«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան երէկուան յայտագիրին վրայ եղող 10 մրցումներէն 9-ը կատարուեցան, մինչ Ոաւշինկթըն Ուիզըրտծ-Քլիվլենտ Քաւալիրզ մրցումը յետաձգուեցաւ` նկատի ունենալով, որ կարգ մը մարզիկներ վարակուած են «Քորոնա» ժահրով:
Ճէյմս Հարտենի նոր ակումբը` Պրուքլին Նեթց, որ իր դաշտին վրայ հիւրընկալեց Միլուոքի Պաքսը, արձանագրեց 125-123 արդիւնքով յաղթանակ մը: Հարտեն նշանակեց 34 կէտ: Նոյնքան կէտ նշանակեց մրցակից կազմէն Ճիաննիս Անթեթոքունմփօ:
Լոս Անճելըսի մէջ, Լէյքըրզ երկու կէտի տարբերութեամբ` 115-113 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց իր հիւրէն` Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզէն: Յաղթական կազմէն Սթեֆըն Քարի նշանակեց 26 կէտ: