Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Չեմպըրլէյնի Եւ Այլոց Օրինակին Հետեւէ՛ Եւ, Յանուն Աստուծոյ, Հեռացի՛ր

December 8, 2020
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

Կառավարման ժողովրդավարական համակարգի տէր պետութիւններու մէջ գայթակղութեան մը կամ ծանրակշիռ ձախողութեան մը պարագային երկրին ղեկավարը կը հրաժարի: Այսպէս` Արեւմտեան Գերմանիոյ ամէնէն ականաւոր վարչապետներէն Ուիլի Պրանտթ 1974-ին հրաժարեցաւ իր պաշտօնէն, երբ պարզուեցաւ, թէ իր մտերիմ օգնականներէն մէկը Արեւելեան Գերմանիոյ գաղտնի սպասարկութեան` Սթազիի գործակալ մըն է: Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ռիչըրտ Նիքսըն իր կարգին 9 օգոստոս 1974-ին հրաժարեցաւ «Ուոթըրկէյթ»-ի գայթակղութեան պատճառով:

Միւս կողմէ, Բրիտանիոյ վարչապետ Նեւիլ Չեմպըրլէյն 10 մայիս 1940-ին հրաժարեցաւ` Նորվեկիոյ մէջ իր երկրին կրած վարկաբեկիչ պարտութեան պատճառով բրիտանական խորհրդարանին մէջ 7-9 մայիսին տեղի ունեցած քննարկումներէն անմիջապէս ետք: Անոր տեղ վարչապետ նշանակուեցաւ Ուինսթըն Չըրչիլ: Նոյն օրը երեսփոխաններէն մէկը յայտարարեց. «Ոչ մէկ կառավարութիւն կրնայ մարդոց հոգիները փոխել: Մարդոց հոգիներն են, որ կառավարութիւններ կը փոխեն»: Ճշմարտութիւն մը, որ ակներեւ  արտացոլաց 5 դեկտեմբերին Երեւանի մէջ հայ ժողովուրդի արժանապատուութեան վերականգնման համար «Առանց Նիկոլի Հայաստան» խորագիրով համաժողովրդային բազմամարդ հանրահաւաքի ու երթի ընթացքին:

Պարզ է, որ 9 նոյեմբերին անձնատուական համաձայնութիւնը ստորագրելով` Նիկոլ Փաշինեան իրողապէս վերջ դրաւ իր քաղաքական կեանքին եւ իր իսկ ձեռքով իր մրոտած անունը սեւ մելանով արձանագրեց հայոց պատմութեան մէջ` Պետրոս Գետադարձի եւ Վեստ Սարգիսի նզովեալ անուններուն կողքին: Ան ընդունեց այդ ստորագրութեան առաջնորդած աղէտին համար իր պատասխանատուութիւնը, մինչեւ իսկ ինքզինք իրաւամբ ատոր թիւ մէկ պատասխանատուն նկատեց, սակայն…:

9 նոյեմբերին մերկացած թագաւորը ահա ամիսէ մը ի վեր կը շարունակէ քաղաքական դաշտին վրայ սիրամարգի նման անամօթաբար  շրջագայիլ ու իր բարոյահոգեբանական մերկութիւնը` մենատիրական ոգին ցուցադրել: Ան այդպիսով յաչս եւ ի գիտութիւն համայն հայ ժողովուրդին ու աշխարհին Լուտովիկոս ԺԶ.-ի նման կը յայտարարէ` «ես եմ պետութիւնը», եւ իր բացարձակապաշտութեամբ մեր հայրենիքը կը հեռացնէ ժողովրդավարական արժեհամակարգէն` զայն տանելով դէպի, հայու ոգիին համար անհանդուրժելի, բռնատիրութիւն` վկայ Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան աշխուժ ու անտեղի օգտագործումը:

7-9 մայիս 1940-ին, բրիտանական խորհրդարանին մէջ քննարկումներուն ընթացքին, Չեմպըրլէյնի կուսակից երեսփոխան Լէօ Ամըրի իր մեծ տպաւորութեան ձգած խօսքը` աւարտած է յիշեցնելով Օլիվըր Քրոմուելի խօսքը` ուղղուած «Երկարատեւ խորհրդարան»-ին (1640-1660), երբ զայն այլեւս անկարող նկատած է պետութիւնը կառավարելու, «Դուք այստեղ չափազանց երկար նստած էք ինչ լաւութեան համար ալ, որ ըրած էք: Հեռացէ՛ք կ՛ըսեմ ձեզի, եւ մեզ ձերբազատեցէ՛ք ձեզմէ: Յանուն Աստուծոյ` հեռացէ՛ք»:

Հայաստանի վարչապետութեան աթոռին կառչած Փաշինեան պէտք է Ուիլի Պրանտթի, Ռիչըրտ Նիքսընի եւ մանաւանդ Նեւիլ Չեմպըրլէյնի օրինակներուն հետեւի, մանաւանդ որ իր արձանագրած ձախողութիւնն ու ատոր հետեւանքը անհամեմատ աւելի մեծ ու ծանր են: 5 դեկտեմբերին աշխարհասփիւռ հայ ժողովուրդը իր ձայնը միացուց Երեւանի «Ազատութեան» հրապարակին մէջ հաւաքուած բազմահազարներուն եւ Նիկոլ Փաշինեանը հրաւիրեց ճիշդ այդ մէկը կատարելու:

Յանուն Աստուծոյ, հեռացի՛ր. ինքնակամ, արժանապատիւ, խաղաղ ու անցնցում կերպով հեռացի՛ր եւ թոյլ տուր, որ մեր խոր վէրքը դարմանելով ոտքի կանգնինք` աւելի հզօր, քան երբեք:

 

 

Նախորդը

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Նոր Քարտէս Եւ Նոր Սահման… Նոր Ողբ Եւ Նոր Աւեր

Յաջորդը

Ֆրանսայի Կառավարութիւնը Մերժեց Նաեւ Խորհրդարանին Որոշումը` Ղարաբաղի Վերաբերեալ

RelatedPosts

Եապանճօ Հարսին Օտար Առաջարկը
Անդրադարձ

Աշունը Գլուխը Երկարեց

October 28, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Թրքական Աշխարհի Ռազմական Համախմբումը. Ո՞ւր Է Հայաստանի Տեղը Նոր Աշխարհաքաղաքական Քարտէսին Վրայ

October 28, 2026
Հայաստանի Քաղաքական Փակուղին Եւ Անոր Յաղթահարման Նախադրեալները
Անդրադարձ

Ընտրութիւններու Եւ Պատերազմի Միջեւ

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.