Նետերլանտներու խորհրդարանը միաձայնութեամբ որդեգրած է բանաձեւ մը Արցախի բնակչութեան մնայուն անվտանգութեան ապահովման եւ Արցախի կարգավիճակի որոշման անհրաժեշտութեան մասին: Այս մասին կը հաղորդէ Նետերլանտներու խորհրդարանի կայքը:
Նետերլանտներու խորհրդարանի երեսփոխան Վատ տեր Կրաֆի, Ֆորտեւինտի, Օմցիխթի եւ Պիսխոփի միացեալ մշակուած բանաձեւին մէջ նշուած է. «Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի վերջնական լուծման, տեղւոյն բնակչութեան համար ամուր անվտանգութեան ապահովման եւ կարգավիճակ որոշելու հոլովոյթի նախաձեռնման հրատապ անհրաժեշտութիւն կայ: Այդ նպատակով կառավարութեան կոչ կ՛ուղղենք ջանքեր գործադրելու` ԵԱՀԿ¬ի Մինսքի խմբակի ծիրին մէջ»: