Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մեր Կորուստները. Մահացաւ Ստեփան Թոփչեանը

Յունուար 23, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

84 տարեկանին մահացաւ գրականագէտ, հրապարակախօս, արուեստաբան Ստեփան Թոփչեանը:

Ծնած է 1937-ին, Երեւան: Աւարտած է Երեւանի Խ. Աբովեանի անուան հայկական մանկավարժական հիմնարկի պատմալեզուագրական բաժանմունքը: 1959-ին աշխատած է Արտասահմանեան երկիրներու հետ բարեկամութեան եւ մշակութային կապի հայկական ընկերութեան մէջ, 1960-1966-ին` Գիտութիւններու ակադեմիայի Մգ Աբեղեանի անուան գրականութեան հիմնարկին մէջ, 1967-1976-ին եղած է Գիտութիւններու ակադեմիայի փիլիսոփայութեան եւ իրաւունքի հիմնարկի, ապա հայ փիլիսոփայութեան պատմութեան բաժինի աւագ գիտաշխատող, իսկ 1976-1979-ին` «Հայկական սովետական հանրագիտարան»-ի գլխաւոր փոխխմբագիր: 1979 թուականէն աշխատած է «Սովետական գրող» հրատարակչութեան մէջ, սկիզբը իբրեւ Գեղարուեստական արձակի խմբագրութեան, ապա` իբրեւ Հայ դասական գրականութեան բաժինի վարիչ:

1966-ին պաշտպանած է ատենախօսութիւն «Շիրվանզադէի էսթետիկական հայեացքները» թեմայով եւ դարձած բանասիրական գիտութիւններու թեկնածու:

Ստեփան Թոփչեան 1967 թուականէն Հայաստանի Գրողներու միութեան անդամ է: 1993-էն մասամբ բնակութիւն հաստատեց Միացեալ Նահանգներու մէջ` աշխուժ կերպով աշխատակցելով ամերիկահայ մամուլին: Վերջին տարիներուն պարբերաբար ապրած ու ստեղծագործած է Հայաստանի մէջ:

Անոր հիմնական աշխատութիւններէն են` «Շիրվանզադէի էսթետիկան» (1963), «Րաֆֆու էսթետիկական հայեացքները» (1971), «Հայ նոր գրականութեան պատմութեան» «Դանիէլ Վարուժան» գլուխը (հատոր 5, 1979), «Անհունի անդրադարձը» (1982) ու «Կերպ եւ իսկութիւն» (1985) գրականագիտական ուսումնասիրութիւններու ժողովածուները, «Հայ քննադատութեան պատմութեան» «Յովհաննէս Թումանեան» գլուխը (հատոր 2, 1998), «Ապագայի յիշողութիւնը» (երկու հատոր, 2003) եւ «Կարիճի տարի» (2016) հրապարակախօսական յօդուածներու ժողովածուները, «Կեանք դարերի համար/Աւետիս Ահարոնեանի կեանքը» (2003) եւ «Յովսէփ Էմին» (2017) մենագրութիւնները:

Ստեփան Թոփչեանի վերջին` «Երուանդ Քոչար» մենագրութիւնը հրատարակութեան ընթացքի մէջ է: Առայժմ անտիպ կը մնան Լեսսինքի «Լաոքոոնի»` գերմաներէնէ հայերէն թարգմանութիւնը` ծաւալուն ուսումնասիրութեամբ, եւ Ուիլեամ Հոկարտի «Գեղեցկութեան վերլուծութիւն» հետազօտական շարքին մասին ուսումնասիրութիւնը:

Ստեփան Թոփչեան հեղինակ է հարիւրաւոր յօդուածներու, որոնք տպագրուած են հայ ու արտասահմանեան մամուլին մէջ, եւ բազմաթիւ գիրքերու յառաջաբաններու: Անոր յօդուածները լոյս տեսած են նաեւ «Ազդակ»-ի եւ «Բագին»-ի մէջ:

Ստեփան Թոփչեան որդին է գրականագէտ Էդուարդ Թոփչեանի, եղբայրը` գրող, գրաքննադատ Ալեքսանդր Թոփչեանի, հայրը` բանասէր, թարգմանիչ Արամ Թոփչեանի եւ գեղարուեստական ղեկավար Էդուարդ Թոփչեանի:

Նախորդը

Տարուան Մարտահրաւէրը` Թիթիքաքա Լիճը Կտրել Լողալով

Յաջորդը

Վերջին Օծում Եւ Թաղում Հոգելոյս Մեղրիկ Եպս. Բարիքեանի

RelatedPosts

Մկրտիչ Եւ Լիանա Միքայէլեաններու Համերգը
Անդրադարձ

Մկրտիչ Եւ Լիանա Միքայէլեաններու Համերգը

Հոկտեմբեր 30, 2025
Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Իրական Հայաստան Եւ Իրական Ամբարիշտներ

Հոկտեմբեր 29, 2025
Ընտրապայքարի Լուսանցքին Վրայ.  Ներազգային Անհանդուրժողութեան Եւ Պառակտումներու Հանդիսատեսի Ազատ Խոհեր
Անդրադարձ

Սփիւռքի Անելիքը Եւ Կարողականութիւնը

Հոկտեմբեր 28, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?