Իտալիոյ ֆութպոլի Ա. դասակարգի («Քալչիօ») ախոյեանութեան մրցումներուն իր մասնակցութիւնը բերող կազմերէն Թորինոյի մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ Տաւիտ Նիքոլա նշանակուեցաւ ակումբի նոր մարզիչ` փոխարինելով Մարքօ Ճիամփոլոն, որ իր արձանագրած ձախող արդիւնքներուն պատճառով պաշտօնազրկուեցաւ:
Իտալացի 47 տարեկան մասնագէտին` Նիքոլային նախկին ակումբն էր Ճենովա, ուր ան եղած է մարզիչ, դեկտեմբեր 2019-էն օգոստոս 2020:
Իբրեւ ֆութպոլիստ ան 2005-2006 ժամանակամիջոցին կրած է Թորինոյի շապիկը:
«Քալչիօ»-ի 18-րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք, այժմ Թորինօ 13 կէտով կը գրաւէ դասաւորման 18-րդ վտանգաւոր դիրքը: