Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԹՈՒՆՈՒԶԻ ԳԱՐՆԱՆ ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ «ՁՄԵՌ» ԿԸ ՍՊԱՌՆԱՅ

January 24, 2012
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Տարի մը առաջ, յունուարին կիսուն, թունուզցիները տապալեցին Զէյն Ապըտին Պըն Ալիի բռնապետութիւնը` արաբական գարնան առաջին համաժողովրդական յեղափոխութեամբ: Ատիկա ապստամութիւն մըն էր, որ աւելի հրահրուած էր գործազուրկներու զայրոյթով, բայց ինչպէս Պի. Պի. Սի.ի Ուէյր Տէյվիս Թունուզէն կը տեղեկացնէ, տնտեսական կացութիւնը չէ բարելաւուած:

Տարի մը առաջ Թունուզի փողոցները մարտադաշտ էին: Տարազաւոր եւ հագուստներով ոստիկանութիւնը բախում ունեցաւ ժողովրդավարամէտ ցուցարարներու հետ:

Արդ օրերը հոգեվարքի օրերն էին բռնապետութեան մը, որ 23 տարիներ տիրած էր, իշխած էր:

Ճնշումի ձեռնակապերը այսօր ինկած են: Մարդիկ նոյն փողոցներէն ժպտերես կ՛երթեւեկեն, բարձրաձայն կը զրուցեն, այլեւս առանց վախնալու, որ ո՛վ զիրենք կրնայ ըլլալ կը լսէ:

Երեւութապէս, առնուազն ասիկա շատ փոխուած երկիր մըն է:

Ես «Քալիմա» ձայնասփիւռի կայանէն քաղաքական քննարկումի մը մասնակցեցայ: Ռատիօ «Քալիման» այլեւս աքսորուած ալիք մը չէ, այլ վերահաստատուած է Թունուզի մայրաքաղաքին մէջ:

«ՃԻՇԴ ՈՒՂՂՈՒԹԻՒՆ»

Երկրի մը մէջ, ուր լրագրողներն ու այլախոհները կանոնաւոր կերպով կը խոշտանգուէին կամ կը ձերբակալուէին, յառաջընթացը դանդաղ է: Սիհամ Պենսետրին ձայնասփիւռի կայանին խմբագրապետն է եւ նախկին քաղաքական բանտարկեալ մը` հին վարչակարգի ատեն:

«Անշուշտ աւելի վատ է: Ես 30 տարեկան եմ: Համալսարանաւարտ եմ, բայց գործազուրկ եմ»
Ահմետ Մաթլուս, երեք տարիէ գործազուրկ

«Որոշ առումներով, Արաբական գարունները ձմեռ դարձան: Պաշտօնատարներու հին պահակագունդը տակաւին հոն է, նորին հետ կը գոյակցի, բայց, այո, ես կը կարծեմ, որ հարցերը ճիշդ ուղղութեամբ կ՛երթան», ըսաւ Սիհամ Պենսետրին:

Մինչ ընդհանուր գոհունակութիւն կայ աշնան տեղի ունեցած սահմանադրական ընտրութիւններուն մասնակցութեան ընթացքին եւ արդիւնքին գծով, յեղափոխութենէն ի վեր կեանքի այլ երեւոյթներ թերեւս աւելի վատ են:

Ասիկա անշուշտ տեսակէտն է երիտասարդներու (շատեր ուսանած, բայց գործազուրկ), որոնց ես հանդիպեցայ Թունուզի մէջ, աշխատանք հայթայթող կեդրոնի մը մէջ:

Երկար հերթեր, բայց տրամադրելի շատ քիչ լաւ աշխատանքներ կը մատնեն այն բիրտ իրականութիւնը , որ շատերու համար որոշ բաներ չեն բարելաւուած (նոյնիսկ երեք տարիէ գործազուրկ 28-ամեայ Ահմեթ Մաթլուսի նման լաւ ուսանած շրջանաւարտներուն համար):

«Անշուշտ շատ աւելի վատ է: Ես 30 տարեկան եմ: Համալսարանի վկայական ունիմ, բայց աշխատանք չունիմ», կ՛ըսէ, ան` ափսոսալով: Ան, ինչպէս շատեր, առիթներու բացակայութեան համար կը մեղադրէ փտածութիւնն ու շարունակուող խնամիականութիւնը, ազգականներու պաշտօններ տալու երեւոյթը:

ԴԱՏԱՐԿ ԾՈՎԵԶԵՐՔ

Թունուզի տնտեսական կացութիւնը լուրջ մտահոգութիւն մըն է, որովհետեւ եթէ հարցերը չբարելաւուին, յեղափոխութեան լաւ աշխատանքին մեծ մասը կրնայ չքանալ:

Տնտեսական դժուարութիւնները կը հարուածեն զբօսաշրջութիւնը:

Զբօսաշրջութիւնը, օրինակ, տնտեսութեան վճռորոշ, հիմնական մասն է (ցարդ` երկրին օտար դրամանիշ շահող միակ մարզը):

Բայց ծովեզերեայ լողաւազանները Համմամաթի եւ այլ առաջնակարգ զբօսավայրերու մէջ դատարկ են, մինչ կ՛անկալէի տեսնել հիւսիսային Եւրոպայէն այցելուներ, որոնք ձմեռնային արեւը կը վայելեն: Այցելուներու թիւը անցեալ տարուան ընթացքին գրեթէ 50 առ հարիւրով նուազած է:

Ձի եւ կառք վարողներ կ՛երթեւեկեն ծովեզերքը` փնտռելով զբօսաշրջիկներ, որոնք հոն չեն:

«Զբօսաշրջութիւնը ամբողջովին մեռած է», կ՛ըսէ վարորդ մը, որ չորս երեխաներով ընտանիքի հայր մըն է:

Ան կ՛աւելցնէ. «Մեզմէ շատեր յուսահատած են: Դուք չէք կրնար ամբողջ օրը սպասել յաճախորդներու, եթէ զբօսաշրջիկներ չկան»:

Թունուզ Արաբական գարնան յառաջապահն էր:

Կան քաղաքական որոշ լարուածութիւններ Չափաւորական իսլամական «Նհատա» կուսակցութիւնը կը գլխաւորէ անցումային միասնական կառավարութիւն մը, բայց անորոշ տնտեսութիւն մը ամուր, պինդ բռնելը կրնայ բանալին ըլլալ յեղափոխութեան վերջնական յաջողութեան կամ ձախողութեան:

Նախորդը

«ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ՀԱՅ ԻՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ» ՊԱՏԿԵՐԱՑՄԱՆ ԱՌԱՋԱԴՐԱՆՔՈՎ. «ՍՓԻՒՌՔԸ ԽԻՍՏ ԿԱՐԵՒՈՐ ԴԵՐ ՈՒՆԻ ՀԱՅՐԵՆԻՔԻ ՅԱՌԱՋԴԻՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ» «ԱԶԴԱԿ»-ԻՆ ԸՍԱՒ ՎԱՀԱՆ ԶԱՆՈՅԵԱՆ

Յաջորդը

ՓՈՒՆՃԱՊԻ ԿԱՌԱՎԱՐԻՉԸ ՍՊԱՆՆՈՂԸ ԻՆՉՊԷ՞Ս ՀԵՐՈՍ ԵՂԱՒ

RelatedPosts

Գետ-Գիտութեան. Ինչպէ՞ս 1982 Թուականի Թայլենոլի Սպանութիւնները Փոխեցին Դեղերու Օգտագործման Ձեւը
Միջազգային

Գետ-Գիտութեան. Ինչպէ՞ս 1982 Թուականի Թայլենոլի Սպանութիւնները Փոխեցին Դեղերու Օգտագործման Ձեւը

December 19, 2023
Գետ-Գիտութեան. Zipline International. Տրոններով Արեան Առաքման Ծառայութիւն
Միջազգային

Գետ-Գիտութեան. Zipline International. Տրոններով Արեան Առաքման Ծառայութիւն

December 15, 2023
Գետ-Գիտութեան. Քարիւղը (Մաս Գ.) Քարիւղը Հանածոյ Վառելանիւթ Է Եւ Ուժանիւթի Ոչ Վերականգնուող Աղբիւր
Միջազգային

Գետ-Գիտութեան. Քարիւղը (Մաս Գ.) Քարիւղը Հանածոյ Վառելանիւթ Է Եւ Ուժանիւթի Ոչ Վերականգնուող Աղբիւր

November 28, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.