Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական «Գանձասար»-ի. Իրան-Հայաստան Գործակցութեան Ամրապնդման Շեշտադրում

Փետրուար 3, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իրան բնականաբար Հարաւային Կովկասի տարածքին ստեղծուող նոր կացութեան լոյսին տակ պիտի փորձէ ամրապնդել իր դիրքերը` հաւասար հեռաւորութիւն պահելով տարածաշրջանի բոլոր երկիրներուն հետ եւ իր սահմանները զերծ պահելով նախատեսուող վտանգներէն, յատկապէս` իսրայէլաթրքական ազդեցութեամբ գործող ահաբեկչական կորիզներու ներկայութենէն: Միեւնոյն ատեն, արցախեան հարցի կարգաւորումը Մինսքի շրջանակներէն դուրս բերելու թուրք-ազրպէյճանական շարունակուող ճիգերուն ի տես, իր ազդեցութիւնը պիտի փորձէ պահպանել` առաջքը առնելու սուրիական բեմագրութեան կրկնութեան: Բեմագրութիւն մը, որ Թուրքիոյ ու Միացեալ Նահանգներու սուրիական տարածքներ ներխուժումով, անոնց ազդեցութեան բանեցումով Իրանի ազդեցութեան տկարացումը կը նախատեսէր:

Արցախեան հարցի վերջնական կարգաւորման մէջ, սակայն, հայկական կողմին համար կարեւոր է Մինսքի դերակատարութեան պահպանումը` որպէս տագնապը չհրահրող, յատկապէս Արցախի կարգավիճակին գծով դրական թեքում ունեցող կողմ:

Իրան արցախեան հարցի սկիզբէն թէեւ իր ներքին մարտահրաւէրներու լոյսին տակ փորձեց պահել չէզոք դիրք, սակայն մշտապէս արտայայտուեցաւ երկիրներու տարածքային ամբողջականութեան ու միջազգային օրէնքներու պահպանման ի նպաստ` թէ՛ Ազրպէյճանը գոհացնելու, թէ՛ Հայաստան-Իրան սահմանը պահպանելու եւ թէ՛ իր տարածքային ամբողջականութիւնը անսասան պահելու հեռանկարով:

Միւս կողմէ, Իրանի արտաքին գործոց նախարարը Հայաստան իր այցելութեամբ լուսարձակի տակ առաւ Հայաստանի ու հայ ժողովուրդի ապահովութեան կարեւորութիւնը` անուղղակիօրէն դատապարտելով ազերիական յարձակումները արցախեան բնակավայրերու վրայ, ժողովուրդի տեղահանումն ու անոր մշակութային, կրօնական կոթողներու քանդումը եւ  կարեւոր համարելով Արցախի մէջ ապրող հայութեան գոյութեան երաշխիքներու ամրապնդումը, որովհետեւ Արցախի ամբողջական հայաթափումը, բնականաբար, պիտի չնպաստէ Իրանի սահմաններու հետագայ ապահովութեան:

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Զարիֆի Հայաստան այցելութեան ընթացքին, սակայն, չդատապարտուեցաւ գէթ զինուորական միջոցներով հարցեր լուծելու Ազրպէյճանի մօտեցումը Իրանի կողմէ, ինչ որ ակնկալելի էր, որովհետեւ Իրան, չէզոք մնալով մէկտեղ, միշտ կը բացառէր պատերազմով հարցեր լուծելու տարբերակը:

Ամէն պարագայի, Հայաստանի ուղերձը յստակ էր, Ազրպէյճանի յարձակումը եւ շարունակուող ոտնձգութիւնները խաղաղութեան երաշխիք չեն կրնար ըլլալ եւ պիտի չըլլան տարածաշրջանին համար: Ուստի Հայաստան տէր կանգնելու է իր իրաւունքներուն եւ, գործակցելով Իրանի ու այլ երկիրներու հետ, ամրապնդելու է իր տնտեսական ու ապահովական դիրքերը աշխարհաքաղաքական այս մեծ խաղին մէջ:

Իրան-Հայաստան վստահութեան վրայ հիմնուած  յարաբերութիւններու պահպանումն ու զարգացումը կրնան երաշխաւորել երկու երկիրներու ապահովութիւնն ու միատեղ շահերու ամրագրումը,  յատկապէս` Սիւնիքի հատուածին մէջ, այլապէս թուրք-իսրայէլեան եւ ազրպէյճանական նկրտումները պիտի շրջանցեն ոչ միայն Հայաստանի, այլեւ Իրանի իրաւունքներն ու շահերը`  նոր վտանգներ յառաջացնելով անոնց դիմաց:

Այս իմաստով Սիւնիքի մարզով անցնող Հայաստան-Իրան կապի պահպանումն ու զարգացումը հրամայական կը դառնան, որպէսզի այդ կապը թուրք-ազրպէյճանական ջանքերով իր  ազդեցութիւնը չկորսնցնէ Հայաստանի եւ Իրանի համար:

Իրանական աղբիւրներու համաձայն, Զարիֆի Հայաստան ու տարածաշրջանային այլ երկիրներ այցելութիւնը կը միտի նաեւ ներկայացնել կովկասեան վեց երկիրներու (Ռուսիա, Իրան, Հայաստան, Թուրքիա, Ազրպէյճան, Վրաստան) համագործակցութեան իրանեան ծրագրի մը սերտողութիւնը:

Կովկասեան նման նախագիծի մը մասին նախապէս անդրադարձած էին Թուրքիոյ եւ Վրաստանի նախագահները: Ըստ երեւոյթին, Իրան գործակցութեան իր տարբերակը կը ներկայացնէ այս այցելութեամբ:

Հայաստան պարտուած դուրս գալով վերջին պատերազմէն` մարդկային, մշակութային, տնտեսական եւ հողային կորուստներ ունեցաւ, ուստի իր ազգային օրակարգը ձեւաւորելով ու զայն հետապնդելով միայն պիտի կարենայ ընտրութիւն կատարել եւ կողմնորոշուիլ այսպիսի դժուար պայմաններու մէջ: Այլապէս կորուստներու շարանը պիտի շարունակուի, յատկապէս` Սիւնիքի շրջանին մեր ազգային-տնտեսական շահերու  առումով:

Հարցը կը մնայ հետեւեալը. Իրան-Թուրքիա-Ազրպէյճան գործակցութիւնը ապահովութեան երաշխիք պիտի դառնա՞յ Իրանին համար, յատկապէս երբ ՕԹԱՆ-ի անդամ Թուրքիան վերջնականապէս ամրագրէ իր դիրքերը Իրանի սահմանին` Ազրպէյճանի անմիջական աջակցութեամբ: Այս ամրագրումին լոյսին տակ պիտի վտանգուին ե՛ւ Իրանի, ե՛ւ Հայաստանի տնտեսաքաղաքական շահերն ու իրաւունքները: Այնպէս որ, Իրան-Հայաստան գործակցութիւնը ունի նաեւ քաղաքական կարեւոր առաջադրանք` զոյգ երկիրները զերծ պահելու թուրք-ազրպէյճանական հեռանկարային ախորժակներէն:

Նախորդը

Արցախեան 1001 Պատում. Լեռնացած Ցասումին Դէմ Ազգադաւ Ժպիտներ (Ե.)

Յաջորդը

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Ընդունեց Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեանը

RelatedPosts

Այսպէս Է Լիբանանի Հայութիւնը
Անդրադարձ

Այսպէս Է Լիբանանի Հայութիւնը

Յունուար 27, 2023
Կռթնած Բեմարուեստին Առջեւ, Ինչպէս` Սուրբ Խորանին
Անդրադարձ

Կռթնած Բեմարուեստին Առջեւ, Ինչպէս` Սուրբ Խորանին

Յունուար 27, 2023
Սլաք.  «Քո՜ւն Եղիր, Բալա՛ս…»
Անդրադարձ

Սլաք. «Քո՜ւն Եղիր, Բալա՛ս…»

Յունուար 27, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In