Սպանիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքին («Քոփա Տել Ռէյ») 1-16-րդ հանգրուանի մրցումներուն, այսօր Պարսելոնա հիւրը պիտի ըլլայ Ռայօ Վայեքանոյին, որ մաս կը կազմէ Բ. դասակարգին:
Մրցումին ազդանշանը պիտի տրուի ժամը 22:00-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով:
«Էսթատիօ Տէ Վալեքաս» մարզադաշտին վրայ տեղի ունենալիք այս մրցումը կը նկատուի կարեւոր քաթալոնական կազմին համար` նկատի ունենալով, որ այս տարեշրջանին ախոյեանութեան գծով արձանագրած արդիւնքները այդքան ալ խրախուսիչ չեն: Հետեւաբար, այս մրցաշարքին գծով անիկա լաւ արդիւնք պէտք է արձանագրէ` դուրս չմնալու համար:
Լիոնել Մեսսի, որ երկու մրցումով կախակայուած էր, այսօրուան մրցումին կը վերադառնայ` միանալու Պարսելոնայի իր խմբակիցներուն: