Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅԴ Երիտասարդականի Ջանքերով Եւրոպայի Երիտասարդ Ընկերվարականներու Կազմակերպութիւնը Դատապարտած Է Թուրքիոյ Եւ Ազրպէյճանի Յարձակումը

Դեկտեմբեր 22, 2020
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Դեկտեմբեր 5-ին եւ 6-ին տեղի ունեցաւ Եւրոպայի Երիտասարդ ընկերվարականներու կազմակերպութեան ընդհանուր ժողովը` առցանց:

Ընդհանուր ժողովի ժամանակ ՀՅԴ երիտասարդականի ջանքերով ընդունուեցաւ Ազրպէյճանը եւ Թուրքիան դատապարտող բանաձեւ, որուն աջակցեցաւ Փորթուգալի երիտասարդ ընկերվարականներու կազմակերպութիւնը:

Նշենք, որ ՀՅԴ երիտասարդականը, իբրեւ լիիրաւ անդամ, անդամակցած է Եւրոպայի երիտասարդ ընկերվարականներու կազմակերպութեան 2015-ի ապրիլին:

Ստորեւ ներկայացնենք բանաձեւին հայերէն թարգմանութիւնը.

Սեպտեմբեր 27-ին Ազրպէյճանը, առանց դրդապատճառի, լայնածաւալ յարձակում գործեց Արցախի (Լեռնային Ղարաբաղ) եւ Հայաստանի վրայ: Ազրպէյճանը պատերազմի սկսաւ համաշխարհային համավարակի ընթացքին, երբ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր քարտուղարը համաշխարհային հրադադարի կոչ կ՛ուղղէր:

Այդ գործողութիւնները 1994 թուականին Հայաստանի, Արցախի եւ Ազրպէյճանի կողմէ ստորագրուած զինադադարի պայմանագիրին ուղղակի խախտումներն են:

Թուրքիոյ անվերապահ աջակցութեամբ, պատերազմը արագօրէն ահագնացաւ եւ անոր իբրեւ հետեւանք՛ քաղաքացիական շինութիւնները, դպրոցները, հիւանդանոցները եւ եկեղեցիները ռմբակոծուեցան: Թուրքիան հրապարակայնօրէն արտայայտած է իր աջակցութիւնը եւ շարունակած է Ազրպէյճանին ռազմական օգնութիւն ցուցաբերել: Տարածաշրջանին անվտանգութեան համար խիստ ահազանգող է այն հանգամանքը, որ Թուրքիան պատերազմական գործողութիւններուն մասնակից դարձած է նաեւ Սուրիայէն բերուած վարձկաններով եւ իր բանակի յատուկ ջոկատայիններով:

Այս բոլորը պատճառ դարձան հազարաւոր զոհերու, ներառեալ` մեծ թիւով քաղաքացիական զոհերու: Արցախի բնակչութեան կէսէն աւելին տեղահանուեցաւ եւ կամ իբրեւ փախստական ուղղուեցաւ դէպի Հայաստան: Հայ գերիները դաժանօրէն տանջուեցան եւ սպաննուեցան:

Նոյեմբեր 9-ին Հայաստանի, Ազրպէյճանի եւ Ռուսիոյ միջեւ կնքուեցաւ եռակողմ համաձայնագիր, որուն մէջ ամբողջութեամբ արհամարհուեցան Արցախի ժողովուրդին իրաւունքներն ու 1994 թուականի զինադադարի պայմանագիրը.

Այս անարդար պայմանագիրը ո՛չ միայն կ՛արհամարհէ Արցախի ժողովուրդին իրաւունքները, այլ նաեւ կ՛արհամարհէ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի` հակամարտութիւնը կարգաւորելու լիազօրուած միջազգային միակ կառոյցին լիազօրութիւնները:

Նկատի առնելով այն, որ`

– Այս պայմանագիրը Արցախի ժողովուրդին իրաւունքները չ՛երաշխաւորեր,

– Գերիներուն անվտանգ վերադարձի իրաւունքը չ՛երաշխաւորեր,

– Արցախի Հանրապետութեան իրաւական կարգավիճակը չ՛ապահովեր,

– Հակամարտութեան կայուն կարգաւորումը չ՛ապահովեր,

– Եւրոպական յանձնախումբի այլատեացութեան դէմ եւ Եւրոպայի խորհուրդի անհանդուրժողականութեան դէմ, ինչպէս նաեւ ՄԱԿ-ի ցեղային խտրականութեան բացառման կոմիտէի զեկոյցներով, Արցախի ժողովուրդի կեանքը Ազրպէյճանի տիրապետութեան տակ անհնար է,

– Ազրպէյճանը ի վիճակի չէ ապահովելու Արցախի բնակչութեան անվտանգութիւնն ու ազատութիւնը,

Եւրոպայի երիտասարդ ընկերվարականներու կազմակերպութիւնը խստօրէն կը դատապարտէ Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ հակամարտութիւնը Արցախի եւ Հայաստանի նկատմամբ, որ հրահրուած չէ եղած հայերու կողմէ, ինչպէս նաեւ` զինուորներուն, քաղաքացիներուն եւ գերեվարուածներուն հանդէպ իրականացուած պատերազմական յանցագործութիւնները:

Կազմակերպութիւնը խստօրէն դատապարտած է Արցախի դէմ պատերազմին Թուրքիոյ միջամտութիւնը:

Կազմակերպութիւնը խստօրէն դատապարտած է Թուրքիոյ կողմէ սուրիացի վարձկաններու օգտագործումը այս պատերազմին:

Եւրոպայի երիտասարդ ընկերվարականներու կազմակերպութիւնը կոչ ուղղած է Եւրոպական Միութեան` երաշխաւորելու Արցախի բնակչութեան անվտանգութիւնը եւ տեղահանուած ընտանիքներուն  հանդէպ ցուցաբերել մարդասիրական օգնութիւն:

ԵՒՐՈՊԱՅԻ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴ ԸՆԿԵՐՎԱՐԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԻՒՆ,
ՀԱՄԱՍՏՈՐԱԳՐՈՂ` ՓՈՐԹՈՒԳԱԼԻ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴ ԸՆԿԵՐՎԱՐԱԿԱՆՆԵՐ

15 դեկտեմբեր 2020

Նախորդը

Տեղահանուած Շուշեցիների Ընդվզումն Ու Բողոքը Նիկոլ Փաշինեանի Դէմ

Յաջորդը

Նշմար. Սիւնիքը Ազերի-Թուրքի Ճաշասեղանին…

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Աւարտական Վտանգաւոր Ջղաձգումներ

Յուլիս 9, 2025
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի.  Ընդունելութիւն` Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններուն Ապահովուած Արդիւնքներուն Առիթով
Անդրադարձ

Մեր Համայնքի Քաղաքական Գործօնի Հանգամանքը Առաջին Հերթին Հիմնուած Է Մեր Հաւաքական Քուէի Ուժին Վրայ*

Յուլիս 9, 2025
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի.  Ընդունելութիւն` Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններուն Ապահովուած Արդիւնքներուն Առիթով
Անդրադարձ

Պաշտօնները Կու Գան ու Կ՛երթան, Մեր Ժողովուրդին Բարօրութիւնը, Բարգաւաճումը Եւ Հզօրացումը Էականն Են ու Մնայուն*

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?