Քաթալոնական Պարսելոնային մաս կազմող արժանթինցի յառաջապահ` Լիոնել Մեսսի երէկ Սպանիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնին կողմէ 2 մրցումով կախակայուեցաւ:
Ինչպէս ծանօթ է, նախորդ շաբաթավերջին Աթլեթիք Պիլպաոյի դէմ տեղի ունեցած Սպանիոյ ֆութպոլի գերբաժակի մրցաշարքի աւարտականին ան կարմիր քարտ մը ստացաւ: Ան ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին առաջին անգամ ըլլալով կարմիր քարտ մը կը ստանար:
Սպանական մամուլը յայտնեց, որ անոր ակումբը` Պարսելոնա, պիտի բողոքէ ֆետերասիոնին տուած այս որոշումին դէմ: