Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Նոր Քարտէս Եւ Նոր Սահման… Նոր Ողբ Եւ Նոր Աւեր

December 8, 2020
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Քանի մը օրէն ամիս մը պիտի ըլլայ, որ աւարտած է արցախեան նորագոյն պատերազմը, սակայն անոր անբուժելի խոցն ու վէրքը շշմեցուցած է հայորդին:

Արտասովոր է կացութիւնը, վիճակը:

Յետպատերազմեան տուայտանքի եւ տառապանքի իւրայատուկ օրեր կ՛ապրինք:

Հիմա արդէն ա՛լ յայտնի է, որ պատերազմի աւարտի օրերուն իսկ թշնամիին հակակշիռին տակ կը գտնուէին հարաւային շրջանները, ներառեալ` Հադրութը: Անցեալ քանի մը օրերուն, առանց փամփուշտ մը արձակելու, յանձնուեցան նաեւ Քարվաճառն ու Լաչինը, որոնք ընդհանրապէս մնացած էին անառիկ: Իսկ թէ նո՛յնքան անառիկ Շուշիին յանձնումը ինչպէ՞ս պատահեցաւ, այլ ողբերգութիւն:

Անտարակուսելիօրէն պէտք է ընդունինք, որ «Նոր պատերազմ, նոր հողատարածք» խօսքը կը պատկանի անկատար անցեալին: Այսօրուընէ սկսեալ հարցը ներկան ու ապառնին են, որոնք կը բնորոշուին` նոր քարտէս եւ սահման… նոր ողբ եւ աւեր  բացատրութեամբ:

Ինքնախոստովանութեան իմաստով` յայտարարութիւններ, նշումներ, բացայայտումներ, քննադատութիւններ, յուշեր եւ յիշատակումներ: Մէկը միւսը կ՛այպանէ: Մինչեւ իսկ նաւուն ընկղմած օրը պատասխանատու նաւավարը յանցանքը կը բեռցնէ նախկին նաւավարներուն, ալեկոծ ծովուն եւ նոյնիսկ նաւուն կարողութեան, նաւուն մէջ գտնուած ճամբորդներուն ուսերուն` առանց ակնթարթ մը գիտակցելու, հասկացողութիւն ցուցաբերելու, թէ ինքն է ղեկին տէրը ու վիթխարի ալիքներուն դէմ յանդիման եղող պատասխանատուն, չըսելու համար` այդ ալիքները տեսնող եւ կանխամիջոցի չդիմող նաւավարը:

Մէկ բան յստակ է. նոյեմբեր 10-էն ասդին Հայաստան հարուստ է վերլուծաբաններով, այնքա՜ն առատ, որ մարդս կը գայթակղի մտածելու, որ կարելի է անոնցմէ ստուար թիւ մը արտածել` յուսալով, որ անոնցմէ քաղուելիք եկամուտով կրնանք զարկ տալ երկրի վատթարացող տնտեսական վիճակի բարելաւման:

Ակնթարթ մը մէկդի դնենք Հայաստանի «դիմատետրեան հանրապետութեան» ( Facebook Republic of Armenia) վարչապետին եւ անոր հլու կամակատարներու մտայղացած երկբայ վերլուծումներն ու աներկբայ ձախողութիւնը. կը տեսնենք, որ անդին տասնեակներով այլ վերլուծաբաններ պատկերասփիւռի զանազան կայաններէ եւ համացանցի աշխարհին մէջ իրենց կարծիքներն ու հաստատումները կը շռայլեն հանրութեան:

Կ’ընդունինք, որ անոնց շարքին կան խոր եւ լուրջ գաղափարի տէր, ակադեմական մակարդակի վերլուծաբաններ, որոնք կը կազմեն ընտիր ցորենի միայն ու միայն մէկ փոքր մասնիկը` համեմատած մեծ քանակով որոմին, որուն փաղանգին մաս կը կազմեն  քաղաքականութենէ չհասկցողը եւ զայն ուտելիքի հետ շփոթողը, պղտոր ջուրի մէջ ձուկ որսացողն ու փաղաքշական նախադասութիւններով լեզուամարզանք կատարողը:

Անհիմն ու անհեթեթ լաւատեսութեամբ եւ լայպնիցեան տրամաբանութեամբ, այս նորելուկ վերլուծաբանները նոյնիսկ կը փորձեն ակներեւաբար հայորդին համոզել եւ անոր կլլեցնել յետպատերազմեան իրադարձութիւնները` նսեմացնելով մեր նորագոյն պատմութեան տխրագոյն էջերէն մէկը խմբագրած վարչապետ Փաշինեանի քստմնելի ոճիրը:

Այս ասեկոսէներու ամբոխահաճոյ խօսքերն ու բառամթերքը պումըրանկեան շարժումով մը իրենց վերադարձնելով` կրնանք պատասխանել.

«Տղա՛ք, մեծցէ՛ք, հասունութեա՛ն հասէք… ձեր աչքերն ու ականջները լա՛յն բացէք…»:

Գաղտնիք չէ այլեւս, եւ ո՛չ ոք իրաւունք ունի կոյր ձեւանալու. Քարվաճառի յանձնումէն ետք Սոթքի հանքի բաժանումը թափթփած եւ անկազմակերպ ձեւով կատարուած է, Նախիջեւանը Ազրպէյճանի միացնող` Մեղրիի առաջարկուած ճամբան յաւելեալ առեւտուրի դուռ չի բանար, այլ փապուղի մը կը ստեղծէ, որուն ճամբով օր մըն ալ Երեւանի Հիւսիսային պողոտային վրայ սպասարկուին ազրպէյճանական վառելանիւթ կամ ծխախոտ:

Դարձեալ հնչեցնենք ահազանգը. «Տղա՛ք, մեծցէ՛ք, հասունութեա՛ն հասէք,… ձեր աչքերն ու ականջները լա՛յն բացէք… Կործանումի սեմին ենք: Յանուն միասնականութեան` պարտուած երկրի մը ղեկավարը չի կրնար պաշտօնի վրայ մնալ: Ո՛չ ոք կրնայ ներել հայրենի հող յանձնողին: Գոնէ ամենադոյզն յարգանքը ունենանք նահատակուած հերոսներուն, կորսուածներուն եւ գերիներուն  հանդէպ»:

Նախորդը

Խմբագրական «Գանձասար»-ի. Հողին Տիրութիւն Ընել

Յաջորդը

Չեմպըրլէյնի Եւ Այլոց Օրինակին Հետեւէ՛ Եւ, Յանուն Աստուծոյ, Հեռացի՛ր

RelatedPosts

Եապանճօ Հարսին Օտար Առաջարկը
Անդրադարձ

Աշունը Գլուխը Երկարեց

October 28, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Թրքական Աշխարհի Ռազմական Համախմբումը. Ո՞ւր Է Հայաստանի Տեղը Նոր Աշխարհաքաղաքական Քարտէսին Վրայ

October 28, 2026
Հայաստանի Քաղաքական Փակուղին Եւ Անոր Յաղթահարման Նախադրեալները
Անդրադարձ

Ընտրութիւններու Եւ Պատերազմի Միջեւ

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.