Ռէալ Մատրիտի անցեալի ֆութպոլիստ Ռաուլ Կոնզալես, որ այժմ կը մարզէ արքայական ակումբին երիտասարդներու խումբը, վարակուեցաւ «Քորոնա» ժահրով, այս մասին յայտնեց անոր ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Կոնզալես, որ այժմ մեկուսացուած է, աշխատանքի պիտի վերադառնայ 31 յունուարին, բնականաբար դարձեա՛լ քննութեան ենթարկուելէ ետք:
Նշենք, որ 43 տարեկան Ռաուլ Կոնզալես Ռէալ Մատրիտին մաս կազմած է 1994-էն 2010: