Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Զինադադա՞ր, Թէ՞ Անձնատուութիւն. Արցախեան Համաձայնագիրը Պէտք Է Փոփոխութեան Ենթարկուի

Դեկտեմբեր 8, 2020
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր

Հայաստանի վարչապետի եւ Ազրպէյճանի ու Ռուսիոյ նախագահներու համատեղ յայտարարութիւնը, որ հրապարակուեցաւ 9 նոյեմբեր 2020-ին, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ ներկայացուեցաւ իբրեւ զինադադարի փաստաթուղթ եւ ոչ թէ` Արցախի հարցի վերջնական լուծում:

Թէեւ այս համաձայնագիրը վերջ դրաւ շարունակուող պատերազմին, սակայն իրականութեան մէջ անիկա աւելին էր, քան զինադադարը: Անիկա կը ներառէր 1990-ական թուականներուն հայերու կողմէ ազատագրուած տարածքներու մեծ մասի վերադարձը Ազրպէյճանին: Անիկա Ազրպէյճանին նաեւ այլ զիջումներ ըրաւ, որոնք Արցախի հետ կապ չունին: Հետեւաբար այս փաստաթուղթը անձնատուութիւն է Հայաստանի համար:

Այս «Յայտարարութիւնը» անորոշ կերպով կազմուած փաստաթուղթ մըն է, որ լուրջ ճշգրտումի, եթէ չըսենք`  վերստին  բանակցելու  եւ  լուրջ  պարզաբանման  կարիքը  ունի: Ես կը մեկնաբանեմ այս «Յայտարարութեան» բոլոր ինը կէտերը.

Այս «Յայտարարութեան» առաջին արտասովոր կէտը այն է, որ թէեւ երեք ղեկավարները պայմանաւորուեցան դադրեցնելու մարտերը «ներկայիս գտնուած իրենց դիրքերուն մէջ» (կէտ 1), հայկական կողմը պարտաւոր է վերադարձնելու այն հողերը, զորս Ազրպէյճան չէր նուաճած: Կրակի դադրեցման պայմանը  ընդհանրապէս  կը մատնանշէ կրակի  դադրեցում  շփման  կէտին վրայ եւ կողմերու միջեւ եղած տարակարծութիւններու հետագայ կարգաւորումը բանակցութիւններու սեղանին շուրջ: Ահա թէ ինչո՛ւ ես այս համաձայնագիրը կը կոչեմ անձնատուութիւն, այլ ոչ թէ` զինադադար:

Երկրորդ դիտարկումս այն է, որ «Յայտարարութիւն»-ը կոչ կ՛ընէ Աղտամի շրջանը վերադարձնելու Ազրպէյճանին` առանց այդ տարածքը վերադարձնող հայկական կողմին անունը  նշելու (կէտ 2): Այսուամենայնիւ, «Յայտարարութեան» 6-րդ կէտին մէջ Հայաստանի Հանրապետութիւնը կը նշուի իբրեւ կողմ, որ Քելբաջարի եւ Լաչինի շրջանները պարտաւոր է վերադարձնելու Ազրպէյճանին: Ասիկա լուրջ սխալ է Հայաստանի կողմէ, քանի որ Արցախի եւ յարակից տարածքներու ազատագրումը մշտապէս ներկայացուած է Արցախի հայկական ուժերու կողմէ կատարուած, այլ ոչ թէ` Հայաստանի: «Յայտարարութեան» մէջ նշուած այս նախադասութեամբ Հայաստան կ՛ընդունի, որ ինք գրաւած է այդ տարածքները` այսպիսով ստանձնելով  իրաւական  պատասխանատուութիւն` միջազգային դատարանի կողմէ նշանակուած որեւէ փոխհատուցման համար Ազրպէյճանին: Յղումը` «Հայաստանի Հանրապետութեան», պէտք է փոխարինուի «հայկական ուժերով»:

«Յայտարարութեան» 3-րդ կէտ. Արցախի մէջ Ռուսիոյ խաղաղապահ ուժերու թիւը կը նշուի 1960: Սակայն կան տեղեկութիւններ, որ հոն հիմա աւելի շատ ռուսական զօրք կայ, եւ կրնայ ըլլալ, որ ապագային շատ աւելի ըլլայ: Ասիկա շեղում է «Յայտարարութենէն», ինչ որ կը  նշանակէ, որ այս համաձայնագրին մէջ կարելի է նաեւ ուրիշ փոփոխութիւններ կատարել:

«Յայտարարութեան» 4-րդ կէտ. ռուս խաղաղապահներուն յանձնարարուած է հինգ տարի մնալ երկու կողմերու միջեւ, եթէ Հայաստան կամ Ազրպէյճան անոնցմէ չպահանջեն հեռանալ` հինգ տարիէն վեց ամիս առաջ: Թէեւ հասկնալի է, որ ոչ մէկ խաղաղապահ կրնայ յաւերժ մնալ, այս դրոյթը պէտք է անհանգստացնէ հայերը, որովհետեւ նախագահ Ալիեւ յայտարարած է, որ Ազրպէյճան կ՛ուզէ վերադարձնել ամբողջ Արցախը, ոչ թէ` միայն անոր մէկ մասը: Ուստի, ամենայն հաւանականութեամբ, Ազրպէյճան Ռուսիայէն կը պահանջէ իր զօրքերը դուրս բերել 4, 5 տարի անց` դուռ բանալով ազրպէյճանական կողմէ Արցախի ամբողջական գրաւման: Նոյնիսկ` աւելի վատ, ռուսական զօրքերը կրնան շատ աւելի շուտ դուրս գալ, եթէ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ պատերազմ սկսի:

«Յայտարարութեան» 5-րդ կէտին մէջ կը նշուի, որ «կրակի դադրեցման վերահսկողութեան համար պէտք է ստեղծուի «խաղաղապահ կեդրոն»` առանց նշելու, թէ ո՛վ պիտի ղեկավարէ նման կեդրոն մը: Այս «Յայտարարութեան» ստորագրումէն քանի մը օր անց յայտնի դարձաւ, որ Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ զօրքերը միասին պիտի կառավարեն այս կեդրոնը, որ պէտք է տեղակայուի Ազրպէյճանի տարածքին մէջ` Արցախէն դուրս: Ասիկա, հաւանաբար, նախագահ Փութինի կողմէ զիջում էր Թուրքիոյ` թրքական զօրքերուն թոյլ չտալու համար, որ միանան ռուս խաղաղապահներուն:

«Յայտարարութեան» 6-րդ կէտը Հայաստանէն կը պահանջէ 15 նոյեմբեր 2020-ին Քելբաջարը վերադարձնել Ազրպէյճանի: Այս ամսաթիւը հետագային փոխուեցաւ 25 նոյեմբերի: Ասիկա մէկ անգամ եւս ցոյց  կու տայ, որ կարելի է փոփոխութեան ենթարկել «Յայտարարութեան» պայմանները: 6-րդ կէտը նաեւ կոչ կ՛ընէ կառուցելու նոր երթուղի «յառաջիկայ երեք տարուան ընթացքին»` Արցախը Հայաստանի հետ կապելու համար, շրջանցելով Շուշին, որ ներկայիս գրաւուած է Ազրպէյճանի կողմէ:

«Յայտարարութեան» 7-րդ կէտը կը նախատեսէ, որ «ներքին տեղահանուած մարդիկ եւ գաղթականներ պէտք է վերադառնան Լեռնային Ղարաբաղի տարածք եւ յարակից տարածքներ` ՄԱԿ-ի գաղթականներու հարցերով գերագոյն յանձնակատարի վերահսկողութեան տակ»: Կ՛ենթադրուի, որ ինչպէս ազրպէյճանցի, այդպէս ալ հայ գաղթականները իրաւունք կ՛ունենան վերադառնալու իրենց տուները Արցախի մէջ եւ յարակից տարածքներ: Կասկածելի է, որ հայերը կ՛ուզեն վերադառնալ Ազրպէյճանի վերահսկողութեան տակ գտնուող տարածքներ: Յստակ չի նշուիր, թէ արդեօք ազրպէյճանցի գաղթականները իրաւունք ունի՞ն վերադառնալու Արցախի կողմէ վերահսկուող հայկական տարածք, ինչ որ կրնայ բախումներ յառաջացնել երկու համայնքներու միջեւ:

«Յայտարարութեան» 8-րդ կէտը կը պահանջէ «փոխանակել ռազմագերիները, պատանդները եւ կալանաւորուած  այլ  մարդիկ եւ  դիակները»:  Այսուամենայնիւ, վերջնական ժամկէտ  չէ սահմանուած նման փոխանակման համար: Քանի  որ  շատ  աւելի  հայ,  քան ազրպէյճանցի գերիներ կան, ասիկա լուրջ հարց պիտի ստեղծէ մեր գերեվարուածներու ընտանիքներուն համար, որոնց զաւակները Ազրպէյճանի կողմէ կ՛ենթարկուին բարբարոսական վերաբերումի:

«Յայտարարութեան» 9-րդ կէտը ամէնէն կարեւորն ու ամէնէն վտանգաւորն է Հայաստանի ապագային համար: Անիկա կոչ կ՛ընէ միջանցք ստեղծել Ազրպէյճանի հիմնական տարածքի եւ Նախիջեւանի միջեւ` Հայաստանի հարաւային հատուածով, Իրանի սահմանի մօտակայքը: Ասիկա կարմիր գիծ է, որ Հայաստանի ոչ մէկ ղեկավար իրաւունք ունէր հատելու: Ասիկա կը վտանգէ Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխանութիւնը եւ տարածքային ամբողջականութիւնը: Նման միջանցք մը եղած է փանթուրանական վաղեմի երազանք` ցամաքային ճանապարհով Թուրքիան միացնելու Ազրպէյճանին եւ անկէ ետք` Կեդրոնական Ասիոյ մնացած թրքական հանրապետութիւններուն: Ասիկա կէտ մըն է, որ Փաշինեան պէտք էր կտրականապէս մերժէր ընդունիլ: Յոյսով եմ, որ շատ ուշ չէ փոխելու այս դաւաճանական դրոյթը: Կարելիութիւններէն մէկը այն է, որ եթէ Ազրպէյճան խախտէ «Յայտարարութեան» որեւէ կէտ, Հայաստան այնուհետեւ անվաւեր կը համարէ համաձայնագրի 9-րդ կէտը: Օրինակ, եթէ ազրպէյճանական ուժերը յարձակին Արցախի ներկայիս հայաբնակ հատուածին վրայ կամ փակեն Լաչինի նոր միջանցքը, ապա Հայաստան կրնայ փակել Հայաստանի հարաւը գտնուող ազրպէյճանական միջանցքը: Մէկ այլ հնարաւորութիւն կրնայ ըլլալ հինգ տարի անց, եթէ Ազրպէյճան պահանջէ ռուս խաղաղապահներէն լքել Արցախը: Ատկէ ետք Հայաստան կրնայ փակել իր տարածքը հատող ազրպէյճանական միջանցքը, քանի որ «Յայտարարութիւնը» կը պահանջէ, որ ռուսական զօրքերը  երաշխաւորեն  այս  միջանցքի  անվտանգութիւնը:  Փաշինեանի  բացատրութիւնը,  որ այս դրոյթը թոյլ կու տայ Հայաստանի` օգտագործել Նախիջեւանի եւ Ազրպէյճանի մէջով գոյութիւն ունեցող երկաթգիծը` բեռներ Ռուսիա տեղափոխելու համար երազանք է: Ոչ մէկ հայկական բեռի թոյլ կու տան, որ անցնի Նախիջեւանով կամ Ազրպէյճանով: Աւելի՛ն. այս միջանցքը կը մեկուսացնէ Հայաստանը Իրանէն, որ Հայաստանի համար կարեւոր սահման է: Հայաստանի եւ Իրանի համար իրավիճակը աւելի վատթարացնելու համար Ազրպէյճան կը նախատեսէ կազատար եւ երկաթուղային գիծեր կառուցել այս միջանցքով` այդպիսով շրջանցելով Իրանի տարածքը, ինչ որ Իրանը կը զրկէ շահութաբեր եկամուտներէ:

Ամէնէն զարմանալին այն է, որ «Յայտարարութիւնը» չի նշեր Թուրքիոյ կողմէ Ազրպէյճան բերուած ժիհատական վարձկաններու մասին:  Այս ահաբեկիչներու ներկայութիւնը միջազգային իրաւունքի խախտում է եւ լուրջ վտանգ կը ներկայացնէ Ռուսիոյ, Իրանի, ինչպէս նաեւ Հայաստանի համար: Ասիկա ճիշդ այն է, ինչ որ մատնանշեց Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարը վերջերս Հայաստան կատարած այցելութեան ատեն: Այս բացթողումը պէտք է շտկուի անմիջապէս` «Յայտարարութեան» մէջ նոր կէտ աւելցնելով` պահանջելով Ազրպէյճանէն հեռացնել սուրիացի վարձկանները իր տարածքէն:

Ի լրումն այս յատուկ կէտերուն, ստորագրուած «Յայտարարութիւնը» պէտք չէ համարուի իրաւական փաստաթուղթ, քանի որ ո՛չ Հայաստանի Սահմանադրական դատարանը, ո՛չ ալ Հայաստանի խորհրդարանը հաստատած են զայն:  Փաշինեան իրաւունք չունի առանձինն փաստաթուղթ ստորագրելու Հայաստանի Հանրապետութեան անունով` առանց համապատասխան մարմիններու համաձայնութեան, ինչպէս կը պահանջէ սահմանադրութիւնը:

Հայաստան այժմ առաւելագոյնը հինգ տարի ժամանակ ունի ռազմական հզօրացման համար` ստեղծելով կամ ձեռք բերելով ժամանակակից զինական համակարգեր, որպէսզի կարենայ ետ մղել Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ նոր յարձակումը Արցախի կամ Հայաստանի վրայ: Ինչպէս նշուած է նախապէս, Հայաստան պէտք է անյապաղ ճանչնայ Արցախը կա՛մ որպէս անկախ պետութիւն, կա՛մ որպէս Հայաստանի Հանրապետութեան մաս, այդ ճանաչումը որպէս սակարկութեան քարտ օգտագործելով` Ազրպէյճանի հետ  բարելաւելու համար համաձայնագիրը բանակցութիւններու մէջ:

Արեւելահայերէնի թարգմանեց`
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ

Արեւմտահայերէնի վերածեց`
ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ

 

Նախորդը

«Ինչո՞ւ Եղաւ Այդպէս». «Փութինի» Բացատրական Նամակը Զօրի Բալայեանին

Յաջորդը

Չմոռնալու Համար Հայաստան-Արցախի Պարտութիւնը` Լսել Օտարները

RelatedPosts

Ս. Յարութեան Հզօր Ազդեցութիւնը
Անդրադարձ

Հայ Օգնութեան Միութիւն (ՀՕՄ) (115-րդ Տարեդարձին Առիթով)

Հոկտեմբեր 18, 2025
Հաճնոյ Հերոսամարտը. Հայրենիքի Իմացութեան Անմահ Վկայութիւն
Անդրադարձ

Հաճնոյ Հերոսամարտը. Հայրենիքի Իմացութեան Անմահ Վկայութիւն

Հոկտեմբեր 18, 2025
Ժեներալը…
Անդրադարձ

Ժեներալը…

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?