Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պատուաստումի Մասին Տեղեկութիւններ

Փետրուար 5, 2021
| Առողջապահական - Բժշկագիտական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ

«Ինսթակրամ»-ի, «Ֆէյսպուք»-ի եւ «Թուիթըր»-ի վրայ գտնուող «Armenian Public Health» էջին նպատակն է իրազեկել Հայաստանի ժողովուրդը եւ սփիւռքի հայկական համայնքները` հանրային առողջապահութեան մասին: Էջին հեղինակներն են` Ամերիկայէն, Հայաստանէն եւ Լիբանանէն հանրային առողջապահութեան մասնագէտներ:

Վերջերս այս խումբը կ՛աշխատի ընկերային ցանցերու միջոցով սրբագրել «Քորոնա» ժահրին եւ պատուաստներուն մասին տարածուող սխալ տեղեկութիւնները:

«Թուիթըր»` @armpublichealth – «Ֆէյսպուք»` Armenian Public Health – «Ինսթակրամ»` @Armenianpublichealth

@Armenianpublichealth «Ինսթակրամ»-ի էջէն «Քորոնա» ժահրին դէմ պատուաստներու մասին սխալ տեղեկութիւններու ճշդումը

1.- Պատուաստի մշակման գործընթացը արագացուցած են

Մարդիկ մտավախութիւն կը յայտնեն պատուաստի մշակման գործընթացի արագութեան վերաբերեալ` 8 ամիս ընդդէմ 10 տարի:

Մշակման ընթացքին այս պատուաստները չեն հանդիպած ժամանակ վատնող այն արգելքներուն, որոնք ունեցած են այլ պատուաստներ եւ դեղահատեր:

Հետազօտութեան համար յատկացուած ֆինանսաւորման մեծ գումարին շնորհիւ` մասնակցած են մեծ թիւով գիտնականներ, մասնագէտներ եւ շատ մեծ հնարաւորութիւններ տրամադրուած են այս գիտական աշխատանքներուն, որոնք շատ աւելի արագացուցած են գործընթացը:

2.- Բաւարար փորձարկումներ չեն կատարուած

Պատուաստի փորձարկումներու երրորդ փուլը կը համարուի վերջինը` նախքան դեղահատին կամ պատուաստին շուկայ մուտք գործելը: Այս փորձարկումները պարտադիր կը կատարուին 300-3000 մարդու վրայ:

«Մոտերնա», «Փֆայզըր/Պիոնթեք» եւ «Ասթրազէնէքա» ընկերութիւններուն կողմէ մշակուած պատուաստի փորձարկումները ընդգրկած են աւելի քան 30.000, 44.000 եւ 11.000 մասնակից:

Սովորաբար փորձարկումները կ՛ընդգրկեն կամաւորներու քիչ թիւեր եւ կը կատարուին հիւանդութեան ցած տարածում ունեցող միջավայրի մէջ, բայց նոյնը չէր «Քորոնա» ժահրի պարագային` տրուած ըլլալով համավարակի ստեղծած առիթը:

3.- Պատուաստը կրնայ զիս «Քորոնա» ժահրով վարակել

Այս հիւանդութեան դէմ պայքարելու համար մշակուած ոչ մէկ պատուաստ կը ներառէ «Քորոնա»-ն յառաջացնող կենդանի ժահրը:

«Փֆայզըր/Պիոնթեք» եւ «Մոտերնա» ընկերութիւններուն կողմէ նոր մշակուած պատուաստը կը գործածէ ժահրի «սուրհանդակ» «Էր.Էն.Էյ.»-ը եւ չի կրնար ձեզ վարակել «Քորոնա» ժահրով:

4.- Պատուաստը պիտի փոխէ իմ «Տի.Էն.Էյ.»-ս

«Սուրհանդակ» «Էր.Էն.Էյ.»-ը երբեք չի մտներ բջիջին կորիզը, ուր մեր «Տի.Էն.Էյ.»-ը կը պահուի:

«Սուրհանդակ» «Էր.Էն.Էյ.»-ը մեր մարմնին հրահանգներ կու տայ` արտադրելու բնասպիտ (protein), որ կը գտնուի «Քորոնա» ժահրի մակերեսին վրայ:

Բջիջը կը ձերբազատի «սուրհանդակ» «Էր.Էն.Էյ.»-էն, երբ աւարտի հրահանգներ ստանալէ:

5.- Պատուաստի 2 չափաբաժին առնելէս ետք պէտք չունիմ այլեւս դիմակ կրելու կամ հասարակական հեռաւորութիւն պահելու

Մինչեւ որ գիտնականները յաւելեալ տեղեկութիւններ ունենան պատուաստի պաշտպանութեան մասին, պէտք է ամէն մարդ շարունակէ հետեւիլ կանխարգիլման ցուցմունքներուն` դադրեցնելու համար համաճարակը (դիմակ կրել, 1,5 մեթր հեռաւորութիւն պահել եւ այլն):

Մինչ փորձարկումները ցոյց տուին, որ պատուաստը արդիւնաւէտ է «Քորոնա» ժահրէն չվարակուելու, տակաւին կայ հաւանականութիւն, որ պատուաստուած անձերը վարակուին եւ այլոց փոխանցեն:

Դիմակ կրելը պէտք է շարունակուի, քանի որ պատուաստումը ամիսներ պիտի տեւէ, եւ մարդիկ հանգրուաններով պիտի պատուաստուին 2021 թուականին: Այս ժամանակամիջոցին մարդիկ պէտք է շարունակեն իրենց դիմակները կրել:

6.- Պատուաստը ապահով չէ

Պատուաստը արտադրող ընկերութիւնները փորձարկում կատարած են աւելի քան 44.000 անձերու վրայ: 16 տարեկանէն վեր անձերու համար պատուաստի ապահովութեան եւ արդիւնաւէտութեան առնչուող Միացեալ Նահանգներու Սննդեղէնի եւ դեղորայքի վարչութեան (FDA), ինչպէս  նաեւ Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան (WHO) վերլուծութիւնը չէ գտած «ապահովութեան գծով յատուկ մտավախութիւններ», որոնք պատճառ դառնան պատուաստը չօգտագործելու:

Կրնան յայտնուիլ որոշ թեթեւ կամ միջին ծանրութեան կողմնակի բարդութիւններ,  հիմնականը` ուռեցք, ցաւ, ներարկման բաժինի կարմրութիւն, յոգնածութիւն եւ երբեմն նաեւ տաքութիւն, որ կ՛անցնի 24 ժամուան ընթացքին:

Նախորդը

Ընտանիքի, Ընկերների, Հայրենիքի Նուիրեալը. Արայիկ Բաբաջանեանը` Առնօ Բաբաջանեանի Մասին

Յաջորդը

«Գիտական Ուսումնասիրութիւնները Ցոյց Կու Տան, Որ Պատուաստները Ապահով Են» «Ազդակ»-ին Կ՛ըսէ Դոկտ. Թամար Գապաքեան-Հաշէօլեան

RelatedPosts

Արցունքաբեր Գեղձերու Կազմուածք Եւ Արցունքոտութիւն
Առողջապահական - Բժշկագիտական

Արցունքաբեր Գեղձերու Կազմուածք Եւ Արցունքոտութիւն

Մարտ 14, 2025
Նախագահ Քուլիճին Նուիրուած Ղազիրի Գորգին   Նմանօրինակը Քալիֆորնիոյ  Մէջ
Առողջապահական - Բժշկագիտական

Կապիկի Ծաղկախտ-Monkeypox

Օգոստոս 19, 2024
Գետ-Գիտութեան
Առողջապահական - Բժշկագիտական

Գետ-Գիտութեան

Յուլիս 11, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?