Եկեղեցական ընտանիքներու քարտուղարներու համագումարին գործադիր մարմինը (Conference of Secretaries օf Christian World Communions) առցանց ժողով մը գումարեց 29 յունուար 2021-ին: Յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան` ժողովին մասնակցեցաւ համագումարին անդամ եւ միջեկեղեցական յարաբերութեանց բաժանմունքի վարիչ Հրանդ վրդ. Թահանեանը:
Ժողովին օրակարգը կ՛ընդգրկէր «Բնութիւն եւ ինքնութիւն» աշխատութեան զարգացումն ու ընդլայնումը, ինչպէս նաեւ ծրագրումը` հոկտեմբեր 2021-ին տեղի ունենալիք համագումարի տարեկան հաւաքին, որ շատ հաւանաբար առցանց տեղի ունենայ: