Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Աշխարհի Ամէնէն Ցուրտ Քաղաքը

Դեկտեմբեր 19, 2020
| Մանկապատանեկան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

Սիպերիոյ այս քաղաքին մէջ ձմեռը սարսափելի է: 300 հազար բնակիչ ունեցող Եաքութցք քաղաքը հասարակածէն 5000 քմ հեռու կը գտնուի, այսինքն հոն, ուր արեւուն ճառագայթները ամէնէն հզօրն են: Եաքութցքի մէջ հոկտեմբեր ամիսէն արդէն ջերմաստիճանը միջին հաշուով -7 կ՛ըլլայ: Ձմեռը տակաւին չէ սկսած: Յունուար ամսուն, տարուան ամէնէն ցուրտ ամիսը, ջերմաստիճանը յաճախ -40-ի կը հասնի:

Սակայն Ռուսիոյ հիւսիսը գտնուող Սիպերիոյ այդ շրջանի բնակիչները վարժուած են այս օդին: Տունէն դուրս ելլելու համար անոնք իրարու վրայ կը դնեն քանի մը գլխարկ, վզկապներ եւ ձեռնոցներ: Շատ կարեւոր է հագուստի բազմաթիւ խաւեր հագուիլ` մարմինը տաք պահելու համար: Անոնք նաեւ շատ միս եւ ձուկ կ՛ուտեն, որովհետեւ ձիւնին մէջ քալելը շատ ուժ կը պահանջէ: Ասոր կողքին, այդքան ծանր պայմաններու տակ բանջարեղէններ չեն բուսնիր: Սակայն, երբ ջերմաստիճանը -40-ի կը հասնի, աշակերտները դպրոց չեն երթար: Անոնք շատ դիւրաբեկ են նուազ պայմաններու տոկալու համար:

Բարեբախտաբար տաքութիւնը կը վերադառնայ գարնան հետ: Ձիւնը կը հալի եւ կանաչութիւնը կը սկսի դարձեալ բուսնելու: Սակայն, հակառակ անոր որ Եաքութքը աշխարհի ամէնէն ցուրտ քաղաքն է, ան ունի նաեւ կլիմայական ամէնէն մեծ տարբերութիւնը` ձմրան եւ ամրան միջեւ: Ապրիլ ամսուն ջերմաստիճանը արդէն կ՛անցնի զերոյէն վեր: Իսկ յուլիս ամսուն կը պատահի, որ տաքութիւնը հասնի 30 աստիճանի:

Այդ օրերուն ամէնէն յարմար ժամանակն է այս քաղաքը այցելելու:

Կաղանդի Ձեռայիններ

Կաղանդը միշտ մեզի առիթը կու տայ հաճելի ժամանակներ անցընել եւ ուրախութիւն ու գոյն մտցնել տան մէջ գեղեցիկ զարդարանքներով:

Այս տարուան մեր ձեռայիններուն համար մենք պէտք պիտի չունենանք տեսակաւոր նիւթերը, թուղթ, մատիտ, մկրատ խէժ եւ քիչ մը ներկ…

Կաղանդի Ծառեր

Այս ձեռայինին համար պէտք ունիս ճերմակ թուղթի, (զոր կրնաս ներկել նաեւ կանաչ, կարմիր), կամ գործածել գունաւոր թուղթեր:

1.- Քառանկիւն թուղթը կտրէ նոյն լայնքը ունեցող երիզներու:

2.- Ապա իւրաքանչիւր երիզի երկու ծայրերը փաթթէ տարբեր ուղղութեամբ:

3.- Այս փաթթուած երիզները օղակի նման իրարու մէջ անցուր եւ զանոնք փակցուր` կազմելով եռանկիւն մը:

4.- Ուրիշ գոյնով թուղթէ մը կտրէ կարճ երիզ մը:

5.- Զայն հաւասար կերպով ծալէ, ապա դարձեալ բաց:

6.- Ծալքերուն հետեւելով` երիզին տուր աստղի մը ձեւը: Զայն փակցուր ծառին գագաթը:

7.- Ուրիշ գոյնի թուղթով դարձեալ կտրէ քանի մը փոքրիկ երիզներ: Զանոնք փաթթէ մէկ ուղղութեամ՞բ` ստանալու համար օղակներ:

8.- Այս օղակներէն քանի մը հատը անցուր ծառին ծակերուն մէջէն:

9.- Ծառդ փակցուր խաւարքարտի կտորի մը վրայ, որ կանգուն մնայ:

 

Հրեշտակներ

1.- Այս աշխատանքին համար թուղթէ երիզները շատ աւելի բարակ պէտք է ըլլան (0,5 սմ հաստութիւն):

2.- Հրեշտակին մարմնին համար պէտք ունիս 29 սմ երկայնք ունեցող 7-ը երիզներու: Իւրաքանչիւր երիզի ծայրերը իրարու փակցուր օղակ մը ունենալու համար:

3.- Ապա օղակը տափակցուր մէջտեղէն. այդ բաժինէն, օղակը երկուքի ծալէ:

4.- Ծալուած կէտին մէջը քիչ մը խէժ դիր եւ փակցուր երկու բաժինները: Թուղթէ երիզը պիտի ստանայ ծայրէն իրարու փակած երկու կաթիլներու:

5.- Նոյն ձեւով փակցուր երեք ուրիշ երիզ: Ապա այս չորս զոյգ կաթիլները սուր ծայրէն իրարու փակցուր:

6.- Հրեշտակին բազուկներուն համար երիզ մը իրարու վրայ երկու անգամ 8 փաթթէ իրարու մէջ երկու օղակ ստանալու համար:

Երիզին ծայրերը իրարու փակցուր: Ներսի օղակը քիչ մը աւելի փոքր պէտք է ըլլայ:

7.- Այս զոյգ օղակներն ալ մէջտեղէն տափակցուր եւ երկուքի ծալէ:

8.- Այս ձեւով ստացուած թիւերը փակցուր հրեշտակին մարմնին վրայ:

9.- Մնացած երկու երիզները փաթթելու համար կրնաս գործածել ատամնակրկիտ մը: Երիզին ծայրը դիր ատամնակրկիտին ծայրը եւ անոր շուրջ խիտ փաթթէ երիզը: Ապա զգուշօրէն հանէ ատամնակրկիտը, որպէսզի երիզը պահէ իր «օղակները»: Երիզին երկու ծայրերը փակցուր:

10.- Ամէնէն դուրսի օղակին վարի բաժինը սեղմէ անոր թռչունի մը թեւի կերպարանքը տալու համար:

11.- Գլխուն եւ ձեռքերուն համար կրնաս գործածել ուրիշ գոյնով թուղթ: Գլխուն եւ ձեռքերուն համար երիզները փաթթէ թեւերուն նման: Ձեռքերուն համար փաթթուած երիզը սեղմ պահէ եւ անոր ծայրը փակցուր: Մինչ գլխուն համար կրնաս փաթթուածքը թոյլցնել, որպէսզի օղակները քիչ մը աւելի մեծ ըլլան:

12.- Գլուխը, թեւերը եւ ձեռքերը փակցուր: Հրեշտակին մարմնին վրայ:

Ժամանց
Կրնա՞ս գտնել քաղցրեղէններուն հասցնող ճամբան:
Կրնա՞ս գտնել երկու պատկերներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող տասը տարբերութիւնները:
Կրնա՞ս գտնել իրարու նմանող կերպարները:
Նախորդը

Դահուկարշաւ. Լիբանանի Ֆետերասիոնը Կատարեց 2019-2020 Տարեշրջանին Մրցանակաբաշխութիւնը

Յաջորդը

Մտահոգուէք Ոչ Թէ Սփիւռքի, Այլ Սորոսի Կառոյցների Միջամտութիւնից…

RelatedPosts

Արհեստական Բանականութիւնը Կրնա՞յ Խօսիլ
Մանկապատանեկան

Արհեստական Բանականութիւնը Կրնա՞յ Խօսիլ

Հոկտեմբեր 11, 2025
Կրակներու Խաղեր Աշունը Տօնելու Համար
Մանկապատանեկան

Կրակներու Խաղեր Աշունը Տօնելու Համար

Հոկտեմբեր 4, 2025
Կրթութիւն Ստանալու Իրաւունքը
Մանկապատանեկան

Կրթութիւն Ստանալու Իրաւունքը

Սեպտեմբեր 27, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?