շատ զգուշ ըլլալու են եւ կամ պէտք չէ ստանան այս պատուաստը:

Pfizer-BioNTech Covid 19 պատուաստը կը գործածուի 16 տարեկանէն վեր անձերու: Ան հիմնականօրէն կը պարունակէ mRNA-ը, որ  Ribonucleic acid-ն է: Պատուաստումը այս պարագային դարձեալ կ՛ըլլայ երկու փուլով: Ամէն փուլի կը սրսկուի 0,3 մլ հեղուկ պատուաստը` պզտիկ ասեղով մը, բազուկի մկանէն: Երկու փուլերը կը կատարուին 21 օրերու ընթացքին: Երկրորդ փուլերը շաբաթ մը ետք այս պատուաստը 95 տոկոսով ազդու է արգիլելու համար թագաժահրախտը, այսինքն առաւելագոյն պաշտպանութիւնը կ՛ըլլայ երկրորդ պատուաստէն շաբաթ մը  ետք: Այս պատուաստը կը գործէ նախորդին նման:

Երկու պատուաստներն ալ ապահով են եւ վաւերացուած են Առողջապահական միջազգային կազմակերպութեան կողմէ եւ Քանատայի ու Միացեալ Նահանգներու առողջապահական մարմիններուն կողմէ: Մանուկներ եւ ընդհանրապէս յղի կիներ պէտք չէ ստանան թագաժահրախտի դէմ որեւէ տեսակի պատուաստ:

Անոնք, որոնք անցեալին վարակուած են այս հիւանդութեամբ, կրնան ստանալ պատուաստը: Իսկ անոնք, որոնք Tylenol, Motrin եւ Advil կը գործածեն, պատուաստը ստանալէ երկու օր առաջ պէտք է դադրին այս դեղերը գործածելէ, որովհետեւ անոնք արգելք կը հանդիսանան մարմնին հակամարմիններու կազմութեան մարմնին մէջ:

Վերոյիշեալ երկու պատուաստներէն անկախ, արդէն երեւան եկած են այլ պատուաստներ, որոնցմէ կարեւորագոյններն են` Novavax եւ Johnson  and Johnson adeno-26 պատուաստները: Հոս տեղին է յիշել նաեւ, որ Չինաստան եւ Ռուսիա ունին իրենց առանձնայատուկ պատուաստները, որոնք կը կիրարկուին իրենց ժողովուրդին:

Հարկ կը զգամ  անդրադառնալ թագաժահրախտի առնչութեամբ  կանխազգուշական կարգ մը կարեւոր ուղեցոյցներու եւ ցուցմունքներու, որոնք կը միտին բոլորին առողջութեան եւ ապահովութեան: Այսպէս, ուրեմն`

– Հետեւիլ պետական-առողջապահական կեդրոններու ամէնօրեայ յայտարարութիւններուն, ցուցմունքներուն եւ թելադրութիւններուն:

– Զանգահարել առողջապահական յատուկ գրասենեակ, երբ ճամբորդութենէ նոր վերադարձած ենք եւ ջերմ ունինք:

– Կատարել թագաժահրախտի քննութիւնը` վարակուած անձի մը հանդիպելէ ետք: Դրական պատասխանի պարագային պէտք է մեկուսանանք 14 օր:

– Դիմակ գործածել հանրութեան մէջ,վարակուած ըլլանք կամ ոչ  եւ  երկու մեթր հեռաւորութիւն պահել ուրիշներէ:

– Հաւանական ախտահարուածները, որոնք ախտանշաններ չունին, հարկ է որ ինքնամեկուսանան:

– Ձեռնոցի գործածութիւնը պարտաւորիչ չէ:Նոյն ձեռնոցը մէկ անգամ գործածել:

– Ձեռնոցի գործածութիւնը օգտակար է պաշտպանուելու համար ժահրով ծածկուած կամ կասկածելի իրերէ, առարկաներէ եւ մակերեսներէ: Անոր գործածութիւնը ըլլալու է շատ ուշադրութեամբ: Ձեռնոցը գործածելէ ետք չշփել երեսը, քիթը, բերանը եւ աչքերը: Ինքնապաշտպանութեան ձեռնոցը զգուշութեամբ հանել ձեռքէն, որպէսզի թագաժահրերը չփոխադրուին մեր ձեռքին վրայ:

– Վաճառատուն մտնելու եւ ելլելու պահուն հականեխել ձեռքերը:

– Վաճառատան մէջ  շատ ապրանքներու չդպչիլ:

– Վաճառատունէն տուն վերադառնալէ ետք ձեռքերը շատ լաւ լուալ:

– Հետեւիլ առողջութեան` ֆիզիքական եւ մտային մարզանք ընել, սննդարար կերակուր ուտել եւ առատ ջուր խմել:

– Կատարել սովորական եւ ընթացիկ առողջապահական միջոցառումներ`

– Կատարել ինքնամեկուսացում,

– Ձեռք չսեղմել, չհամբուրուիլ, երես-երեսի հպում չունենալ.

– Բարեւել ձեռքի եւ գլխու շարժումով կամ արմուկները իրարու դպցնելով,

– Ձեռքերը յաճախ լուալ ջուրով եւ օճառով եւ կամ շփել նուազագոյնը 60 տոկոս ալքոլ պարունակող հեղուկներով,

– Ձեռքերը աչքերուն, քիթին եւ բերանին չտանիլ,

– Հազալ եւ փռնգտալ արմուկին մէջ եւ կամ թուղթէ թաշկինակի մէջ ու թափել թաշկինակը անմիջապէս աղբամանին մէջ,

– Չմօտենալ հազացող եւ փռնգտացող անձերու,

– Օրական քնանալ 6-8 ժամ եւ ամէն օր լոգնալ տաք ջուր-օճառով,

– Հում միս չուտել,

– Ուտել բնասպիտով հարուստ եւ քիչ շաքար պարունակող կերակուր, ինչպէս նաեւ` գունաւոր պտուղներ եւ բանջարեղէններ,

– Բանջարեղէնները եւ պտուղները լաւ լուալ, ապա ձեռքերը օճառով լուալ,

– Բաւարար Տի. կենսանիւթ (vitamin D) խմել, արեւու ճառագայթէն օգտուիլ օրական 30 վայրկեան,

– Աւելորդ կենսանիւթեր չգործածել, որովհետեւ անոնք յատուկ դերակատարութիւն չունին թագաժահրէ պաշտպանուելու համար,

– Լողաւազաներու մէջ յարգել  երկու մեթր հեռաւորութեան պայմանը,

– Հաւաքական լողաւազաններու  մէջ առանձին բաղնիք եւ լուացարան գործածել,

– Ինքնամեկուսացումի ընթացքին ընկճուածութենէ եւ ճնշուածութենէ հեռու մնալու համար կատարել ֆիզիքական եւ մտային զանազան մարզանքներ` կարդալ, գրել, գծել, երաժշտութիւն ունկնդրել, հեռատեսիլի հետեւիլ, հարազատներու հետ հեռաձայնով խօսիլ եւ մարմնամազանքի հետեւիլ,

– Լաւատես, համբերատար, հանդարտ եւ խոհեմ ըլլալ,

– Խուճապի չմատնուիլ, դրական կեցուածք ունենալ կեանքի հանդէպ,

– Անհատապէս եւ հաւաքաբար, այս ծանրակշիռ օրերուն, ըլլալ շրջահայեաց, կատարել անհատական ինքնապաշտպանութիւն եւ հաւաքական պաշտպանութիւն` ի շահ մեր անձին եւ մեր շուրջիններուն:

***

Ըստ Միջազգային առողջապահական կազմակերպութեան 2 փետրուար 2021-ի տուեալներուն, ամբողջ աշխարհի մէջ մինչեւ օրս վարակուած են 103 միլիոն անձեր, եւ մահացած են 2.232.000 ուրիշներ:

Միացեալ Նահանգներու մէջ վարակուած են 26 միլիոն եւ մահացած են 437.964 անձեր.

Քանատայի մէջ վարակուած են 778.972 եւ մահացած են 20.032 անձեր.

Ֆրանսայի մէջ վարակուած են 3 միլիոն եւ մահացած են 76.114 անձեր:

Սպանիոյ մէջ վարակուած են 2,7 միլիոն եւ մահացած են 57.806 անձեր:.

Իտալիոյ մէջ վարակուած են 2,5 միլիոն եւ մահացած են 88.845 անձեր:

Հայաստանի մէջ վարակուած են 167.231 եւ մահացած են 3089 անձեր:

Լիբանանի մէջ վարակուած են 303.072 եւ մահացած են 3142-5 անձեր:

Կը մաղթեմ լաւագոյնը ամբողջ մարդկութեան:

Մոնրէալ, 2 փետրուար 2021
(Շար. 2 եւ վերջ)

Նախորդը

Հայրենի Յուշեր (5). (Աբովեանի Հետքերով)

Յաջորդը

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը Կը Մասնակցի Եկեղեցական Ընտանիքներու Քարտուղարներու Համագումարի Գործադիր Մարմինի Ժողովին

RelatedPosts

Արցունքաբեր Գեղձերու Կազմուածք Եւ Արցունքոտութիւն
Առողջապահական - Բժշկագիտական

Արցունքաբեր Գեղձերու Կազմուածք Եւ Արցունքոտութիւն

Մարտ 14, 2025
Նախագահ Քուլիճին Նուիրուած Ղազիրի Գորգին   Նմանօրինակը Քալիֆորնիոյ  Մէջ
Առողջապահական - Բժշկագիտական

Կապիկի Ծաղկախտ-Monkeypox

Օգոստոս 19, 2024
Գետ-Գիտութեան
Առողջապահական - Բժշկագիտական

Գետ-Գիտութեան

Յուլիս 11, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?