ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ
90 տարուան ընթացքին, ԼՕԽ-ի մեծ ընտանիքէն առյաւէտ բաժնուած, երկար տարիներ ԼՕԽ-ի գործունէութեան կամաւոր կերպով ծառայած սիրելիներուն յիշատակը յարգելու նպատակով, կիրակի, 6 դեկտեմբեր 2020-ին, ԼՕԽ-ի հանգուցեալ հիմնադիրներու, բարերարներու եւ անդամուհիներու հոգւոյն տեղի պիտի ունենայ հոգեհանգստեան պաշտօն, Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. եւ անմահ պատարագի:
«ՔՈՐՈՆԱ» ԺԱՀՐԻՆ ՊԱՏՃԱՌՈՎ ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆԸ
ԵՒ ՀՈԳԵՀԱՆԳՍՏԵԱՆ ՊԱՇՏՕՆԸ ՊԻՏԻ ՍՓՌՈՒԻՆ ԼՕԽ-Ի ԴԻՄԱՏԵՏՐԻ ԷՋԷՆ`
ARMENIAN RELIEF CROSS OF LEBANON/ ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ԽԱՉ
ԼՕԽ-Ի ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ
ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ
————————————-
ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ
ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ՊԷԼԵԱՆի մահուան քառասունքին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 6 դեկտեմբեր 2020-ին, Նոր Ատանայի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի:
—————————————
ԵՐՈՒԱՆԴ ՍԹԱՆՊՈՒԼԵԱՆի (Չելիկ) մահուան Ա. տարելիցին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 6 դեկտեմբեր 2020-ին, Այնճարի Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի:
—————————————
Կ՛ՈՒԶՈՒԻ
Ոսկերչատուն մը կարիքը ունի վարպետի` մաթրիքսի, ոսկերիչի (սետեքեր), ադամանդաշարի, եւ ոսկի փայլեցնողի: Հեռ. 01-266514 կամ 03-207772:

