Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հին Շէնը Ապաշրջափակուած Է

Դեկտեմբեր 16, 2020
| Newsletter, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Մանրամասնութիւններ Բերդաձորի
Շրջանին Մէջ Տիրող Վիճակին Մասին

Շուշիի շրջանի Բերդաձորի ենթաշրջանին մէջ ստեղծուած լարուած իրավիճակին վերաբերեալ «Արմէնփրես»-ի հարցումներուն պատասխանած է Արցախի նախագահի մամլոյ քարտուղար Վահրամ Պօղոսեանը, որ ըսած է. «Ազրպէյճանական ուժերը փորձած են հայկական կողմին նկատմամբ ճնշում գործադրել` Հին Շէն տանող ճամբուն վրայ յենակէտ դնելով, սակայն ռուսական խաղաղապահ զօրակազմի միջամտութեան արդիւնքով կարելի եղած է ճամբէն հեռացնել ազրպէյճանական յենակէտը եւ ապաշրջափակել Հին Շէնը: Համայնքին մէջ այս պահուն (երէկ` 15 դեկտեմբերին, «Ա.») կը գտնուին թէ՛ պաշտպանութեան բանակի ներկայացուցիչներ, թէ՛ ալ ռուս խաղաղապահներ` ապահովելով համայնքի բնակիչներուն  անվտանգութիւնն ու խաղաղ եւ անարգել անցուդարձը»:

Իսկ ինչ կը վերաբերի այն տեղեկութիւններուն, թէ ազրպէյճանական կողմը բնակիչներուն գիւղը ձգելու համար 12 ժամ ժամանակ տուած էր,  Վահրամ Պօղոսեան ըսած է. «Այդ տեղեկութիւնները իրականութեան չեն համապատասխաներ: Խօսքը կը վերաբերէր պաշտպանութեան բանակի դիրքի մը մէջ գտնուող զինուորներուն: Ի պատասխան` հայկական կողմը մերժած է պահանջը, ու դիրքը այս պահուն կը գտնուի հայկական ուժերու վերահսկողութեան տակ»:

«Արմէնփրես»-ը մատնանշած է, որ լրատուամիջոցներուն մէջ տեղեկութիւններ ու տեսանիւթեր յայտնուած են, ըստ որոնց` եւս 100 հայ գերեվարուած է, հարցնելով Պօղոսեանին, թէ այդ տեղեկութիւնները որքանո՞վ հաւաստի են, Պօղոսեան պատասխանած է. «Պաշտպանութեան բանակը այդ տեղեկութիւնները չէ հաստատած, ուստի չեմ բացառեր, որ ազրպէյճանական աղբիւրները այդ լուրերը կը տարածեն դիտաւորութեամբ` լրացուցիչ լարուածութիւն ստեղծելու համար: Մենք, վստահաբար, հրատապ դրութեամբ, կ՛ուսումնասիրենք այդ նիւթերը` իրավիճակի ամբողջական պատկերը ստանալու համար: Աւելցնեմ, որ ենթաշրջանին մէջ պաշտպանութեան բանակն ու ռուս խաղաղապահ զօրախումբը աշխուժօրէն կ՛աշխատին լարուածութիւնը մեղմացնելու ու հաւանական բախումները կանխելու նպատակով:

 

Նախորդը

Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հետաքննութեանց Ծիրին Մէջ. Դատախազ Սուուան Այսօր Պիտի Հարցաքննէ Մեղադրեալ Նախարարները, Իսկ Տիապը` Ուրբաթ Օր

Յաջորդը

Վազգէն Մանուկեան Հանդիպում Ունեցած Է Լրատուական Կայքերու Խմբագիրներու Եւ Երիտասարդութեան Հետ

RelatedPosts

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»

Յուլիս 12, 2025
Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին  Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»
Գլխաւոր լուրեր

Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»

Յուլիս 12, 2025
Կալուզին. «Չի Բացառուիր, Որ Լեռնային Ղարաբաղէն  Հեռացածները Որոշ Փուլի Որոշեն Վերադառնալ.  Խաղաղապահներու Ներկայութիւնը Այս Մարդոց Համար  Պիտի Դառնայ Հանգստութեան Լրացուցիչ Գործօն»
Գլխաւոր լուրեր

Կալուզին. «Ռուսիա Պատրաստ Է Իր Ներդրումը Ունենալու Երեւանի Եւ Պաքուի Միջեւ Յարաբերութիւններու Կարգաւորման Հարցին Մէջ»

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?