Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական «Գանձասար»-ի. Հողին Տիրութիւն Ընել

Դեկտեմբեր 8, 2020
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հողին տիրութիւն ընելը կարեւոր է նոյնքան, որքան` անոր համար պատերազմիլը: Տիրութիւն ընել` զայն չլքելով, անոր վրայ ապրելով:

Եթէ ակնարկ մը նետենք պատմութեան էջերուն վրայ, պիտի տեսնենք, որ պատերազմներու աւարտին յաղթանակն ու պարտութիւնը զինեալ ուժերն ու մանաւանդ դիւանագիտական հմտութիւն ունեցող-չունեցողները, բանակցելու ճկունութիւն ունեցող-չունեցողները կը սահմանեն: Հողին վրայ ապրող ժողովուրդն ալ, սակայն, իր պայքարը կը մղէ` կառչած մնալով անոր: Որքան պարպուի հողը իր զաւակներէն, այնքան կը դիւրանան թշնամիին սադրանքներն ու անոր տիրանալու նկրտումները:

Այս գաղափարը ամրագրուեցաւ յատկապէս սուրիական պատերազմի տարիներուն, երբ ահաբեկչական խմբաւորումներ կը փորձէին հրթիռակոծելով խուճապի մատնել ժողովուրդը եւ զայն մղել, որ լքէ իր տունն ու տեղը վերջնականապէս. սուրիական բանակը, սակայն, տեւաբար կը յորդորէր ժողովուրդը` վերադառնալ եւ տիրութիւն ընել իր բնակարաններուն, մշակութային ժառանգութեան, հողին ու անոր հարստութիւններուն:

Արցախեան պատերազմի զինադադարէն ետք, յուսալքումի մատնուելու փոխարէն, անհրաժեշտ է քայլերու ձեռնարկել եղածը պաշտպանելու եւ կարենալ փրկելու կարելին` Արցախի կարգավիճակին, Արցախ-Հայաստան սահմաններուն, ժողովուրդին միջազգային օրէնքով ամրագրուած իրաւունքներու օրակարգերուն հետամուտ ըլլալով:

Յուսադրիչ է տեսնել Արցախ վերադարձող ընտանիքներու նկատառելի թիւը: Հողը չդատարկելը մեր ժողովուրդին յառաջիկայ քայլերուն ամէնէն էականն է: Արցախի տարածքային կառավարման եւ զարգացման նախարար Ժիրայր Միրզոյեանի համաձայն, ցարդ Հայաստանի Հանրապետութեան տարբեր շրջաններէ Արցախ վերադարձած են աւելի քան 55 հազար բնակիչներ: Ըստ անոր, ռուս խաղաղապահները ցարդ հաշուած եւ ընկերակցած են Գորիս-Բերձոր-Ստեփանակերտ մայրուղիէն վերադարձած աւելի քան 23 հազար արցախցիներու:

Ազրպէյճան պիտի ջանայ ամէն գնով պարպել Արցախը իր մարտունակ ժողովուրդէն, ա՛յն ժողովուրդէն, որ պարտութիւն պիտի չկրէր, եթէ Ազրպէյճան յանդգնութիւն ունենար առանձին պատերազմելու անոր դէմ, եթէ բանակցող մեր վարչապետը, համաձայն իր խոստումին, ժողովուրդին ու քաղաքական ուժերուն հետ համախորհուրդ մեկնէր այնպիսի ստորագրութեան, որ պիտի սահմանէր մեր երկրին ու ժողովուրդին ճակատագիրը տարածաշրջանին մէջ:

Քաղաքական ուժերուն պոռթկումին ու այս համաձայնագիրին մերժումին տուն տուող պատճառները անոր կէտերուն մէջ արցախահայութեան իրաւունքներուն եւ Հայաստանին ու Արցախին սպառնացող անընդունելի անտեսումներն են:

Քաղաքական ուժերն ու մեր ժողովուրդը կը գտնեն այդ լրացումները կատարելու միջոցները ներկայ պահուն, սակայն նոյնքան կարեւոր է` արցախաբնակ եւ հայաստանաբնակ մեր ժողովուրդի տագնապներուն լուծումներ որոնելը, գերիներու անփորձանք վերադարձի ապահովումը, անտուն մնացած, հայրենիքին նահատակ զաւակներ նուիրած հայ ընտանիքներուն ապաւէն գտնելն ու օժանդակելը, մանաւանդ` հայկական կողմին վերահսկողութեան տակ գտնուող տարածքներու բնակչութեան վերադարձը հայրենի տուն, հերոս մեր ազատամարտիկներուն արեամբ ողողուած հայրենի տուն, տիրութիւն ընելու անոր եւ աստիճանաբար վերականգնելու գէթ նիւթական կորուստները:

Արցախի Հանրապետութիւն կերտած, անոր համար ծով զոհողութիւններ յանձն առած մեր ժողովուրդի զաւակները անօթեւան պէտք չէ մնան, գերեվարուած մեր մարտիկներուն իրաւունքները պէտք չէ արհամարհուին: Մեր բոլորին պարտքն է նեցուկ կանգնիլ անոնց:

«Գ.»

Նախորդը

Չմոռնալու Համար Հայաստան-Արցախի Պարտութիւնը` Լսել Օտարները

Յաջորդը

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Նոր Քարտէս Եւ Նոր Սահման… Նոր Ողբ Եւ Նոր Աւեր

RelatedPosts

Ս. Յարութեան Հզօր Ազդեցութիւնը
Անդրադարձ

Հայ Օգնութեան Միութիւն (ՀՕՄ) (115-րդ Տարեդարձին Առիթով)

Հոկտեմբեր 18, 2025
Հաճնոյ Հերոսամարտը. Հայրենիքի Իմացութեան Անմահ Վկայութիւն
Անդրադարձ

Հաճնոյ Հերոսամարտը. Հայրենիքի Իմացութեան Անմահ Վկայութիւն

Հոկտեմբեր 18, 2025
Ժեներալը…
Անդրադարձ

Ժեներալը…

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?