Ուրբաթ, 25 դեկտեմբերին, Երեւանի ժամանակացոյցով երեկոյեան ժամը 6:00-էն սկսեալ, Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականի պահանջով բողոքի գործողութիւններ տեղի ունեցան Երեւանի մէջ:
Քաղաքացիները փակեցին Երեւան քաղաքի շարք մը փողոցներ, յատկապէս Բաղրամեան պողոտան, Աբովեանի պուրակը, Միասնիկեան պողոտան եւ Փուշքին-Մաշտոց խաչմերուկը:
Ոստիկանները քաշքշեցին Սայաթ-Նովայի եւ Աբովեան փողոցներու խաչմերուկին վրայ խաղաղ անհնազանդութեան ցոյց կատարող ՀՅԴ-ի անդամներ:
«Նիկոլ Փաշինեանը, պատերազմը սկսելու առաջին օրէն մինչեւ այսօր, ներքաղաքական խնդիրները աւելի շատ կարեւոր նկատեց, քան Ազրպէյճանի հետ ունեցած խնդիրը: Նիկոլ Փաշինեանը անհայրենիք է», յայտարարեց ցուցարարներէն` ՀՅԴ Հայաստանի երիտասարդական միութեան Կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչ Գոռ Սարգսեան:
Կարգ մը տեղեր տեղի ունեցան բախումներ ոստիկաններու եւ ցուցարարներու միջեւ:
Աւելի ուշ, բողոքի ցոյցի մասնակիցները Հանրապետութեան հրապարակին վրայ կայք հաստատեցին եւ կոչ ուղղեցին անցորդներուն միանալու: Անոնք կը վանկարկէին` «Առանց Նիկոլ Հայաստան»:
Ոստիկանութեան` լրատուամիջոցներուն ներկայացուցած պաշտօնական տուեալներուն համաձայն, բերման ենթարկուած է 28 քաղաքացի:
Հայրենիքի փրկութեան շարժումի տեղեկատուական կեդրոնին կողմէ տուեալներուն համադրումով պարզուած է, որ բերման ենթարկուած է ոչ թէ 28, այլ 34 քաղաքացի: