Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նշմար. Սիւնիքը Ազերի-Թուրքի Ճաշասեղանին…

December 22, 2020
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Հայաստանի գրեթէ պաշտօնական պատկերասփիւռի կայանը` Հ-1 (Հանրային կայան անունով) հինգշաբթի հաղորդեց սեպտեմբերեան պատերազմով սկսած եւ նոյեմբերեան յայտարարութեամբ «պաշտօնականացած» ողբերգութեան մէկ նոր էջը, որ պարզագոյն բառերով կ՛ըսէ, որ Հայաստանի իշխանութիւնները ինքնամատոյց կերպով Սիւնիքը դրած են Ազրպէյճանի ու անոր «երէց եղբօր»` Թուրքիոյ ճաշասեղանին, անոնք ալ սկսած են մեր հայրենիքին հարաւային շրջանը լափել պատառ-պատառ: (Ի դէպ, լրատու այլ աղբիւրներ ալ հաղորդեցին նոյն լուրը. անոնք կը կոչուին ընդդիմադիր):

Լուրը հետեւեալն է. պաշտպանութեան նախարարութիւնը թելադրած է բանակայիններուն` քաշուիլ սահմանային կարգ մը դիրքերէ եւ զանոնք զիջիլ ազերիներուն: Կապանի քաղաքապետը հաստատեց լուրը` մանրամասնելով, որ այսպիսով, սահմանամերձ քանի մը գիւղեր իրողապէս կը պաշարուին ազերիներուն կողմէ, ըսել կ՛ուզէր` անոնց բնակիչներուն համար անտանելի վիճակ կը ստեղծուի, եւ անոնք ստիպուած պիտի ըլլան վաղը-միւս օր հեռանալ իրենց պապենական հողերէն: Տակաւին, շրջանի կարգ մը ճամբաները կ՛անցնին ազերիներու «վերահսկողութեան տակ» (որ թարգմանի` ազերիները կը գրաւեն այդ ճամբաները), ազերիները միակողմանի կերպով կը գծեն սահմանները` խեղաթիւրելով պատմութիւն եւ աշխարհագրութիւն, ու պաշտօնական Երեւանը կը մնայ լուռ դիտող…

Շրջանի բնակիչները կը բողոքեն, սակայն ո՛չ իրենց ձայնը լսող կայ, ո՛չ ալ` օգնութեան ձեռք երկարող: Խնդրոյ առարկայ ճամբաներուն եւ գիւղերուն մասին որեւէ նշում չկայ 10 նոյեմբերի համաձայնագիրին մէջ: Կառավարութիւնը յայտնապէս այս գրաւումներուն նկատմամբ ալ որդեգրած է «խաղաղապաշտ» կրաւորականութեան այն կեցուածքը, որ կը ցուցաբերուի Արցախի մէջ պատառ-պատառ խլուած հողերուն եւ բազմատասնեակ նոր գերեվարուած զինուորներուն առնչութեամբ:

Երեւանի մէջ կառավարութեան ու անոր պետին հրաժարականին պահանջով ցոյցերը կը շարունակուին: Տասնեակ հազարաւորներ ամէն օր ահազանգ կը հնչեցնեն արձանագրուած եւ շարունակուող կորուստներուն մասին: Կառավարութիւնը կը մնայ… անսասան` իր պարտուողականութեան ճամբուն մէջ: Անդին` Թալինի մէջ քանի մը տասնեակ քաղաքացիք Ն. Փաշինեանի ի նպաստ ցոյց կը կատարեն եւ լայն արձագանգ կը գտնեն նոյն կայանէն… Սիւնիքի` Կապանի, Գորիսի եւ այլ քաղաքներու-գիւղերու բնակիչները արդէն իրենց մորթին վրայ կը զգան կառավարութեան կողմէ անպաշտպան ձգուած ըլլալու ցաւը: Բնականաբար ո՛չ ոքի միտքէն կ՛անցնի մաղթել, որ թալինցիք ալ իյնան նոյն վտանգին տակ, որպէսզի անդրադառնան, տեսնեն եւ իրենց մորթին վրայ զգան, թէ Փաշինեան իր տխրահռչակ ստորագրութեամբ ինչպիսի՛ «պարգեւներ» բերաւ Հայաստանին ու Արցախին, այդ համաձայնագիրով չնախատեսուած ինչպիսի՜ «բարիքներ» բաժին կը հանուին նոյնինքն Հայաստանին, որուն հողերուն ամբողջականութեան պահպանման համար երդում տուած է վարչապետը եւ քանի մը օր առաջ կը յոխորտար, որ սահմաններն ու հողերը կը պաշտպանուին: Այդ խօսքերը առիթ տուին մտածելու, որ ան ձեռքերը վերջնականապէս լուացած է Արցախէն, որուն ապահովութեան երաշխաւորն էր Հայաստան` աւելի քան 25 տարիէ ի վեր: Հիմա յայտնապէս Սիւնիքն ալ դրուած է Արցախի ցանկին վրայ:

… Կ՛երեւի, թէ Փաշինեանի հանդէպ համակիրներու հաւատարմութիւնը աւելի՛ կարեւոր է, քան` Հայաստանի ու Արցախի կորուստը: Բայց մեր ժողովուրդը ի վերջոյ միահամուռ պիտի արթննայ եւ թոյլ պիտի չտայ, որ կրկնուի «աւերակներու վրա՞յ պիտի թագաւորեմ»-ը…

17 դեկտեմբեր 2020

Նախորդը

ՀՅԴ Երիտասարդականի Ջանքերով Եւրոպայի Երիտասարդ Ընկերվարականներու Կազմակերպութիւնը Դատապարտած Է Թուրքիոյ Եւ Ազրպէյճանի Յարձակումը

Յաջորդը

«Հայրենիք»-Ի Խմբագրական. Ջայլամի Քաղաքականութեան Ստեղծած Գորդեան Հանգոյցը

RelatedPosts

Եապանճօ Հարսին Օտար Առաջարկը
Անդրադարձ

Աշունը Գլուխը Երկարեց

October 28, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Թրքական Աշխարհի Ռազմական Համախմբումը. Ո՞ւր Է Հայաստանի Տեղը Նոր Աշխարհաքաղաքական Քարտէսին Վրայ

October 28, 2026
Հայաստանի Քաղաքական Փակուղին Եւ Անոր Յաղթահարման Նախադրեալները
Անդրադարձ

Ընտրութիւններու Եւ Պատերազմի Միջեւ

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.