Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ
Նոյեմբեր 2021-ին հաշմանդամ Ողիմպիական ախոյեան լողորդ Թէօ Քարին, Ողիմպիական ախոյեան լողորդ Մալիա Սեթելլա եւ արկածախնդիր Մաթիը Ուիթվոեթ լողալով եւ առանց ոչ մէկ օգնութեան պիտի կտրեն Փերուի Թիթիքաքա լիճը:
122 քմ լող, 10 աստիճան տաքութիւն ունեցող ջուր, Հարաւային Ամերիկայի մէջ Փերուի եւ Պոլիվիոյ միջեւ 3800 մեթր բարձրութեան վրայ գտնուող լիճ: Այս է Թէոյի մարտահրաւէրը, սակայն անոր պայմաններէն մէկը եղած էր այս արկածախնդրութիւնը ընկերակիցներով կատարել, որովհետեւ ան շատ ընկերասէր անձ մըն է:
Սակայն ինչո՞ւ Թիթիքաքա լիճը
Թէօ կարելիութիւնը պիտի չունենար մասնակցելու 2021-ի Թոքիոյի հաշմանդամներու յատուկ Ողիմպիական խաղերուն: Հետեւաբար, առանց ոչ մէկ բան ըսելով տունը նստելու փոխարէն, ան կը խորհրդակցի իր գործավարին հետ` ձեռնարկ մը կազմակերպելու համար: Այդ ձեռնարկը կ՛առնէ լողարշաւի մարզին վերաբերեալ մարտահրաւէրի մը կերպարանքը: Թէօ կը փափաքի լողարշաւը կատարել նախընտրաբար վայրի մը մէջ, ուր տակաւին նման ձեռնարկ մը տեղի չէ ունեցած: Երկար փնտռտուքներէ ետք, երբ ան կը հանդիպի Թիթիքաքա լիճի անունին, ան կը վերյիշէ դպրոցի իր օրերը, երբ առաջին անգամ լսած էր այս լիճին մասին, եւ որուն անունը անոր խնդալիք թուած էր:
Լիճին մասին յաւելեալ տեղեկութիւններ փնտռելու ընթացքին Թէօ անդրադարձած է, թէ այդ շրջանը որքա՛ն հարուստ է պատմութեամբ եւ սքանչելի է: Այս լիճին մէջ երկայնքին լողարշաւ բնաւ չէր նախաձեռնուած: Տարիներ առաջ կին մը կրցած էր զայն կտրել, սակայն` լայնքին: Այդ 8 – 10 օրը կարենալ ապրելու համար այս եռեակը հետը պիտի ունենայ յատուկ փոքրիկ լաստ մը: Լողորդները այս լաստը պիտի գործածեն մէջը իրենց ապրանքները զետեղելու համար, հոն քնանալու եւ ուտելու համար: Մարզիկներուն համար ամէնէն կարեւոր ապրանքներն են ուտելիքն ու ջուրը: Այս ձեւով կերպընկալէ շիշեր չփոխադրելու համար ջուրը պիտի առնուի լիճին, եւ «պիտի մաքրուի» խմուելու համար:
Ուտելիքը փոշիացած վիճակի մէջ պիտի ամբարուի, եւ լողորդներուն պիտի հայթայթէ օրական երեք ճաշ 8 օրուան ընթացքին: Լողորդները հետերնին պիտի ունենան նաեւ յատուկ լողալու զգեստներ, գլխանոցներ, ակնոցներ, եւ տաք պահող հագուստներ: Անշուշտ` առանց մոռնալու շտապ օգնութեան տուփը, ինչպէս նաեւ` պզտիկ գործիքներու տուփ մը:
Ի՞նչ Գիտենք
Թիթիքաքայի Լիճին Մասին
– Հարաւային Ամերիկայի մէջ, Պոլիվիոյ եւ Փերուի միջեւ սահմանը կ՛անցնի Թիթիքաքայի լիճին վրայէն:
– Ան աշխարհի ամէնէն բարձր լիճն է, որուն վրայ կարելի է նաւարկել: Ան կը գտնուի Անտեան լեռնաշղթային վրայ, Պոլիվիոյ մայրաքաղաք Լա Փազէն մօտաւորապէս 150 քմ հեռու:
– 8562 քառ. քմ տարածք:
– Լայնք` 80 քմ:
– Երկայնք` 190 քմ:
– Ամէնէն խորունկ կէտը` 280 մեթր:
– 25 գետերու ջուրերը կը թափին լիճին մէջ, ուր գոյութիւն ունին մօտաւորապէս քառասուն կղզիներ, որոնցմէ քանի մը հատը բնակուած են: Այդ կղզիներու բնակիչները յատկապէս ձկնորսներ եւ երկրագործներ են, որոնք պահած են իրենց պարզ ապրելակերպը:
– Լիճին ջուրերուն ջերմաստիճանը մօտաւորապէս 12 աստիճան է նոյեմբեր-դեկտեմբեր ամիսներուն:
Հետաքրքրական
Մտազբաղութեան Պուպրիկներ
Կեդրոնական եւ Հարաւային Ամերիկաներու աւանդական ձեռային աշխատանքները հազարաւոր տարիներէ ի վեր փոխանցուած են բնիկ ժողովուրդներուն կողմէ: Այս աւանդական ձեռայիններէն են կուաթեմալական մտազբաղութեան պուպրիկները: Ըստ աւանդութեան, Կուաթեմալայի մէջ մարդիկ կը շինէին այս փոքրիկ պուպրիկները, երբ մտազբաղ կ՛ըլլային, իրենց հոգերը նուազեցնելու համար:
Այս կուաթեմալական մտազբաղութեան պուպրիկները ընդհանրապէս հագած կ՛ըլլան կուաթեմալական աւանդական հագուստներ` գունաւոր թելերով հիւսուած շապիկ եւ փէշ, եւ գլխու փաթթոց մը: Անոնք ընդհանրապէս 1-2 սմ հասակ կ՛ունենան:
– Բացատրութիւն
Այս ձեռային աշխատանքին համար պէտք պիտի ունենաս` լաթակալի, ծխամորճ մաքրելիք կամ մետաղէ բարակ թելի, մկրատի, գունաւոր բարակ թելերու եւ մելանէ ներկ մատիտներու:
1 – Մետաղէ բարակ թելը կամ ծխամորճ մաքրելիքը փաթթէ լաթակալին շուրջ` պուպրիկին թեւերը շինելու համար:
2 – Գունաւոր բարակ թել մը կապէ լաթակալին շուրջ եւ սեղմօրէն փաթթէ անոր եւ մետաղեայ թեւերուն վրայ:
3 – Երբ կ՛ուզես թելին գոյնը փոխել, կտրէ անոր ծայրը, եւ անոր կապէ ուրիշ գոյնի թել մը ու շարունակէ աշխատանքդ:
4 – Թելը փաթթէ նաեւ լաթակալին երկու «ոտքերուն» շուրջ:
5 – Մելանէ ներկ մատիտներով աւելցուր պուպրիկին դէմքին մանրամասնութիւնները:
– Ինչպէ՞ս գործածել մտազբաղութեան պուպրիկը
1 – Անկողին մտնելէ առաջ պուպրիկին պատմէ քեզ անհանգստացնող հարցը:
2 – Պուպրիկը դիր բարձիդ տակ, կամ` տուփի մը մէջ:
3 – Առտուն քու հոգերդ անհետացած պիտի ըլլան:
Ժամանց


