Խրուաթիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի, Եուվենթուսի, Աթլեթիքօ Մատրիտի եւ Պայէրն Միւնիխի նախկին ֆութպոլիստ Մարիօ Մանծուքիչ երէկ պաշտօնապէս միացաւ Ա. Սէ. Միլանի, յայտնեց անոր նոր ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Ան իտալական կազմին հետ ստորագրեց կէս տարուան համաձայնագիր մը` զայն մէկ տարիով երկարաձգելու նախնական համաձայնութեամբ:
Մանծուքիչ, որ իբրեւ ազատ ֆութպոլիստ միացաւ իտալական կազմին, անոր հետ պիտի կրէ թիւ 9 մարզաշապիկը: