Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Հայրենիք»-Ի Խմբագրական. Ջայլամի Քաղաքականութեան Ստեղծած Գորդեան Հանգոյցը

Դեկտեմբեր 22, 2020
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Կը սիրեմ ոչ մէկ բանի մասին խօսիլ:
Սա միակ բանն է, որուն մասին որեւէ բան գիտեմ»:

ՕՍՔԱՐ ՈՒԱՅԼՏ (իրլանտացի գրող, 1854-1900)

Կրկէսը կը շարունակուի երկրի մը մէջ, որուն մինչեւ իսկ մտածելու եւ դիտել-դատելու ամէնէն տարրական կարողութիւնը ունեցող պարզ քաղաքացին` մշակը, նպարավաճառն ու թաքսիի շարժավարը շատ աւելի իրատես ձեւով հասկցած է, թէ որքա՜ն ահաւոր է վիճակը, եւ թէ` երկիրը կը գահավիժի անդունդն ի վար, հասած է կործանման սեմին: Մինչդեռ յամառ վարչապետն ու իր անմիջական «իմ քայլական» շրջանակը չեն զգար, թէ որքա՛ն ահազանգային եւ քաոսային է կացութիւնը: Ստեղծուած է կացութիւն մը, երբ վարչապետ Փաշինեան, կարծէք թէ ներշնչուած` Օսքար Ուայլտի վերոնշեալ խօսքէն, կը խօսի այն բաներուն մասին, որոնց տեղեակ է, այսինքն` ոչ մէկ բանի:

Պատերազմի պայթումէն 4 օր ետք բանակի մէկ բարձրաստիճան պաշտօնեան ահազանգած է, որ նկատի ունենալով կորուստները` անտեղի է պատերազմը շարունակելը… Վարչապետ Փաշինեան միայն 40 օր ետք հասկցած է, որ այդ բանակայինին ըսածը տեղին էր: Եւ ահա, նոյեմբեր 10-ին հրապարակ եկած պարտութեան համաձայնագրէն 40 օր ետք ալ ան շարունակ հաստատ կը մնայ, որ իր կայացուցած բոլոր որոշումները… գիտակցելով կատարած է կանխարգիլելու համար յաւելեալ կորուստ: Մեր ժողովուրդը պիտի ըսէր. «Եթէ թռի իսկ, այծ է»:

Դէպքերը ցոյց կու տան, որ վարչապետն ալ չի գիտեր, թէ արդեօք «կանխուած կորուստ» մնացա՞ծ է, կամ` մինչեւ օրս ալ հետեւողականօրէն ի՞նչ աւեր կը գործուի, սկսելով Հադրութի Դիզափայտ լերան լանջին գտնուող Խծաբերդ եւ Հին Թաղեր գիւղերէն, անցնելով Շուշիի շրջանի Վերին Շէն ու Հին Շէն շրջաններէն, հասնելու համար Հայաստանի սահմանամերձ շրջանները` Ջերմուկ, Սոթք, Կապան, Մեղրի եւ այլն:

Գերիներ կը փոխանակուին երկու կողմերուն միջեւ, սակայն նոյն պահուն միակողմանի կերպով գերիներ կը վերցուին, հա՛յ գերիներ: Աղաղակող եւ ամօթալի օրինակը` Հադրութի վերոյիշեալ երկու գիւղերուն մէջ ծառայող քանի մը տասնեակ բանակայիններն են, որոնք ինկած են ազերիներուն ձեռքը: Պատմութիւն կերտած խիզախ հայ զինուորին վարկն ու փառքն ալ խնդրոյ առարկայ դարձած են: Այս պատահածին իբրեւ չքմեղանք` կը թելադրուի, որ պէտք չէ չափազանցել եւ գերիներուն թիւը բարձրացնել հարիւրէ աւելիի, յետոյ, այսքանով ալ չբաւարարուելով, այլ «պըլըֆ» մը նետուեցաւ. իբր թէ ռուս խաղաղապահներ պաշարուած են կամ` գերի ինկած: Մոսկուա փութաց հերքել եւ աստիճան մը աւելի խայտառակել սուտասանը…

Քարտէ՞ս: Ի՞նչ քարտէսի մասին կը խօսուի: Ո՛չ կապոյտ, ո՛չ ալ կարմիր գիծ գոյութիւն ունի: Ինքն իրեն կանաչ լոյս տուած թշնամին առօք-փառօք, բարձունքէ բարձունք կը ցատկէ` ամէն տեղ տնկելով իր դրօշը: Այս կացութեան դիմաց, բրիտանացի գրագէտ եւ «Alice՛s Adventures in Wonderland» գործի հեղինակ, Լէուիս Քարոլի (1832-1898) մէկ խօսքն է, որ կը կիրարկուի թշնամիին կողմէ. «Կարդա՛ ուղղութիւնները եւ վստահօրէն պիտի ուղղուիս ճիշդ ուղղութեամբ»:

Ըստ երեւոյթին, Հայաստանի իշխանաւորին եւ գործակիցներուն անփութութիւնն ու թափթփածութիւնը, չըսելու համար` ստրկամտութիւնը, այնպիսի մակարդակի հասած են, որ Պաքուի մէջ անցեալ շաբաթ տեղի ունեցած յաղթանակի տողանցքին Իլհամ Ալիեւի` «Սիւնիքը, Երեւանն ու Սեւանը Ազրպէյճանի կը պատկանին» արտայայտութեան պատասխանելով, վարչապետին խօսնակը` Մանէ Գէորգեանը, փոխանակ կտրուկ կերպով մերժելու եւ հերքելու, բոլորովին միամիտ յայտարարութեամբ մը գոհացաւ` տեղեկացնելով, որ նմանօրինակ պահանջներ չկան… նոյեմբեր 10-ին հրապարակուած համաձայնագրին մէջ:

Ահաւասիկ ջայլամի դատարկ քաղաքականութեան մը ստեղծած «գորդեան հանգոյց»-ը, որ քանդելու համար կը շարունակուին արժանապատուութեան ցոյցերը, գործադուլերն ու դասադուլերը, օր ըստ օրէ նոր օղակներ նուաճելով, առանց բրտութեան եւ ապօրինութեան:

 

Նախորդը

Նշմար. Սիւնիքը Ազերի-Թուրքի Ճաշասեղանին…

Յաջորդը

RelatedPosts

Դպրեվանեան Ոգին.  Գիրքի Հանդէպ Սէրը Դպրեվանքին Մէջ
Անդրադարձ

Դպրեվանեան Ոգին. Գիրքի Հանդէպ Սէրը Դպրեվանքին Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2025
Փաշինեանը Փոխելու Շարժումը Չի Մարիր,  Այլ Նոր Թափ Կը Ստանայ
Անդրադարձ

Արդեօք Հայաստանի Ժողովուրդը Վերջապէս Պիտի Արթննա՞յ, Երբ Փաշինեանը Հրամայէ Ձերբակալել Կաթողիկոսը

Հոկտեմբեր 25, 2025
Ս. Յարութեան Հզօր Ազդեցութիւնը
Անդրադարձ

Հայ Մամուլը Ե՞րբ Իր Կոչումը Կը Վսեմացնէ Եւ Ե՞րբ Զայն Կը Նսեմացնէ (Հայ Մշակոյթի Ամսուան Առթիւ)

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?