Ինթեր Միլանի գլխաւոր մարզիչ Անթոնիօ Քոնթէ Իտալիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնին կողմէ երկու մրցումով կախակայուեցաւ եւ 20 հազար եւրօ տուգանքի ենթարկուեցաւ, նախորդ շաբաթավերջին Ուտինեզէի դէմ տեղի ունեցած միջադէպին համար:
Արդարեւ, Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Քալչիօ») 19-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ տեղի ունեցած այս մրցումին, ան 91-րդ վայրկեանին կարմիր քարտ մը ստացաւ` իրաւարարին հետ վիճաբանելուն համար:
51 տարեկան Քոնթէ դէպի հանդերձարան տանող միջանցքին մէջ եւս շարունակեց իր այդ վիճաբանութիւնը: