Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութիւնը (ՀԱՊԿ) Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ համապարփակ խաղաղ համաձայնագիրի շուտափոյթ կնքման յոյս ունի: Այս մասին յայտարարած է կազմակերպութեան ընդհանուր քարտուղար Թաալաթպեք Մասատիքով:
«Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ կայուն երկխօսութիւնը կը նպաստէ կուտակուած հակամարտային ներուժի նուազեցման եւ հեռանկարային համագործակցութեան ենթակառոյցներու ձեւաւորման:
«Յոյսով ենք, որ երկու պետութիւններուն միջեւ համապարփակ խաղաղութեան համաձայնագիրը շուտով կը կնքուի», Եւրասիական անվտանգութեան հարցերով Մինսքի 4-րդ միջազգային խորհրդաժողովի ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ յայտարարած է Մասատիքով:


