Պայէրն Միւնիխի աւստրիացի յետսապահ Տաւիտ Ալապա ամրան ընթացքին պիտի տեղափոխուի Ռէալ Մատրիտ:
«Մարքա» հանրածանօթ մարզական օրաթերթը յայտնեց, որ 28 տարեկան ֆութպոլիստը արքայական ակումբին հետ կնքեց 4 տարուան պայմանագրութիւն մը, որ ուժի մէջ կը մտնէ յունիս 2021-ին: Անոր տարեկան աշխատավարձը պիտի ըլլայ 11 միլիոն եւրօ:
Ալապայի գործող պայմանագրութիւնը վերջ կը գտնէ այս տարեշրջանի աւարտին: Հետեւաբար ան Ռէալին կը միանայ իբրեւ ազատ մարզիկ: Ան Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեանին հետ ելոյթ կ’ունենայ 2011-էն ի վեր:
Նշուեցաւ, որ ան արդէն իսկ բժշկական քննութիւններու ենթարկուեցաւ Ռէալի բժիշկին ներկայութեան: